ՈՒՂԻՂ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ…
Ուղիղ գործելու համար, չի՛ բաւեր «լաւ դատել» կամ մեր ընելիքը յստակօրէն գիտնալ, եթէ նոյնիսկ ասիկա առաջնահերթ ըլլայ։ Շատ անգամ, մենք անտրամաբանական ենք մեր համոզումներուն հետ, նոյնիսկ եթէ անոնք ամո՛ւր են։
Արդարեւ, մեր խիղճը զուր տեղ մեզի որոշ բարոյական դատում մը կը թելադրէ, քանի որ կարգ մը պարագաներու մէջ՝ մեզ հրապուրող ուրիշ բաներ աւելի կարողութիւն ունին, եթէ չենք յաջողած մեր մտքին ըմբռնած բարիքը մեր մէջ արմատաւորել որպէս զգացական խորունկ մէկ ձգտում կամ որպէս բարիքի հանդէպ տրամադրելիութիւն՝ որոնք ուրիշ հրապոյրներէն աւելի՛ ծանր կը կշռեն եւ մեզ կ՚առաջնորդեն ըմբռնելու, թէ մեր որպէս բարիք հասկցածը՝ մեզի համար՝ հաւասարապէս բարիք է նաեւ հոս՝ ներկայի՛ս։
Բարոյական գործօն կազմաւորում մը կը կայանայ անձի մը ցոյց տալու, թէ պէտք է մինչեւ ի՞նչ աստիճան «ուղիղ գործել»։ Այսօր՝ ընդհանրապէս ապարդիւն է ջանք եւ զոհողութիւն պահանջող բան մը խնդրել, առանց միանգամայն անկէ քաղելիք բարիքը յստակօրէն ցոյց տալու։ Այս ուղղութեամբ անհրաժե՛շտ է ունակութիւններ զարգացնել…
Մանկութենէն ժառանգուած սովորութիւններն ալ դրական կարողութիւններ ունին, օժանդակելով, որ իւրացուած մեծ արժէքները առողջ եւ կայուն վարուելակերպերով դրսեւորուին։ Կարելի է ընկերական զգացումներ եւ բարի տրամադրութիւն ունենալ ուրիշներուն հանդէպ, սակայն, եթէ մարդ երկար ատեն չէ վարժուած՝ երէցներուն պնդումին տակ՝ «հաճի՛ս», «ներողութիւն», «շնորհակալ եմ», «խնդրե՛մ» ըսելու, այս խօսքերուն ներքին բարի տրամադրութիւնը դիւրաւ պիտի չդրսեւորուի։
Կամքին ամրացումը եւ որոշ արարքներու կրկնութիւնը կը կազմեն բարոյական ապրումը, բայց այսպիսի դաստիարակութիւն մը կիսաւարտ կը մնայ, առանց գիտակից, ազատ եւ արժեւորուած կարգ մը բարի վարուելակերպերուն։ Որոշ արժէքի մը հանդէպ մեր զգացած հետաքրքրութիւնը եւ քաշողականութիւնը առաքինութիւն չեն դառնար առանց դիպուկ կերպով դիտաւորուած այս արարքներուն։
Ազատութիւնը սքանչելի՜ բան մըն է, բայց մենք կրնանք զայն փճացնել։ Բարոյական դաստիարակութիւնը, ազատութիւնը կազմաւորում մըն է, ի դիմաց առաջարկներու, դրդապատճառներու, անոր գործնական կիրարկումին, անոր գործադրումին, դրդումին, վարձատրութիւններուն, օրինակներուն, նմոյշներուն, խորհրդանիշներուն, խորհրադածութիւններուն, յորդորներուն, վարուելակերպին եւ երկխօսութիւններուն, որոնք մարդոց կ՚օգնեն զարգացնելու այն ներքին եւ կայուն սկզբունքները, որոնք կ՚առաջնորդեն ինքնաբուխ կերպով բարիք գործելու։
«Առաքինութիւն»ը համոզում մըն է, գործի ներքին եւ կայուն սկզբունքի կերպարանքի տակ։ Հետեւաբար «առաքինի կեանք» մը ազատութիւնը կը կերտէ, զայն կը զօրացնէ եւ կը կրթէ՝ արգիլելով, որ անձ մը գերի չդառնայ պոռթկացող, հակամարդկային եւ հակաընկերային բուռն ձգտումներու։ Արդարեւ, մարդկային արժանապատուութիւնը կը պահանջէ, որ ամէն մարդ գիտակից եւ ազատ ընտրութեան մը համեմատ գործէ, մղուած եւ ամրացուած անձնական համոզումի մը կողմէ։
Նմանապէս անհրաժե՛շտ է մանուկը կամ պատանին զգուշացնել, որպէսզի անդրադառնայ, թէ գէշ գործերը իրենց հետեւանքները ունին։ Պէտք է իրենք զիրենք «ուրիշին տեղ դնել»ու եւ անոր հետ ցաւակցելու կարողութիւնը անոնց մէջ արթնցնել, երբ վնաս հասցուցած են անոր…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 22, 2026, Իսթանպուլ