ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔ
Փարիզ եւ Պերլին կոչ ուղղեցին Թեհրանին, որպէսզի տարածաշրջանէ ներս լարուածութիւնը թուլացնէ եւ վերադառնայ բանակցութիւններուն Ուաշինկթընի հետ։
Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ վերջերս տեղի ունեցաւ նախարարաց խորհուրդի համատեղ ժողովը: Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան երկկողմանի այս խորհուրդի 26-րդ նիստը տեղի ունեցաւ Քէօլնի մերձակայքին՝ գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի։
Բանակցութիւններու աւարտին կողմերը հրապարակեցին համատեղ յայտարարութիւն մը: Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ Հիւրմիւզի ջրանցքի փութով վերաբացումը անհրաժեշտ է։ Գերմանիա եւ Ֆրանսա այս փուլին զօրակցութիւն յայտնեցին՝ ի նպաստ Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ բազմազգ ռազմական առաքելութեան, որ հետամուտ է Հիւրմիւզի ջրանցքէն ներս նաւագնացութեան բնականոն հունի վերադարձին: Կողմերու յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Իրան անյապաղ պէտք է դադրեցնէ տարածաշրջանէ ներս թիրախաւորել ԱՄՆ-ի եւ դաշնակիցներու զանազան կառոյցները:
Գերմանիա եւ Ֆրանսա այս շրջանին միասնական ընթացքը կ՚ամրապնդեն՝ Եւրոպայի եւ համաշխարհային օրակարգի հրատապ հարցերուն շուրջ։ Այս երկու երկիրները զարկ կու տան պաշտպանութեան ոլորտէ ներս համագործակցութեան։ Միեւնոյն ժամանակ, անոնք համագործակցութեան ամրապնդմամբ ճակատ մը կը ստեղծեն Չինաստանի դէմ։