ԻՒՐԱՏԵՍԱԿ ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Երեւանի մէջ սկսաւ Հայագիտութեան միջազգային երրորդ քոնկրէսը, որ տեղի կ՚ունենայ Մատենադարանի համալիրէն ներս։ Այս տարուան հաւաքոյթը ձօնուած է՝ Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին։ Եռօրեայ համաժողովի բացման հանդիսաւոր նիստը տեղի ունեցաւ Մատենդարանի մեծ դահլիճին մէջ։ Այս համաժողովին կը մասնակցին աշխարհի տասնվեց երկիրներէ յառաջատար համալսարաններու եւ գիտական հաստատութիւններու հայագէտներ, գիտնականներ եւ մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներ։ Պոլիսէն սոյն համաժողովին համար Երեւան մեկնած է՝ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան։
Հայագիտական միջազգայի երրորդ քոնկրէսի պաշտօնական բացման ներկայացուեցաւ Վաչէ Շարաֆեանի «Հայաստան» երգը՝ «Հովեր» պետական սենեկային երգչախումբի կատարմամբ։ Հարկ է նշել, որ սոյն գործը յետայսու պիտի հնչէ՝ որպէս Մատենադարանի պաշտօնական արարողակարգային ուղեկցում։
Համաժողովի բացման ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան, Երեւանի մօտ Իտալիոյ դեսպան Ալեսանտրօ Ֆերանթի։ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան համաժողովի պաշտօնական բացման նիստին ժամանակ առիթն ունեցաւ զրուցելու՝ Արա Խզմալեանի, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ վրդ. Կարապետեանի հետ, որ եւս ներկայ էր բացման լիագումար նիստին։
Երեւանի մէջ մասնագէտները համախմբուած են՝ հայագիտութեան ոլորտի փոխակերպումները տեսանելի դարձնելու, գիտական համայնքի բարձր իրազեկութիւնը ապահովելու նպատակով։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանի խօսքով՝ պատահական չէ, որ «Հայաստան» երգը Մատենադարանին կ՚ընծայաբերուի այս միջազգային համաժողովի շրջանակներէն ներս։ Արդարեւ, համաժողովը նուիրուած է հայկական հոգեւոր անցեալի ամենալուսաւոր դէմքերէն մէկուն՝ Մխիթար Սեբաստացիի 350-ամեակին։ «Կան վայրեր, որոնց նշանակութիւնը կը չափուի ո՛չ թէ ֆիզիքական սահմաններով, այլ աշխարհի մտաւոր քարտէսին վրայ զբաղեցուցած ծաւալով եւ կշիռով։ Այսպիսին է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւնը՝ հայագիտութեան Եւրոպայի օրրանը։ Մխիթար Սեբաստացին հանգրուանած է Վենետիկի ծովածոցի գողտրիկ կղզիին մէջ եւ ձեւաւորած է հայկական մտքի նոր աշխարհագրութիւն մը։ Սա իր ժամանակին համար խիզախութիւն էր, իսկ պատմութեան չափումներով՝ քաղաքակրթական ցատկ։ Այդ քայլը ո՛չ թէ աշխարհէն հեռանալու, այլ աշխարհին ընդառաջ երթալու, ո՛չ թէ մեկուսացման, այլ ինքնընդլայնման ու ներթափանցման վճիռ մըն էր։ Մխիթար Սեբաստացիի առաջնորդութեամբ այդ կղզին ժխտեց կղզիացումը։ Ան շարունակեց իր հանճարեղ նախորդներու առաքելութիւնը՝ հայ մշակոյթը եւ միտքը դարձնելով համաշխարհային մտաւոր հաղորդակցութեան անբաժանելի մասը», ըսաւ Արա Խզմալեան։
Խզմալեանի համոզմամբ՝ դժուար է ամբողջապէս գնահատել հոգեւոր, գիտական, մշակութային ժառանգութիւնը, որ Մխիթարեան միաբանութիւնը թողած է, առաւել եւս դժուար է գնահատել այն գաղափարը, թէ աւանդած է Մխիթար Սեբաստացին՝ ազգային ինքնութիւնն ու մշակոյթը կենսունակ են այնքանով, որքանով կը մտնեն համաշխարհային մտքի ստեղծարար երկխօսութեան մէջ։ «Ան իր կեանքով ու գործով օրակարգէ հանեց «փոքր ժողովուրդ» հասկացութիւնը, հաստատեց այն ճշմարտութիւնը, թէ ժողովուրդները կը չափուին աշխարհի մտաւոր փոխակերպումներու մէջ իրենց մասնակցութեան եւ ներկայութեան ծաւալով։ Իր լայնահուն աշխարհայեացքով ու մտահորիզոնով ան կ՚ուղենշուի Մխիթար Սեբաստացին։ Մատենադարանն ու Մխիթարեան միաբանութիւնը մէկ աւանդոյթի երկու հանգրուաններ են՝ աշխարհիկ եւ կրօնական, այն աւանդոյթի, որու մէջ ճանաչողութիւնը չ՚ընդհատուիր, իսկ նիւթեղէն խորհրդանշանը՝ ձեռագիրը, ո՛չ միայն յիշողութեան վկայութիւն է, այլեւ ապագան ձեւակերպելու լեզու եւ ժողովուրդի պատմական ներկայութեան վաւերացում», շարունակեց Մատենադարանի տնօրէնը։
