ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ
Անգլիոյ մէջ ձեւաւորուեցաւ նոր կառավարութիւն, ինչ որ այս օրերուն համաշխարհային հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ հիմնական նիւթերէն մին է։ Այսպէս, երկրէն ներս վերջերս տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան արդիւնքով պարարտութիւն կրած էր Բանուորական կուսակցութիւնը, որ կը գտնուի իշխանութեան գլուխ: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Բանուորական կուսակցութեան՝ այժմ արդէն նախկին առաջնորդը՝ Քիր Սթարմըր հրաժարեցաւ վարչապետի պաշտօնէն։ Կուսակցութիւնը ձեռնարկեց արտահերթ համագումարի։ Ի վերջոյ, նոր վարչապետ նշանակուեցաւ Էնտի Պէօռնհըմ, որ վերջերս ընտրուած էր կուսակցապետ։ Բանուորական կուսակցութեան 56-ամեայ նոր առաջնորդը Մենչըսթըրի նախկին քաղաքապետն է։
Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորը վերջին օրերուն իրերայաջորդ ընդունեց Քիր Սթարմըրը եւ Էնտի Պէօռնհըմը։ Առաջինը թագաւորին ներկայացուց իր հրաժարականը, իսկ երկրորդին թագաւորը յանձնեց նոր կառավարութիւնը ձեւաւորելու պաշտօնը։
Էնտի Պէօռնհըմ արդէն կազմած է նոր դահլիճը, որու մէջ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը կը զբաղեցնէ Էտուըրտ Միլիպենտ։ Այս վերջինը բանուորական կուսակցութեան նախկին առաջնորդն էր:
Անգլիոյ նոր վարչապետը Էնտի Պէօռնհըմ արդէն կը խօսի երկրի պարագային տասը տարուայ կայուն շրջան մը ապահովելու մասին: