ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
4. Անարժանութեամբ կ՚առնուի՞: 5. Մարդիկ իրենք զիրե՞նք պիտի փորձեն, թէ ուրիշներէ պիտի փորձուին. երախան հաղորդուելու իրաւունք ունի՞: Իսկ չափահասները քանի՞ անգամ իրաւունք ունին: 6. Քահանայութիւնը Քրիստոսով չվերջացա՞ւ: 7. Առաքեալներն ալ կ՚ընէի՞ն: 8. Ե՞րբ կը սկսի գոյափոխութեան: 9. Հացին ու գինիին գոյութիւնը կը փոխուի՞:
4. Մարդ մը սրբուելէ ետք հաղորդուելու պարտք ունի, իսկ եթէ չմաքրուած ուտէ՝ իր անձին համար դատապարտութիւն կ՚ընդունի (Ա. Կր 11.27). եթէ մաքրուի եւ իր վրայ երբեք մեղքերու նշան չըլլայ ու չհաղորդուի, դարձեալ Քրիստոսի հետ բաժին չունի, քանի որ շինուած սուր մը եթէ չկտրէ, ըսել է չէ՛ շինուած. «Եթէ մարմինս չուտէք եւ արիւնս չխմէք, կեանք չէք ունենար» (Յհ 6.54):
Այդ մարմինը նոյնիսկ Քրիստոսէ առաջ մեռնողներուն ալ ներկայացաւ Աստուածային հրաշքով, որպէսզի չմկրտուած ու չհաղորդուած չըլլան (Ա. Պտ 3.19). ուրեմն, վերստին ծնունդի ապացոյցը՝ այն է շինուած սուրին սրիչը ըսել է հաղորդութիւնը. «Ի սրբութիւն սրբոց» առանց անոր՝ սրբութիւն չ՚ապացուցիր:
5. Հաւատացեալ մը պէտք է ինքզինք փորձէ եւ ո՛չ թէ անոր գործերը ուրիշէ մը փորձուին. «Մարդ մը ինքզինք թող փորձէ ու ետքը մօտենայ». այս վերջնական վճիռը, ուրեմն, հաւատացեալ քրիստոնեաներ խոստովանելով ու ապաշխարելով անոր կրնան մօտենալ, իսկ թերահաւատներուն համար չէ, նոյնպէս երեխաներուն մկրտուելու իրաւունք ունենալը գրած ենք, սակայն, ճաշակելու անկարող ըլլալնուն, Պօղոս կ՚ըսէ. «Մանուկները հաղորդուեցան մարմինին եւ արեան», ատոր համար մկրտութենէն ետք՝ մանուկներուն բերանին կը մօտեցնենք, թէ՝ Քրիստոսի բաժին եղար, նոր Իսրայէլ կոչուեցար:
Հաւատացեալ չափահաս մըն ալ Յուդային նման պէտք չէ յուսահատի, հապա տարին մի քանի անգամ Քրիստոսի Սեղանին պէտք է մօտենայ. որովհետեւ մարդ մը անմեղ չ՚ըլլար, սակայն, Աստուծոյ ողորմութիւնը շատ է (Տե՛ս Ապաշխարանքի մէջ):
6. Մինչեւ հիմա մեր գրածներէն կ՚երեւայ, թէ Քրիստոս մէկ անգամ պատարագուեցաւ. բայց ո՛չ պատարագը վերջացաւ եւ ո՛չ ալ քահանայութիւնը, այլ՝ նորի փոխուեցաւ. «Այս է Իմ Նոր Ուխտի արիւնս»։ Հին Օրէնքի քահանաները անպաշտօն չէին «քանի որ իւրաքանչիւր քահանայապետ պատարագներ ու զոհեր մատուցելու համար որոշուած էր» (Եբր 8.3)։ Քանի որ Քրիստոս ալ Քահանայապետ անունը առաւ, Ան ալ պէտք էր, որ բան մը ունենար:
Առաջինները ասոր շուքն էին, որովհետեւ իրենց չեղած արիւնով կ՚ընէին, ատոր համար յաճախ կ՚ընէին եւ ամէն անգամ զատ զատ. այս տարի երինջ մը, յաջորդ տարի ալ նոխազ մը. բայց, Քրիստոսի զոհողութիւնը Իր մարդկութեան մէջ էր. մարդն ալ տարին մէկ անգամ չի կրնար մեռնիլ, իբր այդ Քրիստոս մէկ անգամ պատարագուեցաւ (Եբր 9.27), մեզի ալ պատուիրեց, թէ «քանի անգամ, որ ընէք՝ զիս յիշելու համար է», ո՛չ թէ այսինչ երինջը կամ այնինչ նոխազը պիտի յիշէք: Քրիստոսի այս պատուէրը մեզի համար կտակ մըն է. «Ուր որ կտակ կայ, անհրաժեշտ է, որ կտակ ընողին մահը մէջ մտնէ» (տե՛ս Եբր 9.16): Քրիստոսի մահը վերջնական զոհ էր, հետեւաբար, իւրաքանչիւր քահանայ պիտի ունենայ պաշտօն մը, անշուշտ, որ մատուցէ:
Քրիստոս Իրեն համար եկեղեցի ընտրեց Իր աշակերտները՝ Իր մարմինը ընծայել պատուիրեց անոնց. ուրեմն, այս Նոր ուխտին ալ նոր քահանաներ անհրաժեշտ են, ինչպէս որ Աստուած խոստացած է. «Նոր Ղեւտացիներ պիտի ընտրեմ» (Ես 66.21: Եր 3.15) եւ անոնց ամէնուն մատուցածը միեւնոյն զոհը ըլլալուն համար, Քրիստոսէ կ՚առնենք՝ Քրիստոսի կը մատուցենք՝ «Քուկդ Քեզի կը մատուցենք», ըսելով. «Տիրոջմէ ընդունեցի եւ ձեզի աւանդեցի» (Ա. Կր 11.23). այս աւանդը հազարաւոր անգամ, որ ընենք միեւնոյնն է1, չի՛ փոխուիր եւ չի՛ հատնիր:
7. Առաքեալները այս պատարագը շատ կ՚ընէին, գրեթէ ամէն օր (տե՛ս Գրծ 2.42), գէթ Միաշաբաթի (կիրակի) օրեր (նոյն, 20.7). այս պատճառով է, որ Քրիստոսի եկեղեցին շաբաթը մի քանի անգամ գէթ մէկ անգամ պարտաւոր է պատարագ մատուցել, որովհետեւ Քրիստոսի մարդուն հետ ըրած հաշտութեան խորհուրդն է. մարդիկ ալ միշտ մեղանչական են, միշտ հաշտութեան պէտք ունին, այդ պատճառով Քրիստոս այս պաշտօնը Իր եկեղեցիին տուաւ. «Աստուծոյ խորհուրդներուն հազարապետներն ենք» (տե՛ս Ա. Կր 4.1). «Հաշտութեան պաշտօնը մեզի տուաւ», նոր հովիւներ տալն ալ արդէն խոստացած էր:
8. Քրիստոս երբ հացը ձեռքը առաւ, օրհնեց ու ըսաւ՝ «Ասիկա մարմինս է», եւ բաժակը՝ «Ասիկա արիւնս է», այդ սահմանի կէտէն կը սկսի Տիրոջ ճշմարիտ մարմին եւ արիւն ըլլալը2 եւ Սուրբ Հոգիին ազդեցութեամբ կը կատարելագործուի: Ինչպէս որ «փչեց ու ըսաւ՝ առէ՛ք Սուրբ Հոգին» (Յհ 20.22), բայց, այդ վայրկեանին չառին. ո՛չ թէ Քրիստոսի մէջ չի կար՝ որ չառին, այլ՝ առնել սկսան ու ետքէն առին. որովհետեւ Աստուածային տնօրինութիւնը այդպէս կը պահանջէր, այդպէս ալ Քրիստոսի սահմանումով ո՛չ թէ չի փոխուիր, այլ՝ փոխուիլ կը սկսի ու Սուրբ Հոգիով կը կատարելագործուի ըստ Աստուածային տնօրինութեան:
9. Քրիստոս երբ հացը ձեռքը առաւ ու օրհնեց, այդ հացը հասարակ սեղանի հացէն տարբերուեցաւ. «Ասիկա մարմինս է», Աստուածային արտասանութեամբ սահմանուեցաւ. ինչպէս որ Աստուած մարդուն շունչ փչեց, աման մը կաթին ամէն մէկ կաթիլին մէջ իւղ կենալուն պէս մարդուս հոգին ամէն մէկ անդամին մէջ տարածուեցաւ անտեսանելի կերպով, նոյնպէս Քրիստոսի կատարեալ մարդկութեան մէջ կատարեալ Աստուածութիւնը թէ՛ ամբողջ հասակին մէջ եւ թէ անոր մատին ծայրը բովանդակէ. ինչպէս որ հոգին կը տարածուի ու չի բաժնուիր, նոյնպէս Քրիստոսի Աստուածութիւնը անբաժանելի է: Հօր Աստուծոյ ծոցէն Մարիամին արգանդը իջաւ, դարձեալ անկէ չբաժնուեցաւ. ասոր համեմատ ալ քանի որ հացին ու գինիին սահման դրաւ, այդ օրհնուած հացին ամէն մէկ մասին եւ գինիին ամէն մէկ կաթիլին մէջ Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը պարունակուած է՝ թէ՛ ճաշակելէն առաջ եւ թէ ճաշակելէն ետք անոր մնացածը օրհնուած է. թէեւ ոմանք մնացորդը հասարակ հաց կը սեպեն, ասիկա, սակայն, հերետիկոսութիւն է. հաւատացեալի մը համար Քրիստոսի սահմանը պատճառ չ՚ընդունիր, իսկ թերահաւատի մը համար Քրիստոսի մարդանալն ալ դժուար է ըմբռնել. մարդուս մէջ անտեսանելի հոգի մըն ալ կենալը կասկածելի է ոմանց համար, բայց, Աստուածային հրաշալիքներու մէջ ամէն բան կարելի է հաւատացեալներուն համար, այս պատճառով է, որ Ամենասուրբ Հաղորդութիւնը Խորհուրդ կը դաւանինք եւ անոր ամէն մէկ մասին մէջ բովանդակ է Քրիստոսի զօրութիւնը, որովհետեւ մասը ամբողջին հետ առնչութիւն ունի, որու համար բժշկական օրէնքի վերածելով «համը հացի համ է. գոյնը՝ գինիի գոյն է», ըսելն ու Աստուածային սահմանին դէմ վիճիլը, խթանի դէմ կից նետել է, ինչ որ նոր աղանդներուն հերետիկոսները անգամ չըրին, քանի որ մարդու մը «ա՛ռ քեզի թող ըլլայ», ըսած խօսքովը նուէր մը նուիրատուէն կ՚ելլէ եւ նուիրառուին կը սեփականուի, հապա ինչքա՞ն եւս առաւել Քրիստոսի վճիռով նիւթականը բարոյականի կը փոխուի. ուրեմն, գոյափոխութիւն պէտք է դաւանինք:
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ» Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 27
Վաղարշապատ
1Քրիստոս մէկ անգամ պատարգուեցաւ, դուք շատ կ՚ընէք ըսելով մեզ մեղադրելը՝ հաղորդութիւն մի՛ ընէք ըսել է, պարզապէս, որովհետեւ Պօղոս Եբրայեցիներու զոհին նկատմամբ կ՚ըսեն, բայց, թող ըսեն եւ պիտի ըսեն. քանի որ վերջի ժամանակն է, անշուշտ։ շատեր իրենց հաւատքէն պիտի թուլնան, մեզի համար Քրիստոսի մարմինը անսպառելի է։ Ինք մէկ անգամ պատարագուեցաւ, Եկեղեցին առաքեալներուն պէս միշտ կ՚ընէ, ժողովուրդին ալ տարին քանի մը անգամ այդ Սուրբ Սեղանին մօտենալ կը պատուիրէ. իսկ եթէ այսօր եբրայեցիի մը զՔրիստոս քարոզել պէտք ըլլայ, անշուշտ, մենք ալ Պօղոսի պէս «Քրիստոս մէկ անգամ պատարագուեցաւ» պիտի ըսենք, որպէսզի իրենց յոյսը նոխազի արիւնին վրայէն Քրիստոսի արեան դարձնեն, քանի որ Քրիստոսի արիւնը Քրիստոսի սեղանին կը վայելէ, որ հին սեղանի ձեւին մօտ է, ինչպէս հին սեղանին համար առաքեալը կ՚ըսէ՝ «Աստուծոյ սեղանը» (Ա. Կր 10.21), որ ըսել է առաքեալներն ալ նոյն ձեւով ըրած են, ինչպէս որ մենք կ՚ընենք:
2Ոմանք գոյափոխութեան վրայ բազմաթիւ վէճեր ուինին, այսինչ հայրապետը այսպէս ըսաւ, այնինչ հայրապետը ան «Քրիստոս հացը Իր մարմինին օրինակ տուաւ» ըսած է, կ՚ըսեն. բայց, մենք այսօր այդպէս ըսող հայրապետներէն մեր ձեռքերուն մէջ ունինք գրութիւններ, որոնք «անարաժանութեամբ ուտող զՔրիստոս խաչը կը հանէ» կ՚ըսեն. մանաւանդ, որ նորուս քրիստոնեաներու համոզման համար քիչ շատ դիտողութիւններ պիտի ըլլային, որովհետեւ ծանր խնդիր մըն էր. հացը լոկ յիշատակութիւն չհասկնալու համար «Քրիստոսի մարմինին օրինակն է», ըսին. «Հայոց Եկեղեցին ալ գոյափոխութիւնը ամենէն ետքը ընդունեց», ըսելով մեզի կեղծ պատիւ մը կ՚ընծայեն, բայց, մենք այպիսի խօսքերէն պէտք չէ խաբուինք, Հին եւ Նոր կտակարանը այսօր մեր աչքերուն առջեւ ունինք:
Այս ալ նկատողութեան առնելու կէտ մըն է, թէ Քրիստոսի Հաղորդութեան խորհուրդը թեթեւցնելու համար բռնած ճամբանին ու սկզբունքնին իսկ խօսքով եկեղեցւոյ անդամ ընտրելնին ալ, եթէ նայինք, գոյափոխութիւնը մեզմէ աւելի կը դաւանին, որովհետեւ, եթէ անոր մէջ ներքին ու Աստուածային փոփոխութիւն մը չկայ, վկայութեան ու անդամութեան ինչ կարիք կայ, ըստ իրենց՝ լոկ հաց ըլլալու է, ինչպէս որ կ՚ըսեն. «Համն ու գոյնը չի փոխուիր». ատոր փոխարէն՝ փոփոխութիւնը հոգիի աչքով տեսնելու, արտաքին փոփոխութեան կը նային: