ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅԵԱՑՔԻ ԼՈՅՍԻՆ ՄԷՋ
Կեանքը մեզի միշտ չի պարգեւեր այն, ինչ որ կը փափաքինք։ Երբեմն ան կը բերէ փորձութիւններ, կորուստներ, անորոշութիւն եւ լուռ ցաւեր։ Սակայն, նոյն այդ կեանքը, նոյն այդ օրերը, տարբեր աչքերով դիտող երկու մարդոց համար բոլորովին տարբեր իմաստ կրնան ունենալ։ Մէկը ամէն տեղ պակասը կը տեսնէ, իսկ միւսը նոյն պայմաններուն մէջ շնորհակալութեան հազար պատճառ կը գտնէ։ Ահա՛, թէ ինչու երջանկութիւնը արտաքին պայմաններու մէջ չէ, այլ՝ մեր ներաշխարհին։
Բազում մարդիկ կը կարծեն, թէ երջանկութիւնը կը սկսի այն օրը, երբ աւելի մեծ տուն ունենան, աւելի բարձր պաշտօն, աւելի շատ դրամ կամ աւելի ապահով ապագայի տիրանան։ Բայց իրականութիւնը յաճախ հակառակն է։ Կան մարդիկ, որոնք ամէն ինչ ունին, սակայն, իրենց սիրտը դատարկ է, որովհետեւ անոնք կորսնցուցած են տեսնելու կարողութիւնը։ Իսկ կան ուրիշներ, որոնք քիչով կ՚ապրին, բայց ամէն առաւօտ արեւու առաջին շողին նոր յոյս կը գտնեն։
Կեանքի գեղեցկութիւնը անոր կատարելութեան մէջ չէ։ Ան կը թաքնուի մանրուքներու մէջ՝ սիրելի մարդու մը ժպիտին, երեխայի անկեղծ ծիծաղին, անձրեւէն ետք հողի բոյրին, բաժակ մը տաք սուրճին կամ լուռ երեկոյեան խաղաղութեան մէջ… Ով որ կը սորվի գնահատել այս պարզ պահերը, կը նշանակէ, թէ ան արդէն իսկ մեծ հարստութիւն ունի, որովհետեւ երջանկութիւնը սովորութիւն է, ո՛չ թէ պատահականութիւն։
Մեր հայեացքը կը ձեւաւորէ մեր աշխարհը։ Երբ սիրտը լեցուն է դժգոհութեամբ, նոյնիսկ ամենագեղեցիկ օրը մռայլ կը թուի։ Իսկ երբ մարդը կը սորվի ընդունիլ կեանքը իր բոլոր գոյներով, նոյնիսկ ամպամած երկինքը կրնայ իրեն համար գեղեցիկ դառնալ։ Ո՛չ թէ որովհետեւ խնդիրները անհետացած են, այլ որովհետեւ ան փոխած է իր նայուածքը։
Երջանկութիւնը նաեւ համեմատելէ հրաժարելու մէջ է։ Երբ ուրիշներու կեանքը մեր չափանիշը կը դառնայ, կամաց-կամաց կը մոռնանք մեր ունեցած օրհնութիւնները։ Ամէն մարդ իր ճամբան ունի, իր ժամանակը, իր պայքարը եւ իր պատմութիւնը։ Երբ կը դադրինք ուրիշներուն նմանիլ փորձելէ, կը սկսինք բացայայտել մեր իսկ կեանքին իրական արժէքը։
Ամէն օր ընտրութիւն մըն է։ Կարելի է արթննալ ու բողոքել այն բաներէն, որոնք պակաս են, կամ արթննալ ու շնորհակալ ըլլալ այն բաներուն համար, որոնք տակաւին մեզի հետ են։ Այս ընտրութիւնը փոքր կը թուի, բայց տարիներու ընթացքին ամբողջ կեանք մը կը փոխէ։ Որովհետեւ մեր մտքերը կը դառնան մեր զգացումները, զգացումները՝ մեր սովորութիւնները, իսկ սովորութիւնները՝ մեր ճակատագիրը։
Կեանքը երբեք ամբողջովին մեր ուզածին պէս պիտի չըլլայ։ Բայց մեր հոգին կրնայ միշտ ընտրել խաղաղութիւնը, բարութիւնը եւ յոյսը։ Ահա այդ ընտրութիւնն է, որ սովորական օրը կը վերածէ օրհնութեան եւ սովորական մարդը՝ երջանիկ մարդու։
Ուստի, երջանկութիւնը այն տեղը չէ, ուր կ՚ապրիս, ո՛չ ալ այն հարստութիւնը, զոր կը կուտակես։ Ան այն լոյսն է, որով կը նայիս աշխարհին։ Երբ այդ լոյսը սրտիդ մէջ վառ մնայ, նոյնիսկ ամենաերկար գիշերը չի կրնար մարել քու ներսիդ խաղաղութիւնը։ Իսկ երբ այդ լոյսը կորսուի, աշխարհի բոլոր հարստութիւնները չեն կրնար լեցնել հոգիիդ դատարկութիւնը։
Մարդու իրական ազատութիւնը իր ունեցածով չի չափուիր, այլ՝ իր մտածելակերպի խորութեամբ։ Ով որ կը սպասէ, թէ ամբողջ աշխարհը երջանիկ դառնալու համար փոխուի, շատ հաւանաբար ամբողջ կեանքը սպասումով պիտի անցընէ։ Բայց, ով որ կը համարձակի փոխել իր ներքին հայեացքը, ան նոյն աշխարհին մէջ բոլորովին նոր աշխարհ մը կը բացայայտէ։
Ամէն մայրամուտ մեզի կը յիշեցնէ, թէ օր մը աւարտեցաւ, բայց միեւնոյն ժամանակ կը խոստանայ, որ նոր արշալոյս մը դարձեալ պիտի գայ։ Կեանքն ալ այդպէս է. դժուար օրերը վերջ չեն, այլ՝ նոր սկիզբներու նախերգանքը։ Երբ մարդ իր յոյսը չի կորսնցներ, նոյնիսկ ամենածանր փորձութիւնը կը դառնայ իմաստութեան ուսուցիչ մը։
Երջանկութիւնը աղմուկ չի սիրեր։ Ան յաճնխ կը բնակի այն լռութեան մէջ, ուր մարդ կը լսէ իր սրտին ձայնը։ Երբ կը հաշտուինք մեր անցեալին հետ, կը ներենք մեր սխալները եւ կը սորվինք արժեւորել ներկան, հոգին կամաց-կամաց կը թեթեւնայ։ Այդ թեթեւութիւնն է, որ մարդուն կը սորվեցնէ ժպտիլ՝ առանց մեծ պատճառի, սիրել՝ առանց վախի, եւ ապրիլ՝ առանց մշտական մտահոգութեան։
Ի վերջոյ, կեանքը մեզի չի հարցներ, թէ որքան ստացուածք ունեցանք, այլ՝ որքան սէր ձգեցինք մեր ետեւէն, որքան բարութիւն բաժնեցինք եւ քանի մը սրտեր լուսաւորեցինք մեր ներկայութեամբ։ Որովհետեւ կեանքի ամենագեղեցիկ յիշատակները նիւթական ձեռքբերումները չեն, այլ այն ջերմութիւնը, զոր ուրիշներ զգացին մեր կողքին գտնուելու ժամանակ։
Երբ սիրտը կը սորվի տեսնել գեղեցկութիւնը նոյնիսկ ամենապարզ պահերուն մէջ, այն ատեն երջանկութիւնը այլեւս նպատակ մը չէ, այլ՝ կեանքի բնական ընթացքը։ Եւ թերեւս մարդու ամենամեծ յաղթանակը այն է, երբ կը հասկնայ, թէ իրական խաղաղութիւնը երբեք դուրսը չէր. ան միշտ իր հոգիին մէջ կը սպասէր, որպէսզի բանայինք անոր դուռը։
Երջանկութիւնը կեանքը փոխելու մէջ չէ, այլ՝ կեանքին նայելու կերպը փոխելու մէջ է։ Երբ հայեացքը կը լուսաւորուի, նոյն աշխարհը կը դառնայ աւելի գեղեցիկ, նոյն ճանապարհը՝ աւելի թեթեւ, իսկ նոյն կեանքը՝ ապրելու արժանի հրաշք մը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ