ՍԻՐԵԼ ԱՅՆ, ԻՆՉ ՈՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՍ ԸՆԵԼ
Ալտըս Հաքսլի կը հաւատայ, որ աշխարհ լուրջ պայքար կը մղէ, որպէսզի մարդ պարտաւորուած սիրէ այն բոլորը, որ իր կամքէն անկախ կը կատարէ։ Այսինքն այն աշխատանք կամ արարքը, որ ընկերութեան համոզումներուն գոհացում տալու պատճառով կ՚ընէ, ունենայ այն համոզումը, որ սիրելով կ՚ընէ: Հեղինակը իր աշխատութեան մէջ իր հերոսին բերնով հետեւեալը կ՚ըսէ. «…ահա՛, երջանկութիւնը եւ առաքինութեան գաղտնիքը՝ սիրել այն, ինչ որ պարտաւոր ես ընել: Ամբողջը կը ձգտի մէկ բանի՝ մարդոց մէջ սէր ստեղծել իրենց անխուսափելի հասարակական ճակատագրին հանդէպ»:
Անշուշտ, առաքինութիւն ու երջանկութիւն բառերը իրարու ինչքան ալ մօտիկ թուին, իրականութեան մէջ, կրնան ամբողջութեամբ հակառակ իմաստ մը ստեղծել։ Առաքինութիւն կը նկատուի այն բոլոր, որ հասարակութեան կողմէ որպէս «ճիշդ» կ՚որակուի, սակայն, միշտ չէ, որ այդ ճիշդը մարդուն սեփական երջանկութիւն կ՚ապահովէ։ Շատ անգամ այդ կարծուած ճիշդի գործադրումը մարդը առաքինի կը դարձնէ, սակայն, ո՛չ միշտ երջանիկ, իսկ կան որոշ երջանկութիւններ, որոնք առաքինութեան հետ ընդհանրապէս աղերս չունին, սակայն, իրենց հակառակութիւններով հանդերձ՝ մարդկային պատմութեան մէջ այդ երկուքը նոյնացած կը դրուին մարդուն դիմաց, որովհետեւ ճիշդը կատարող մարդը պարտի երջանիկ ըլլալ, իսկ միւս կողմէ երջանիկը պարտի ճիշդը կատարել։ Այս է մարդկային հասարակ ու պարզ տրամաբանութիւնը:
Սիրել այն ինչը, զոր մարդ տեղ մը պարտաւոր է ընել՝ կրնայ կեղծի տպաւորութիւն ձգել։ Գիտենք, որ ընդհանրապէս մարդ չի սիրեր ընել այն բոլորը՝ որ պարտադրուած կ՚ընէ։ Այս մէկը պարզապէս մարդկային կեանքը երջանիկ ապրելու յերիւրանք մըն է. օրինակի համար, մարդ պարտաւոր է պետութեան ենթարկուիլ։ Եթէ այդ ենթարկուիլը որպէս ենթակայութիւն՝ հպատակութիւն ընդունի, ինքնաբերաբար բացասական ազդեցութիւն պիտի զգայ, սակայն, սիրայօժար ու ինքնակամ ենթակայութիւնը անոր մօտ դրական զգացողութիւն պիտի ստեղծէ։ Այլ խօսքով՝ մարդ իւրաքանչիւր արարքի դիմաց դրական կամ բացասական զգացողութիւնը ինք պիտի ստեղծէ եւ նախընտրելի է ընտրել դրականը՝ մանաւանդ այն պարագաներուն, երբ փոխելը, յեղաշրջելը այնքան ալ դիւրին չէ։ Հեղինակը կ՚ուզէ, որ աղքատ մարդը իր աղքատութեան մէջ եւս ուրախութիւն մը գտնէ, որովհետեւ անոր համոզումով՝ մարդ «պարտաւոր» է այդ մէկը ընել, որովհետեւ կեանքը շատ աւելի դիւրին ու հեզասահ պիտի ընթանայ, եթէ մարդ իր մէջ ստեղծէ այդ դրական զգացողութիւնը։ Մարդ եթէ գոհ չըլլայ իրեն պարտադրուածին, միշտ ինքզինք պիտի գտնէ դժգոհութեան եւ սահմանափակումի դիմաց։ Այդ իսկ պատճառով, մերօրեայ կեանքը մարդը որոշ գնահատականներով կը պարտադրէ, որպէսզի սիրէ եւ կամ գէթ զգայ, թէ սկսած է սիրել այն բոլորը, զոր կը կատարէ: Օրինակի համար, բանուորութեան գործը հաճելի գործ մը չէ. յոգնութիւնը շատ է, սակայն, այդ յոգնութեան դիմաց մարդ կը ստանայ գնահատական մը՝ աշխատավարձ մը, որ մասամբ «սիրելի» կը դարձնէ այդ բոլորը, որովհետեւ մարդ իր յոգնութեան արդիւնքը կը ստանայ:
Անշուշտ, հեղինակը այս բոլորը դրական տրամադրութեամբ չի յայտներ։ Ան այս մէկը ճիշդ կը տեսնէ պարզապէս այն պատճառով, որ մարդկային ճակատագիրը «անխուսափելի» կը նկատէ։ Անոր համոզումով՝ չկայ իրավիճակ, ջանք կամ դէպք, որ յաջողի փոխել այդ ճակատագիրը, որովհետեւ իր համոզումով՝ մարդը «արտադրութիւն» ըլլալով՝ նախօրօք որոշուած ունի իր ճակատագիրը: Անոր համոզումով՝ կրթական համակարգը եւս կը ձգտի այդ ճակատագիրը եւ պայմանաւորուածութիւնը բնական դարձնել։ Եթէ մարդ իր վրայ պարտադրուածին ճնշումը չզգայ, արդէն իսկ կեանքը կը սկսի ուրախ ապրիլ։ Գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ մարդիկ իրենց պետութեան հանդէպ պարտաւորութիւն մը ունին. գրեթէ բոլորը իրենց սեփական աշխատանքն ու յոգնութիւնը որպէս հարկեր «կը նուիրաբերեն» պետութեան. այդ զոհողութիւնը, բնականաբար, ուրախութիւն չի բերեր, սակայն, աշխարհ կը փորձէ այդ մէկը բնական դարձնել։ Այդ բնական դառնալու ընթացքն է, որ մարդուն մէջ պարտաւորը սիրայօժարի տրամադրութեան մէջ կը դնէ:
Այս բոլորը կը կատարուին, որովհետեւ մեծամասնութիւն մը կ՚առաջնորդուի փոքրամասնութեան հաստատած ու որոշած օրէնքներով։ Նոյնիսկ ժողովրդավար կարծուած երկիրներու մէջ գոյութիւն ունի փոքրամասնութիւն մը, որ կ՚որոշէ մարդոց ապագան ու ճակատագիրը, որուն զոհերը միշտ մեծամասնութիւնը կ՚ըլլայ: Այդ փոքրամասնութեան համար կարեւոր է, որ մեծամասնութիւնը իրենց որոշումներն ու հրամանները կատարէ ո՛չ թէ պարտադրուած՝ այլ սիրով, որովհետեւ պարտադրուած ըլլալու զգացումը ըմբոստութիւն յառաջ կը բերէ, մինչ փոքրամասնութիւնը կ՚ուզէ ամբոխը առաջնորդել առանց բախումներու եւ ըմբոստութիւններու։ Գուցէ այդ է պատճառը, որ պետութիւններ երկու լաւին կողքին մէկ վատ մը կը մտցնեն՝ որպէսզի վատը ձեւով մը քօղարկուած մնայ երկու լաւերուն մէջ. օրինակի համար, տարեցներու համար անվճար կը դարձնեն բժշկութիւնը։ Այդ մէկը մեծ աղմուկով կը յայտարարեն, սակայն, միւս կողմէ լռութեան մէջ վճարովի կը դարձնեն մանկական բժշկութիւնը՝ այդ մէկը յայտարարութիւններէն հեռու պահելով։ Այս մէկը մեր նեղ հայկական օրինակներէն մէկն է. լաւը միշտ մեծցուած ներկայացնել՝ որպէսզի երեւան չգայ վատը, որ որոշուած է արդէն:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Անխիղճ
մարդը կը վախնայ առանձին մնալէ, որովհետեւ գիտէ, որ լռութեան մէջ Աստուած կը խօսի: Անիկա կը նախընտրէ ո՛չ թէ Աստուած, այլ մունջ կուռքերը:
ԱՆՅԱՅՏ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան