ՀՈԳԵՒՈՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՎԵՐ

Հայաստանը յաճախ կը բնորոշուի որպէս «թանգարան բաց երկինքի տակ»։ Այս բնորոշումը պատահական չէ. երկրի տարածքին սփռուած հազարաւոր եկեղեցիներն ու վանական համալիրները կը ստեղծեն իւրօրինակ ճարտարապետական թանգարան։ Անոնք հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան, քրիստոնէական ինքնութեան եւ մշակութային շարունակականութեան կենդանի վկաներն են։ Անոնց պահպանումը, հետեւաբար, կը գերազանցէ զուտ կրօնական նշանակութիւնը՝ դառնալով ազգային արժէքներու պահպանման պետական պարտաւորութիւն։

Թէեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին գործող եկեղեցիները հոգեւոր առումով կը գտնուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգածութեան ներքոյ, անոնց զգալի մասը միաժամանակ պետական պահպանութեան տակ գտնուող պատմամշակութային յուշարձաններ են։ Այդ հանգամանքը պետութեան վրայ կը դնէ ո՛չ միայն իրաւական, այլեւ բարոյական պատասխանատուութիւն՝ ապահովելու դարաւոր սրբավայրերու պահպանութիւնը, գիտական վերականգնումը եւ անոնց անվտանգ փոխանցումը գալիք սերունդներուն։ Այս առաքելութեան առանցքային պատասխանատուն Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնն է։

Յատկանշական է, որ վերջին տարիներուն պետական իշխանութիւններուն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածի միջեւ յաճախ արձանագրուած քաղաքական տարակարծութիւնները չեն անդրադարձած մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին։ Հանրային դաշտին մէջ երբեմն հնչած կոշտ գնահատականները եւ սուր հռետորաբանութիւնը չեն խաթարած մասնագիտական համագործակցութիւնը, որ կը շարունակուի նոյն պատասխանատուութեամբ եւ օրէնքով սահմանուած կարգով։

Այս համագործակցութեան հիմքը նախ եւ առաջ օրէնքն է։ Հայաստանի պատմական եկեղեցիները համազգային արժէքներ են, որոնց պահպանումը պետութեան պարտականութիւնն է՝ անկախ քաղաքական զարգացումներէ կամ օրուան իրավիճակէն։ Հետեւաբար, անոնց վերականգնման եւ ամրակայման պետական ծրագիրները չեն կրնար պայմանաւորուիլ քաղաքական յարաբերութիւններով, որովհետեւ այստեղ խօսքը կը վերաբերի ո՛չ թէ վարչական, այլ ազգային ժառանգութեան պահպանման։

Վերականգնման իւրաքանչիւր նախագիծ կը կազմուի բազմաստիճան մասնագիտական քննարկումներէ ետք։ Նախարարութեան Գիտամեթոտական խորհուրդը, ճարտարապետական յանձնաժողովները եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածի ճարտարապետական-շինարարական բաժնի ներկայացուցիչները համատեղ կը քննեն բոլոր ծրագիրները՝ հետեւելով, որպէսզի որեւէ միջամտութիւն չաղաւաղէ յուշարձանի պատմական դիմագիծը։ Քաղաքական տարաձայնութիւնները այս հարթակին վրայ տեղի կու տան մասնագիտական պատասխանատուութեան։

Նոյնքան կարեւոր է նաեւ սեփականութեան եւ օգտագործման իրաւական կարգաւորումը։ Ամէն վերանորոգում, պեղում կամ ամրակայման աշխատանք պետական համապատասխան արտօնութիւն կը պահանջէ, ինչ որ կը դարձնէ պետութեան եւ եկեղեցւոյ շարունակական գործակցութիւնը անխուսափելի։ 

Միջազգային պարտաւորութիւններն ալ այս համագործակցութեան լրացուցիչ խթան են։ Յատկապէս ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած յուշարձաններու պարագային Հայաստանը միջազգային պատասխանատուութիւն ունի պահպանելու անոնց պատմական իսկութիւնն ու արժէքը։ Այդ պատասխանատուութիւնը կը կրեն պետութիւնն ու եկեղեցին՝ միասին։

Այսօր Հայաստանի մէջ պետական հաշուառման տակ կը գտնուին շուրջ 1340 եկեղեցի եւ վանական համալիրներ, որոնք ունին պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձանի կարգավիճակ։ Ամէն տարի պետական միջոցներով կը գանձատրուին վթարային վիճակի մատնուած սրբավայրերու ամրակայման, գիտական վերականգնման եւ հնագիտական ուսումնասիրութիւններու տասնեակ ծրագիրներ, որոնք կ՚իրականացուին Մայր Աթոռի, ակադեմական շրջանակներու եւ մասնագիտացած կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ։

Սակայն, եկեղեցւոյ վերականգնումը սովորական շինարարական աշխատանք չէ։ Ամէն քար, ամէն որմնանկար, ամէն արձանագրութիւն կը պահանջէ բացառիկ զգուշաւորութիւն եւ գիտական ճշգրտութիւն։ Այդ պատճառով ալ վերականգնման ընթացքին կը գործածուին աւանդական շինանիւթեր, պատմական աղբիւրներով հիմնաւորուած մեթոտներ եւ այնպիսի լուծումներ, որոնք կը պահպանեն կառոյցի բնօրինակ դիմագիծը՝ առանց ժամանակակից միջամտութիւններու հետքերը տեսանելի դարձնելու։

Հայաստանի հոգեւոր ժառանգութեան պահպանութիւնը վաղուց արդէն միջազգային նշանակութիւն ստացած գործ է։ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն եւ ԻՔՈՄՈՍ-ը (Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային խորհուրդը) տարիներ շարունակ կը համագործակցին Հայաստանի հետ՝ ապահովելու համար Հաղբատի, Սանահինի, Գեղարդի, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի, Սուրբ Հռիփսիմէի, Սուրբ Գայիանէի, Սուրբ Շողակաթի եւ Զուարթնոցի նման համաշխարհային արժէք ներկայացնող յուշարձաններու պատշաճ պահպանութիւնը։ Այս համագործակցութեան շնորհիւ կը մշակուին երկարաժամկէտ կառավարման ծրագիրներ, կը կատարուին եռաչափ լազերային պատճենահանումներ, իսկ միջազգային մասնագէտներ պարբերաբար կը հետեւին իրականացուող աշխատանքներու որակին եւ գիտական համապատասխանութեան։

Այս աշխատանքներուն ետին կը կանգնին հնագէտներ, վերականգնողներ, ճարտարապետներ, արուեստաբաններ եւ բազմաթիւ այլ մասնագէտներ, որոնց տարիներու լուռ ու բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ է, որ պատմական յուշարձանները կը շարունակեն դիմագրաւել ժամանակի փորձութիւնը։

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ՝ ԴԱՐԵՐՈՒ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՓՐԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հայաստանի զանազան մարզերուն մէջ վերջին տարիներուն նոր թափ ստացած վերականգնման ծրագիրները ցոյց կու տան, թէ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը այլեւս առանձին նախաձեռնութիւններու շարք մը չէ, այլ երկարաժամկէտ պետական քաղաքականութիւն։ 

Անցնող շաբաթներուն մասնագէտներու եւ պատասխանատուներու այցելութիւնները յուշարձաններու տարածքներ, նաեւ առիթ եղան տեղւոյն վրայ գնահատելու կատարուած աշխատանքներն ու ճշդելու յետագայ քայլերը։

Վայոց Ձորի Շատիվանք վանական համալիրը այսօր վերածուած է ամենահետաքրքրական վերականգնողական հրապարակներէն մէկուն։ Անցեալ տարուան մշտադիտարկումները ահազանգած էին Սուրբ Սիոն եկեղեցւոյ 17-րդ դարու որմնանկարներուն սպառնացող վտանգներուն մասին, իսկ այժմ արդէն ընթացքի մէջ են ամրակայման եւ մանրակրկիտ մաքրման աշխատանքները։ Տարիներու մուրը, մոմերու ծուխն ու ժամանակի նստուածքը աստիճանաբար կը հեռացուին, անոնց տակ կը բացայայտուին մինչ այդ անտեսանելի մնացած գեղանկարչական շերտերը։ Արդէն իսկ ամբողջական պատկերով կը նշմարուի «Վերջին ընթրիքը» տեսարանը, ուր Քրիստոսի կարմիր լուսապսակն ու կապոյտ հանդերձը նոր շունչով կը վերադառնան տեսադաշտ, իսկ միջնադարեան զարդանկարներն ու արձանագրութիւնները կը վերագտնեն իրենց երբեմնի պայծառութիւնը։ Այս աշխատանքներու աւարտը նախատեսուած է տարեվերջին, մինչդեռ պեղումները եւ համալիրի նորոգութիւնը պիտի շարունակուին նաեւ յաջորդ փուլերուն։

Նմանօրինակ աշխատանքներ կը տարուին նաեւ Կոտայքի Կեչառիս վանական համալիրին մէջ։ Պետութեան, բարերարներու եւ մասնագիտական կազմակերպութիւններու համատեղ ջանքերով կը վերականգնուի Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ 13-րդ դարու եզակի որմնանկարը։ Մաքրման ընթացքին յայտնուած է Բարեխօսութեան ամբողջական տեսարանը՝ Քրիստոսի, Աստուածամօր, Յովհաննէս Մկրտիչի, առաքեալներու եւ հրեշտակներու պատկերներով, որոնք դարեր շարունակ ծածկուած մնացած էին մուրի հաստ շերտերու տակ։ Վերականգնողներուն համար այսպիսի պահերը պատմական յայտնագործութիւն են, իւրաքանչիւր մաքրուած հատուած կը վերադարձնէ հայկական միջնադարեան արուեստի կորսուած մէկ էջը։

Տաւուշի մարզին մէջ վերականգնումը նոյնպէս արդէն տեսանելի արդիւնքներ տուած է։ Կիրանց գիւղի 1888 թուականին կառուցուած Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին, որ երկար տարիներ լքուած եւ կիսաւեր վիճակի մէջ կը գտնուէր, պետական աջակցութեամբ ամբողջութեամբ նորոգուած է։ Այսօր այն դարձեալ գործող սրբավայր է եւ, գտնուելով նորակառոյց դպրոցի հարեւանութեամբ, խորհրդանշական կերպով կը միաւորէ կրթութիւնն ու հոգեւոր կեանքը։

Նոյն մարզին մէջ շարունակական ուշադրութեան արժանացած է նաեւ Ոսկեպարի 7-րդ դարու Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, ուր կը կատարուին պահպանական եւ ամրակայման աշխատանքներ։ 

Իսկ Շիրակի Հառիճավանքին մէջ մասնագէտները զգուշաւոր մաքրումի եւ պահպանման միջոցներով կը զբաղին որմնանկարներու ու պատմական պատերու վերականգնումով։ 

Տաւուշի Մակարավանքին մէջ եւս իրականացուած ամրակայման ու բարեկարգման աշխատանքները նպատակ ունին կանխելու խոնաւութեան հետեւանքով յուշարձանին սպառնացող վտանգները։

Վերականգնման ծրագիրները միայն եկեղեցիներով չեն սահմանափակուիր։ Սիւնիքի Բաղաբերդ ամրոցին մէջ հնագիտական պեղումներուն զուգահեռ կը մշակուին ամրոցի պարիսպներու, աշտարակներու եւ ներքին կառոյցներու ամրակայման ծրագիրները, ինչպէս նաեւ այցելուներու համար ենթակառուցուածքներու ստեղծման նախագիծերը։ Այս նախաձեռնութիւնները նպատակ ունին պատմական վայրերը ո՛չ միայն պահպանելու, այլեւ գիտական ու զբօսաշրջային նոր կեանքով օժտելու։

Սիւնիքի մէջ նախարարութեան ուշադրութեան ներքեւ է նաեւ Կապանի Բարաբաթում թաղամասի 17-րդ դարու Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին։ Տարիներ շարունակ կիսախոնարհ մնացած սրբավայրը պեղումներու եւ ծաւալուն վերականգնման շնորհիւ դարձեալ բացած է իր դռները հաւատացեալներուն առջեւ՝ վերագտնելով իր հոգեւոր առաքելութիւնը։

Հայաստանի բազմաշերտ մշակութային դիմագիծը կը վկայէ նաեւ այն իրողութիւնը, որ պետական ծրագրերը չեն ներառեր միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ յուշարձանները։ Լոռիի Ամրակից գիւղի Սուրբ Նիկողայոս Հրաշագործ ռուսական ուղղափառ եկեղեցւոյ վերականգնումը եւս յաջողութեամբ աւարտած է․ այս մէկը փաստ է, որ պահպանութեան պետական քաղաքականութիւնը կը վերաբերի երկրի տարածքին գտնուող բոլոր պատմական արժէք ներկայացնող սրբավայրերուն։

Այս բոլոր նախաձեռնութիւնները մէկ ընդհանրական ուղերձ ունին. հայկական եկեղեցիները եւ վանքերը մեր պատմութեան, հաւատքի եւ մշակոյթի կենդանի վկաներն են։ Այդ պատճառով ալ պետութեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, բարերարներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու համատեղ աշխատանքը կը դառնայ ազգային նշանակութեամբ գործ։

ԱՐՏԱՇԱՏԻ ՈՒԹԱՆԻՍՏ ԵԿԵՂԵՑԻՆ․ ՆՈՐ ԼՈՅՍ՝ ՎԱՂ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎՐԱՅ

Հայաստանի հոգեւոր ժառանգութեան պահպանութիւնը միայն կանգուն եկեղեցիներու եւ վանական համալիրներու վերականգնումով չի սահմանափակուիր։ Նոյնքան կարեւոր են նաեւ այն բացայայտումները, որոնք նորովի կը լուսաբանեն մեր պատմութեան անծանօթ էջերը։ Այդ առումով վերջին տարիներու ամենանշանակալի իրադարձութիւններէն մէկը յայտնաբերումն է Արտաշատի վաղքրիստոնէական ութանիստ եկեղեցւոյ, որ այսօր հանրութեան կը ներկայացուի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ գործող «Սրբացուած բեկորներու յայտնութիւնը՝ Արտաշատի ութանիստ եկեղեցին. չորրորդ դարու մեծադիր շինութեան բացայայտումը» խորագիրը կրող ժամանակաւոր ցուցադրութեամբ։ 

Ցուցադրութիւնը այցելուներուն առջեւ կը բանայ հնագիտական բացառիկ գտածոյ մը, գիտական ամբողջ գործընթաց մը՝ պեղումներէն մինչեւ ուսումնասիրութիւն եւ վերականգնում։ Ներկայացուած են շինութեան ճարտարապետական առանձնայատկութիւնները, պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած նիւթերը, վերականգնողական աշխատանքներու փուլերը եւ վերջին հետազօտութիւններու արդիւնքները։ Այս բոլորը կը վկայեն, թէ որքան համբերատար եւ բծախնդիր աշխատանք կը պահանջէ մեր պատմութեան նոր էջ մը բացայայտելը։

Արտաշատի այս յայտնագործութիւնը պատահականութեան արդիւնք չէ։ 2023 թուականին հետազօտութիւններու շնորհիւ գիտնականները նախ արձանագրած էին ութանկիւն յատակագիծով կառոյցի մը գոյութիւնը, իսկ յաջորդ տարուան պեղումները վերջնականապէս հաստատեցին, որ ան վաղքրիստոնէական եկեղեցի է։ Հայ եւ գերմանացի մասնագէտներու համատեղ աշխատանքով բացայայտուած այս եզակի կոթողը արդէն կը գնահատուի որպէս մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ յայտնի ամենահին թուագրուող քրիստոնէական եկեղեցիներէն մէկը։ 

Եկեղեցին կը տպաւորէ ո՛չ միայն իր հնութեամբ, այլեւ՝ իր կառուցուածքային լուծումներով։ Ութանիստ յատակագիծը, սիւնաշարային համակարգը, ներքին ծիսական տարածքի կազմակերպումը եւ պատերուն վրայ հրաշքով պահպանուած սուաղապատ փորագրութիւնները կը վկայեն վաղ քրիստոնէական ճարտարապետութեան բարձր զարգացած մշակոյթի մասին։ Քննութիւններն ու յայտնաբերուած նիւթերը հիմք կու տան կառոյցը թուագրելու Դ. դարու առաջին քառորդով, այսինքն՝ այն ժամանակաշրջանով, երբ Տրդատ Մեծի եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի օրօք քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակուեցաւ եւ Հայաստանի մէջ սկսաւ եկեղեցաշինութեան նոր դարաշրջանը։ 

Այս իմաստով Արտաշատի ութանիստ եկեղեցին պատմական կենդանի վկայութիւն մըն է Հայաստանի քրիստոնէական առաջին դարերուն մասին եւ արժէքաւոր օղակ մը՝ մեր հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան շղթային մէջ։ Մատենադարանի ցուցադրութիւնը, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ սեպտեմբեր, այցելուներուն առիթ կու տայ մօտէն հաղորդակցելու այդ բացառիկ ժառանգութեան եւ ականատես դառնալու, թէ ինչպէս գիտութիւնը, հնագիտութիւնը եւ վերականգնողական արուեստը միասին կը վերակենդանացնեն անցեալը։ 

Հայաստանի եկեղեցիներն ու վանական համալիրները դարերու ընթացքին դիմագրաւած են պատերազմներ, երկրաշարժներ, աւերուածութիւն եւ ժամանակի անողոք ընթացքը։ Սակայն, այսօր անոնց առջեւ ծառացած գլխաւոր մարտահրաւէրը այլ է՝ ապահովել, որ այդ ժառանգութիւնը պահպանուի գիտական ճշգրտութեամբ եւ փոխանցուի անաղարտ կերպով գալիք սերունդներուն։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2026