ՍԻՐԵԼ ԱՅՆ, ԻՆՉ ՈՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՍ ԸՆԵԼ
Մարդկային կեանքին մէջ կան որոշ հարցեր, որոնց պատասխանը եղած է եւ մի՛շտ ալ պիտի ըլլայ յարաբերական, որովհետեւ իւրաքանչիւր անձի մտածելակերպը կը կազմուի միջավայրի, փորձառութեան եւ իր հաւատացած արժէքներուն հիման վրայ եւ, հետեւաբար, բնական է, որ ըլլան տարբեր ու շատ անգամ հակառակ: Որոշ հարցերու պատասխանները կը շարունակեն մնալ յարաբերական, որովհետեւ այն ինչ, որ երէկուան ժամանակաշրջանին համար ճիշդ կը նկատուէր, այսօր կրնայ սխալ նկատուիլ եւ հակառակը։ Այդ իսկ պատճառով, բարոյականութեան, մարդու երջանկութեան, արդարութեան, սիրոյ, ազատութեան եւ նման բազմաթիւ հարցերու պարագային վաւերացուած հաստատուն պատասխան մը գոյութիւն չունի: Սակայն, հակառակ այս բոլորին, մարդկութիւնը յամառութեամբ կը շարունակէ որոշ հարցերու պատասխանը փնտռել. օրինակի համար, ո՞վ երբեւէ կրնայ տալ «ի՞նչ է կեանքը» հարցին պատասխանը։ Կարելի է տալ հազարումէկ սահմանում, որ շատերու համար ճիշդ եւ շատերու համար սխալ թուի, սակայն, երբեք լիարժէք պատասխան մը չստանայ:
Վերոյիշեալ հարցի պատասխանը փնտռողներէն մէկն էր նաեւ անգլիացի գրող եւ փիլիսոփայ Ալտըս Հաքսլի, որ համաշխարհային գրականութեան մէջ յայտնի է իր «Նոր քաջ աշխարհ» (Brave New World) աշխատութեամբ, որ լոյս տեսած է մեր թուականէն 94 տարիներ առաջ՝ 1932 թուականին: Հեղինակին այս աշխատութիւնը կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ իր մէջ որոշ «մարգարէական» շունչ մը ունի։ Հեղինակը կը փորձէ վերլուծել մարդկութեան ապագան եւ որոշ հետեւողութիւններ ընել, թէ դէպի ո՞ւր կ՚առաջնորդուի ապագայ մարդկութիւնը։ Այս աշխատութեան մէջ հեղինակը լուրջ վերլուծութեամբ կը փորձէ որոշ լուրջ մտահոգութիւններ բարձրաձայնել եւ մենք այսօր որպէս ընթերցող, մօտաւորապէս ինն տասնամեակ ետք, անոնց իրականացումն է, որ կը տեսնենք:
Հեղինակը իր գործի առաջին գլուխին մէջ կը խօսի մարդու լոյս աշխարհ գալուն մասին եւ նկատել կու տայ, որ ժամանակի ընթացքին մարդկային ծնունդը պիտի կորսնցնէ իր նախկին փառքն ու կարեւորութիւնը եւ պիտի դառնայ մեքենայական՝ այնպէս ինչպէս մերօրեայ գործարանները այս կամ այն ապրանքը կ՚արտադրեն։ Անշուշտ, հեղինակի գաղափարները որոշ տարօրինակութիւններ ունին. օրինակի համար, ան որպէս արտադրանք կը տեսնէ մարդը, որ «գործարանէն» դուրս կու գայ ինն ամիսներու ընթացքին եւ կ՚ունենայ «պիտանիութեան ժամկէտ» մը՝ նախօրօք «որոշուած» արտադրութեան ժամկէտով՝ որ ունի իր հաստատ աւարտը։ Ան կը փորձէ մարդկային ծնունդը համեմատել գինիի գործարանի արտադրութեան հետ, ուր գինին կը ստեղծուի, որոշ ժամանակ ետք այլ տակառներու մէջ կը փոխադրուի, կը հիննայ ու կը սպառի։ Այնպէս ինչպէս գինին ունի կարմիրն ու վարդագոյնը, լեղին ու քաղցրը, նոյնպէս մարդկութիւնը ունի իրարմէ տարբերող յատկութիւններ ու որակներ: Հեղինակը իր այս համոզումը կը փորձէ «հիմնաւորել» հետեւեալ մտածողութեամբ.
Մարդ նախքան լոյս աշխարհ գալը՝ որոշ դեր մը, ուրիշներու կողմէ հիմնուած հիմք մը կ՚ունենայ. օրինակի համար, քրիստոնեայ ընտանիքին մէջ զաւակը լոյս աշխարհը կու գայ արդէն իսկ որպէս քրիստոնեայ եւ նախքան սեփական կարծիք ունենալը՝ կ՚առաջնորդուի ուրիշներու կարծիքներով ու որոշումներով։ Այլ խօսքով՝ այնպէս ինչպէս գործարան մը նախապէս որոշած կ՚ըլլայ ինչպիսի ապրանք արտադրել, մարդը եւս իր զաւակը լոյս աշխարհ կը բերէ նոյն մտածումով: Հեղինակը դիտել կու տայ, որ մարդկային ընկերութիւնը առանց նկատելու կը սկսի միօրինակութիւններու հետեւիլ. տարօրինակ թուացող այս գաղափարները հիմնականին մէջ ըսել կ՚ուզեն հետեւեալը.
Մարդկային ընկերութիւնը որոշ օրէնքներով, որոշ հսկողութիւններով կը փորձէ մարդը վերածել մեքենայի. կը փորձէ այսպէս կամ այնպէս իշխել անոր առօրեային, մտահոգութիւններուն եւ մինչեւ իսկ նպատակներուն վրայ։ Մարդիկ լոյս աշխարհ կու գան կամաց-կամաց մեքենայական որոշ գիծի մը հետեւելու համար։ ինչպէս՝ մանկապարտէզ երթալ, դպրոց երթալ, համալսարան երթալ, աշխատանք գտնել, նշանուիլ ու պսակուիլ, առօրեայ հոգերով ծանրաբեռնուիլ եւ այլն… Անշուշտ, հեղինակը այս բոլորը սխալ չի նկատեր, այլ պարզապէս դիտել կու տայ, որ մարդկութիւնը նոյն հոսքին, նոյն գիծին վրայ կը փորձեն յառաջ երթալ։ Ընկերութիւնը մարդուն մէջէն կը փորձէ վերացնել անհատականութիւնը եւ որոշ նախասահմանուած «ճիշդ»եր ստեղծելով կը փորձէ «արտադրուած», արտադրական հոսքի մը «հնազանդ» անհատներ լոյս աշխարհ բերել: Մարդկութիւնը նախապէս որոշուած գիծերով կ՚առաջնորդուի, որովհետեւ աշխարհը կ՚ուզէ մարդը կանխատեսելի դարձնել եւ այդ ձեւով է, որ մարդ արարած դիւրութեամբ իշխելի կը դառնայ։ Այսօր փոքրամասնութիւններն են, որ տարբերելով հասարակութենէն իրենց սեփական անհատականութեամբ կ՚առաջնորդուին, այլապէս եթէ համեմատենք մեր ընտանիքները, մեր ծնողները՝ անոնց մէջ պիտի գտնենք բացայայտ նմանութիւններ, որոնք բնաւորութենէն կամ կեանքի որակէն աւելի «վարժութեան» հարց մըն է, որ մարդուն վրայ պարտադրուած է ընկերութեան մէջ որոշ «ճիշդ»եր ու «սխալ»ներ սահմանելով: Այսօր մարդիկ ունին որոշ կարգուած դասակարգեր եւ անհրաժեշտութեան պարագային այսօր անձ մը փոխարինելը շատ աւելի դիւրին է՝ քան անցեալին:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ուրիշներէ բարձր դիրքի հասնիլ եւ առաջնորդ ըլլալ, կը նշանակէ աւելի ծանր պարտականութիւն մը ստանձնել հպատակներուն ծառայելու համար:
ԱՆՅԱՅՏ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան