ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԱՆԻՇ
Հայաստանի թղթատարութեան ընկերութիւնը՝ «Հայփոստ»ը վերջերս թողարկեց դրոշմաթուղթ մը, որ ձօնուած է անմոռանալի լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին։ «Մեծանուն հայեր» շարքէն լոյս տեսած է այս նամականիշը, որուն անուանական արժէքը կը կազմէ 320 հայկական դրամ։
Նամականիշին վրայ պատկերուած է մեծանուն լեզուաբան, բառարանագիր, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանը (1876-1953)՝ իր ձեռագրերու խորապատկերին վրայ։ Նամականիշին վրայ գրառումները հայերէնով եւ անգլերէնով են։
Դրոշմաթուղթին վրայ տեղադրուած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի զինանշանը՝ քանի Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակը ընդգրկուած է այդ կարեւոր կազմակերպութեան՝ Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու 2026-2027 թուականներու օրացոյցին վրայ։
Դրոշմաթուղթը պաշտօնապէս հրապարակուած է 13 յուլիս 2026 թուականի դրութեամբ։ Գեղարուեստական ձեւաւորման հեղինակն է՝ Դաւիթ Դովլաթեան։ Տպագրութիւնը կատարուած է Պելժիոյ մէջ։ Դրոշմաթուղթի տպաքանակը 10 հազար է: