ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՍԽԱԼ ՄԸ

Կան որոշ երեւոյթներ, որոնք մեր ծնողներուն մօտ դրական ըլլալ կը կարծուին, սակայն, իրականութեան մէջ, ո՛չ միայն բացասական են, այլ կրնան լուրջ հետեւանքներ ունենալ։ Այդ իսկ պատճառով, ծնողք դառնալէ առաջ կը կարեւորենք մանկավարժութիւնը։ Ի դէպ, զոյգերու լաւ ծնողք ըլլալ չըլլալը կրնայ կապուած ըլլալ անոնց լոյս աշխարհ բերած զաւակներու թիւով եւս։ Օրինակի համար՝ անձ մը կրնար շատ լաւ ծնողք եղած ըլլար, եթէ լոյս աշխարհ բերած ըլլար միայն մէկ զաւակ, սակայն, ամբողջութեամբ տարբեր ծնողք՝ երկու. երեք կամ աւելի զաւակներու պարագային։ Անշուշտ, մարդ կրնայ հինգ զաւակ ունենալ ու ըլլալ սքանչելի ծնողք։ Այս բոլորը յարաբերական են: Մէկ զաւակի առաւելութիւնը այն է, որ ծնողքը իր ամբողջական սէրը կը կիսէ այդ մէկ զաւկին հետ, սակայն, երկու եւ աւելի զաւակներու պարագային ծնողքը պէտք է դիւանագիտութեամբ ու ծնողական զգացումով գիտնալ՝ ինչպէս հաւասարապէս կիսել սէրը բոլորին միջեւ։ Ամերիկացի վիպագիր Ճոտի Փիքոլթ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Քաղաքականօրէն ընդունելի չէ մէկ զաւակը աւելի սիրել՝ քան միւսը»: 

Անշուշտ, վստահաբար, ծնողներէն պիտի լսուի հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Բոլորը հաւասար կը սիրեմ»։ Այս մէկը իրականութիւնը կրնայ չըլլալ, սակայն, կարելի է որպէս «ցանկութիւն» ու «փափաք» նկատել, որովհետեւ մարդ ինչքան ալ փորձէ հաւասարապէս սիրել՝ անպայմանօրէն «շատ աւելի սիրելի» տարբերակ մը պիտի ունենայ։ Անձնազոհ ուսուցիչ մը եւս կը փորձէ իր աշակերտները հաւասարապէս սիրել, սակայն, անպայմանօրէն կ՚ունենայ ուրիշներէ աւելի սիրելի աշակերտ մը, որ գուցէ իր իմացութեամբ աւելի ուշադրութիւն կը գրաւէ: Ծնողք մը իւրաքանչիւր զաւկի հետ տարբեր յարաբերութիւն ու տարբեր մօտեցում կ՚ունենայ. օրինակի համար՝ շատ անգամ ծնողքի մը համար առաջին զաւակը միւս զաւակներէն կրնայ տարբերիլ, որովհետեւ զոյգ մը հայր ու մայր ըլլալու զգացումը առաջին անգամ անդրանիկ զաւակով է, որ կը զգայ։ Այդ զաւկին հանդէպ տարբեր կապուածութիւն մը կ՚ունենան եւ այդ զաւակը յաջորդող միւս զաւակները ինչքան ալ սիրուին, կրնան նոյն արժէքին ու սիրոյն չարժանանալ, որովհետեւ ծնողք դառնալու առաջին զգացումը ամբողջութեամբ տարբեր է երկրորդ անգամ կամ երրորդ անգամ ծնողք դառնալու զգացումէն: Սիրոյ անհաւասար բաշխումին մէջ կրնայ դեր խաղալ զաւկի մը բնաւորութիւնը եւ այդ մէկը սխալ չենք նկատեր։ Զաւակ մը բնաւորութեամբ կրնայ աւելի նուրբ ու զգայուն ըլլալ՝ քան միւսը, սակայն, այս մէկը վտանգաւոր կը դառնայ, երբ այդ տարբերութիւնը վերածուի առանձնաշնորհումի ու արտօնութեան: Իւրաքանչիւր զաւկի հանդէպ տարբեր վերաբերմունք ու մօտեցում ունենալը սխալ չէ, սակայն, այդ մէկը կը դառնայ սխալ ու վտանգաւոր, երբ միւս զաւակները զգան, որ այդ «տարբեր վերաբերում»ը սկսած է ազդել արդարութեան վրայ։ Այս մէկը կը դառնայ վտանգաւոր այն ժամանակ, երբ միւս զաւակները բացայայտ ձեւով զգան խտրութիւնն ու տարբերութիւնը: Ամէն զաւակ տարբեր է եւ տարբեր հոգատարութեան կարիք ունի, սակայն, հիմնականը այն է, որ զաւակները պէտք է զգան, որ ծնողական սէրը պայմանաւորուած չէ կարողութիւններով, հերթականութեամբ ու նախասիրութիւններէ։ Օրինակի համար՝ բնական է, որ հիւանդութիւն ունեցող զաւակ մը աւելի ուշադրութեան արժանանայ քան միւսները, սակայն, այդ ուշադրութիւնը երբ դառնայ «աւելի սիրել»ու՝ կրնայ վնասել միւս զաւակներուն հոգեկան աշխարհը: 

Միւս խտրական սխալը, որ ծնողներ «դրական» կարծելով կ՚ընեն՝ համեմատութիւնն է։ Պատկերացուցէք երկու զաւակներ, որոնցմէ մին խելացի ու կարող է, իսկ միւսը աւելի տկար։ Ծնողքը կը սկսի տկարին հանդէպ շատ աւելի հոգատար դառնալ։ Այստեղ սխալ մը գոյութիւն չունի, սակայն, սխալը կը սկսի, երբ ծնողքը տկար զաւկին օգնելու եւ հոգ տանելու ընթացքին մոռնայ կամ անտեսէ միւս կարող զաւակը։ «Իմ օգնութեանս կարիքը չունի», «իր գլխուն ճարը կը նայի», ըսելը դրական ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կը ձգէ զաւկին վրայ, որովհետեւ ան որպէս մարդ՝ հակառակ իր կարողութիւններուն, կ՚ուզէ հաւասար անդամը ըլլալ այդ տան։ Զաւկին համար սեփական ուժերուն վստահիլը դրական ու բացասական բոլոր պայմաններու մէջ օգտակար բաժին մը ունի, սակայ, նոյնիսկ ամենէն կարող ու խելացի զաւակը որպէս մարդ կարիքը ունի զգալու, որ ինք եւս սիրուած, գնահատուած ու կարեւոր է: Նման ուշադրութեան պակասի պարագային զաւակը իր խելացութիւնն ու կարողութիւնը փոխանակ որպէս դրական տեսնելու՝ կը սկսի տեսնել որպէս «թշնամի», որովհետեւ կարողութիւնը, իմաստութիւնը՝ որոնք որպէս դրական երեւոյթ պէտք է ընդունիլ, իր պարագային կը սկսին դառնալ հիմնական պատճառ ծնողական սէրէն հեռու մնալու։ Ամէն մարդ կ՚ուզէ կարող ու խելացի ըլլալ, սակայն, ո՛չ անտեսուած կարող ու խելացի մը, որովհետեւ շատ անգամ ծնողներ անկարողը կարող դարձնելու ճամբուն վրայ կը վշտացնեն կարողը եւ անոր կեանքին մէջ անջնջելի վէրքեր կը ձգեն: Այս մէկը շատ աւելի վտանգաւոր ընթացք կը ստանայ, երբ ծնողներ իրենց այդ ըրածին գիտակցութիւնը չեն ունենար եւ ժամանակ մը ետք իրենց դիմաց կը գտնեն վիրաուորուած զաւակ մը՝ որ իր կարողութիւններով հանդերձ, հոգեկան լուրջ տագնապներու դիմաց կը գտնուի: 

Այս բոլորը նկատի ունենալով կը կարեւորենք հետեւեալը. իւրաքանչիւր զոյգ ծնողք դառնալէ առաջ պարտի որոշ մանկավարժական գիրքեր կարդալ եւ սորվիլ։ Կատարեալ ծնողք գոյութիւն չունի եւ մարդ ինչ տարիքի մէջ ալ գտնուի, սորվելու պարտաւորութիւնը ունի։ Պարզապէս պէտք է գիտնալ, որ ծնողք ըլլալու առաքելութիւնը բոլորին տրուած չէ. զաւակ մը լոյս աշխարհ բերելը չի բաւեր. պէտք է հետաքրքրուիլ անոր բարոյականութեամբ, անոր հոգեկան աշխարհով եւ այս դժուարին պայքարին մէջ քիչերն են, որ կը յաջողին ստեղծել ընտանիք՝ ուր սէրը, համերաշխութիւնը մնայուն ներկայութիւն ու գոյութիւն է:

•​վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Որպէսզի կարենաք ձեր շրջանակներուն ազդել՝ պէտք է, որ ունենաք որոշ եւ զօրաւոր համոզումներ եւ դաւանանք՝ կեանքի եւ բարոյականի մասին: 

ԱՆՅԱՅՏ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 17, 2026