ԱՈՒՆ-ՌՈՒՊԻՕ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աուն Ուաշինկթընի մէջ ընդունուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ հանդիպման ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան Լիբանանի, Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ վերջերս ձեռք բերուած շրջանակային համաձայնութեան գործադրութեան վերաբերեալ հարցեր։
Մարքօ Ռուպիօ զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ Աունի կողմէ գլխաւորուած Լիբանանի իշխանութիւններու ջանքերը կը պաշտպանուին՝ քանի կառավարութիւնը կը ձգտի երկրի ինքնիշխանութիւնը վերաձեռքբերել, «Հիզպուլլահ»ը ապազինել եւ ահաբեկչական ենթակառուցուածքները վերացնել։ Միեւնոյն ժամանակ, Մարքօ Ռուպիօ դրուատիքը հիւսեց Լիբանանի կառավարութեան ջանքերուն, որոնք ուղղուած են դէպի խաղաղութիւն։
Մարքօ Ռուպիօ վերահաստատեց ամերիկեան կողմին խոստումները՝ ի նպաստ եռակողմանի շրջանակային համաձայնութեան յաջողութեամբ գործադրութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան խաղաղութեան, տնտեսական բարելաւման եւ երկրի ժողովուրդին աւելի լաւ ապագայ մը ապահովելու ուղղեալ ջանքերուն համար։