ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Երէկ երեկոյան, Գնալը կղզիի մեջ սկսաւ՝ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալներէն Տ. Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի յիշատակին ձօնուած մարզական խրախճանքը, որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Հոգելոյս պատրիարքի յիշատակին ձօնուած այս մարզական խրախճանքները վերջին տարիներուն արդէն դարձած են աւանդական։ Այս տարուան ծրագիրը եւս կը հովանաւորէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որու հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ երէկուան բացման արարողութիւնը։ Թէ՛ հոգեւոր եւ թէ մշակութային արարողութիւն մը նախատեսուած էր խրախճանքի բացման առթիւ։ Հարկ է նշել, որ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, Ներսէսեան դպրաց դասու տնօրէն խորհուրդը, Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի կազդուրման կայանի խնամատար մարմինը, Շիշլի եւ Թաքսիմ մարզակումբներու վարչութիւնները համատեղ նախաձեռնութեամբ կեանքի կը կոչեն այս ծրագիրը, որուն իր նպաստը կը բերէ նաեւ մեր ազգայիններէն Ռաֆֆի Քալք: Հանդիսութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ այս նախագծի կազմակերպչական աշխատանքները կը համակարգէ:

Երէկուան ձեռնարկը սկսաւ կազդուրման կայանէն դէպի եկեղեցի փոքրիկ տողանցքով մը: Եկեղեցւոյ զանգակատան ներքեւ համախմբուեցան պատանի մարզիկները, որոնք խրախճանքին մասնակցութիւն կը բերեն։ Ներկայ էին նաեւ իրենց ընտանիքները։ Զանգակատան ներքեւ բոլորը ստացան Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վերյիշեց լուսահոգի պատրիարքը, որու յաւիտենական նենջին համար աղօթք բարձրացուց առ Աստուած։ 

Եկեղեցւոյ մուտքի տողանցքի ժամանակ երաժշտական յայտագիր գործադրեց՝ Ռաֆֆի Տէր-Գէորգեանի կողմէ գլխաւորուած նուագախումբը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան խօսքէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից փողոցներուն մէջ մարզիկները կատարեցին տողանցք մը։ Հուսկ, պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի գլխաւորութեամբ բոլորը միասնաբար հայկական պարերով հանդէս եկան, ինչ որ խանդավառութիւնը հասցուց գագաթնակէտին։ 

Մարզական խրախճանքը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2026