ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը: Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան:
Ֆէնէրի մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունուեցաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ: Երկու հոգեւոր առաջնորդները զրուցեցին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Գնալը կղզիի յունաց ճամբարի այս տարի եւս հայ մանուկներուն համար տրամադրման կապակցութեամբ՝ քանի Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի կազդուրման կայանը փակ է ակամայ: Զրուցակից պատրիարքները նշեցին, որ այս երեւոյթը կը համարուի հայ եւ յոյն համայնքներու վաղեմի եղբայրութեան եւ յարաբերութիւններուն: Պարթոլոմէոս Պատրիարքը ընդգծեց, որ հայ մանուկները պիտի կարողանան Գնալը կղզիի յունաց ճամբարէն օգտուիլ՝ որքան ատեն որ հայկական ճամբարը կը մնայ փակ:
Զրոյցի աւարտին երկու հոգեւոր առաջնորդները եղբայրաբար ողջագուրուելով հրաժեշտ առին իրարմէ: (Լուսանկարը՝ Պատրիարքարանէն)