ՏԱՍՆՀԻՆԳ ՄԱՅԻՍԻՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՆԱԽԱԴԱՍՈՒԹԵԱՆ Կ՚ԵՐԹԱՄ

3

Ո՞վ պիտի կանգնեցնէ տեղահանութիւնը: 

Օրեր առաջ կը հարցնէին, թէ ո՞վ պիտի կանգնեցնէ պարտութիւնը, իսկ հիմա կը պոռանք. ո՞վ պիտի կանգնեցնէ տեղահանութիւնը… այս կնոջ տեղահանութիւնը: 

Նոյն նկարը կ՚ընկերանայ մեզի միշտ թերթին մէջ, քաղաքի անկիւնները, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր արաբ հողի վրայ, սակայն, շատ հազուադէպ անոր կը հանդիպինք մեր խիղճին մէջ: 

Նոյն նկարը. միշտ կապարէն ետք կու գայ. պաղեստինցի մայր մը, իր ետեւէն կը քաշէ փոքրիկ մը, անկողին մը եւ կը քալէ անորոշութեան ու հովին մէջէն: Ապաստանէ մը ուրիշ ապաստան կ՚ապաստանի: Ե՞րբ պիտի հաստատուի վերջնական ապաստանի մը մէջ՝ բացի գերեզմանէն: Կարծէք վերադառնալու հրաւէրը սառեցուած է: Քառորդ դարէ ի վեր մենք ականտես կը դառնանք, թէ ինչպէս ան ոսկրացած կը քալէ (ո՞վ ենք մենք, որ համարձակինք այս ոճով խօսելու-հետեւողներ), ճամբարէ մը դէպի ուրիշ վրան մը կ՚ուղղուի կամ կռացած ժայռ մը: Անէծքը, ռումբն ու գրուած ճակատագիրները կը հետապնդեն զինք: Ի՛նչ կ՚ուզէք կոչեցէք զինք, ան իմ մայրս է: 

-Անոր թրծաշաղախէ վրան մը շինեցին, որպէսզի դադրի տեղահան ըլլալէ: Ձգեցէք, որ ան մէկ ապաստանի մէջ հաստատուի:

-Գլուխին վրայ բեռցուած անկողինը… եւ սիրտին մէջ բեռցուած հայրենիքը մէկ թելով կապուած են: Եթէ անկողինը հանգստանայ, ապա հայրենիքը կը կորսուի: 

-Իսկ ե՞րբ ապաստանութիւնը յայտարարութեան եւ զարդ եղած: 

Զրոյցը չի՛ կանգնիր առանց հարուածի մը՝ անգամ մը թշնամիներուն կողմէ, անգամ մըն ալ եղբայրներէն, որով արաբական հայրենիքին մէջ չի մնար (կամ արաբական աշխարհին) տեղ մը, ուր ռումբերը չեն հասնիր՝ փնտռելով այդ կնոջ շուքը, որու անունը չեմ գիտեր, բայց գիտեմ, որ իմ մայրս է: 

-Ինչո՞ւ կը հարուածեն անոր օդանաւերը: 

-Որպէսզի անոր շուքը անհետացնէ երկրի վրայէն: 

-Իսկ ինչո՞ւ կը վնասէ ձեզի անոր շուքը:

-Որովհետեւ ծանր է… Կ՚ըսեն, թէ անոր մէջ կուտակուած է ամբողջ այն ցամաքը, որ ովկիանոսէն մինչեւ ծոց կը տարածուի։

-Ան գոյութենէ բացի ուրիշ բան չի պահանջեր։

-Թշնամին այս մէկով չի գոհանար։

-Իսկ թշնամիին գոհ ըլլա՞լը ձեզ կը բաւարարէ՞, թէ այս կնոջ կեանքը, որ ձեր արիւնէն է։

-Մենք միջոց չունինք թշնամիին հետ պայքարելու։

-Մի՛ պայքարիք անոր փոխարէն, ձգեցէ՛ք, որ ինք պայքարի։

-Մեր հողին վրայ չէ, որովհետեւ թշնամին այս մէկով չի՛ գոհանար։

Թշնամին հիմա կրնայ շրջիլ կամ զբօսնուլ արաբական փողոցներուն մէջ, որոնց գրաւումը տակաւին չէ յայտարարած։ Ան կրնայ սուրճ խմել օդակայաններուն կամ սրճարաններուն մէջ, գիշերել պանդոկներու մէջ, ապա իր անձնական ինքնաշարժով կամ վարձու ինքնաշարժով ուշ գիշերով վերադառնալ Պաղեստինի սահմանները։ Եւ եթէ գիշերային զբօսանքէն յոգնի, կրնայ հանգիստ քնանալ մեր անկողիններուն մէջ։ Արդեօք Քամալ Նասէրը, Քամալ Ատուանն ու Մուհամմէտ Եուսուֆ Նաճարը իրենց անկողիններէն չվռնտե՞ց։ 

Արաբները բարկացան այս անարգանքէն, միլիոնաւորներ քալեցին անոնց յուղարկաւորութեան ժամանակ։ Մէկ շաբաթ ետք արաբական օդանաւերը՝ իբրեւ պաշտպանութիւն արաբ կիներու հանգիստ անկողիններուն, ռմբակոծեցին այդ կինը, որուն անունը չեմ գիտեր, բայց գիտեմ, որ ան իմ մայրս է։

-Ինչո՞ւ կը ռմբակոծեն զինք։

-Իր շահին համար, իրեն պաշտպան կանգնելու համար։ Մենք չենք կրնար պաշտպանել զինք թշնամիի արշաւանքներէն, ուստի, կը պաշտպանենք զինք այն կեանքէն, որ իրեն թափառականութիւն ու թշուառութիւն կը պատճառէ։ Մեզի համար աւելի լաւ է, որ մեռնի բարեկամի գնդակով, քան թէ թշնամիի գնդակով։

4

Ձայնաժապաւէնի մը վրայ, բացումը թռչուններու ճռուողիւնինն էր: Առաւօտեան ժամը տասն էր, իսկ թռչունները ո՛չ կեցութիւն եւ ո՛չ ալ շահ ունին: Մի քանի վայրկեան ետք օդանաւերու ձայները լեցուեցան (յանկարծ սկսանք պատերազմիլ) մէկ հարուածէն միւսը թռչունները կը շարունակէին իրենց ճռուղիւնը:

-Ինչո՞ւ։

-Որովհետեւ քաղաքականութենէ չեն հասկնար։

-Մահէն վախնալու բնազդ չունի՞ն:

-Ունին, բայց գիտեն, որ օդանաւերը այս ծառը չեն ռմբակոծեր։

-Ինչպէ՞ս գիտեն։

-Որովհետեւ թերեւս կեղծ թեւերով եկած են այստեղ։ 

-Հաւատայ կամ մի՛ հաւատար։ Ականջներովս լսեցի զինք։ Ահա ձայնաժապաւէնը։

-Ուրիշ ի՞նչ լսեցիր։

-Հոնկ Քոնկը յեղափոխութեան հող չ՚ըլլար։

-Ո՛չ ոք նման բան կը պահանջէ։

-Ո՞ւր է մարմինդ։

-Հագուստներուս տակ։

-Իսկ ի՞նչ են անոր սահմանները։

-Թուականներ. Հարաւէն՝ 15 մայիս 1948: Արեւելքէն՝ նոյեմբեր 1956: Արեւմուտքէն՝ 5 յունիս 1967: Հիւսիսէն՝ սեպտեմբեր 1970: Ահաւասիկ մարմինիս սահմանները: 

-Ռումբեր կը կրե՞ս։

-Ո՛չ։

-Ուրեմն ի՞նչ կը կրես։

-Զայրոյթով լեցուն եմ։

-Ինչո՞ւ կ՚ապրիս։

-Որպէսզի հայրենիքս վերադառնամ։

Այս է խնդիրը. կարեւոր չէ, թէ փողոցին, ճամբարին կամ տան մէջ զէնք կը կրես, թէ ոչ, քանի տակաւին այս զայրոյթով լեցուն մարմինը կը կրես, ինչպէս դուն իսկ խոստովանեցար, որովհետեւ դուն պայթելու պատրաստ էակ մըն ես եւ պայթելովդ ալ արաբները խնդիրի մէջ նետելու պատրաստ։ Բայց մի՛ մոռնար, թէ Հոնկ Քոնկը յեղափոխութեան հող չէ։ Արտօնէ ինծի ըսել, թէ այնքան ատեն որ այստեղ կաս, ապա Պաղեստինն ալ այստեղ կայ։ Պաղեստինը հրապարակային առեւտուրի ենթակայ չէ, որովհետեւ թշնամին կը բարկանայ… կը բարկանայ… կը բարկանայ։ Կը հասկնա՞ս։

-Ասիկա ընտրութիւնս է եւ ճակատագիրս։ Եթէ ազատագրուիմ ընտրութենէս, այն ատեն պիտի ազատագրուիմ նաեւ ճակատագիրէս։

-Գնա՛ այն երկիրները, որոնք իրենց շահերն ու օրէնքները կը հիմնեն Պաղեստինի հարցի առաջնահերթութեան վրայ։ Սակայն, զգոյշ եղիր. մի՛ զբաղիր ներքնազգեստի վաճառքով կամ ապակեպատ սենեակի մէջ դռնապանի գործով, որովհետեւ թշնամին դարձեալ պիտի բարկանայ…, բարկանայ…, իսկ մեր տունը ապակիէ է։

-Ես այստեղ ծնած եմ։ Փախստական չեմ։ Քառորդ դարէ ի վեր այստեղ ծնած եմ։ Հոնկ Քոնկը յեղափոխութեան հող չէ։ Փախստական չեմ։ Հետեւաբար, ինչո՞ւ Հոշիմին1 (Սայկոն) կ՚ըլլաս։

-Որովհետեւ թշնամին կը բարկանայ։

-Ո՞ւր կ՚երթայ, ուրեմն։

-Արաբական յեղափոխութեան մօտ։

-Ո՞ւր է ան։

-Չեմ գիտեր։

Շարունակեցի լսել ձայնաժապաւէնի մնացեալ մասը։ Օդանաւերու եւ հրետանային ռումբերու ձայները խառնուած էին թռչուններու ձայներուն հետ…։

(«Տխրութեան սովորական օրագիր»)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շարունակելի…

Վաղարշապատ


1Վիեթնամի մէջ քաղաք մը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026