ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ
«Պատմական յիշողութեան» պակասը, այսինքն պատմականօրէն հաւաքական ընդհանուր եւ անցեալի վերաբերեալ իրադարձութիւններու ծանօթութեան բացակայութիւնը եւ մանաւանդ՝ անտարբերութիւնը ընկերութեան լուրջ թերութիւններէն մին է։ Ուստի, «ասիկա ժամանակավրէպ է՝ անցեալին կը պատկանի», ըսելը տհաս մնացած մտայնութեան մը արտայայտութիւնն է։
Անցեալ դէպքերը, իրադարձութիւնները ճանչնալը, տեղեկութիւն ունենալը եւ անոնց հանդէպ դիրքորոշուիլը, մանաւանդ գաղափար կազմելը՝ իմաստ ունեցող ապագայ մը ստեղծելու միակ միջոցն է, քանի որ առանց անցեալի ներկայ եւ առանց ներկայի ապագայ չի կրնար ըլլալ։ Ասիկա շատ բնական է, քանի որ ամէն ինչ սկիզբ մը ունի եւ ինչպէս ամէն արդիւնք պատճառ մը։ Առանց հիմ մը ունենալու շէնք մը կանգնել կարելի չէ՛։ Եւ ուրեմն, ներկան ապրելու եւ ապագան կերտելու համար անհրաժե՛շտ է ծանօթանալ ե՛ւ մտերմանալ անցեալին՝ պատմական յիշողութեան հետ։ Առանց յիշողութեան կարելի չէ՛ դաստիարակել. «Առաջին օրերը յիշեցէ՛ք». (ԵԲՐ. Ժ 32)։
Ուստի, տարեց անձերուն պատմութիւնները եւ յիշատակները շատ բարիք եւ օգուտ կ՚ընեն փոքրերուն եւ երիտասարդներուն, որովհետեւ զանոնք կը զօդեն ըլլա՛յ ընտանիքին, ըլլա՛յ ընկերութեան, ըլլայ նաեւ երկրին ապրած պատմութեան։
Ընտանիք մը՝ որ չի՛ յարգեր իր կենդանի յիշատակները հանդիսացող երէցները եւ չի՛ զբաղիր անոնցմով, «քայքայուած ընտանիք» մըն է, իսկ զանոնք յիշող ընտանիքը՝ ապագայ ունի։ Հետեւաբար, այն քաղաքակրթութիւնը՝ ուր տարեց անձերը այլեւս տեղ չունին եւ կամ զանոնք մերժած է, քանի որ անոնք հարցեր կը ստեղծեն, անիկա ընկերութիւն մըն է՝ որ իր մէջ մահուան սերմերը կը կրէ, որովհետեւ ան ի՛ր իսկ արմատները կը խլէ։
Ուստի, առիթներ պէտք է ստեղծուին, որպէսզի փոքրերը եւ երիտասարդները կարենան հաւաքական պատմութեան մը հողին մէջ արմատ նետել։
Մինչ եղբայրներու միջեւ յարաբերութիւնները ժամանակի ընթացքին կը խորանան եւ ընտանիքին մէջ մանուկներուն միջեւ եղբայրական կապերը եթէ դէպի «ուրիշ»ը բացուող դաստիարակչական մթնոլորտի մը մէջ կազմուին, անոնք կը դառնան «ազատութեան եւ խաղաղութեան մեծ դպրոց» մը։ Ընտանիքին մէջ, եղբայրներուն միջեւ, մարդկային համաբնակեցում կը սորվին։ Թերեւս միշտ ուշադրութիւն չի գրաւեր եւ գիտակցութեան առարկայ չի ներկայանար, սակայն, նո՛յնինք ընտանի՛քն է, որ եղբայրութիւնը դէպի աշխարհ կը ներմուծէ։ Մեկնելով եղբայրակցութեան այս առաջին փորձառութենէն, սնուելով՝ սիրոյ կապերով եւ ընտանեկան դաստիարակութեամբ, եղբայրսիրութեան ոճը կը ճառագայթէ խոստումի մը պէս համակ հասարակութեան վրայ…
Եղբայրներու մէջ մեծնալը՝ զիրար փոխադարձաբար պաշտպանելու, օգնելու եւ օժանդակուելու գեղեցիկ փորձառութիւնը կ՚ընծայէ մեզի։ Այս պատճառով, ահաւասի՛կ, ընտանիքին մէջ եղբայրսիրութիւնը յատուկ կերպով կը ցոլայ, երբ հոն կը տեսնենք այն ուշադրութիւնը, համբերատարութիւնը, պարտաճանաչութիւնը, հաւատարմութիւնը կոչումին եւ խոստումին, գուրգուրանքը՝ որոնցմով պարուրուած է փոքրիկ եղբայրը եւ կամ աւելի տկար, հիւանդ կամ հաշմանդամ քոյրիկը։
Հա՛րկ է ընդունիլ, թէ քեզ սիրող եղբայր մը կամ քոյր մը ունենալը, հզօր, աննման եւ անփոխարինելի փորձառութիւն մըն է՝ ուր հա՛րկ է նաեւ փոքրերուն համբերութեամբ սորվեցնել իրարու հետ եղբայրաբա՛ր վարուիլ։ Այս երբեմն դժուարին վարժութիւնը իսկական դպրո՛ց մըն է հասարակութեան մէջ։ Եւ այս բոլորը կը կայանայ հաւատքի եւ սիրոյ մէջ։ Արդարեւ, սիրոյ հաւատքէն աւելի մեծ զօրութիւն գոյութիւն չուին։ Շնորհալիի խօսքով. «Գիտութեան համար անբացատրելի՝ հաւատքով հասկնալի» է այն խորհուրդը՝ որ կեանք կու տայ եւ կը կառավարէ զայն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 16, 2026, Իսթանպուլ