ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԵՆԹԱԳԵՏԻՆ
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի յարկէն ներս կազմակերպուած Հայագիտութեան միջազգային երրորդ քոնկրէսը վերջին օրերուն հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը մագնիսացուց այս բնագաւառին վրայ։ Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին ձօնուած այս համաժողովը առիթ դարձաւ բազմակողմանի քննարկումներու։ Հայագիտութեան բնագաւառի զարգացման ենթագետին մը ստեղծելու ուղղեալ հաւաքական միտք ձեւաւորելու տեսակէտէ յաւակնոտ հարթակ մըն է այս մէկը։ Պոլիսէն այս համաժողովին կը մասնակցի Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան։
Համաժողովի ծրագիրը բաղկացած էր գիտական զանազան նիստերէ, որոնք թեմաթիք քննարկումներու դուռ բացին։ Գիտնականները շօշափեցին հայագիտութեան զարգացման ուղղեալ համագործակցութեան նոր ծրագրերը, որոնք կը մշակուին յստակ ռազմավարութեան մը առանցքին շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ, բնականաբար, թուային հորիզոնները անպայման նկատի կ՚առնուին։ Բաց աստի, զեկուցում ներկայացուցած մասնագէտները առանձին նիստով մը արժեւորեցին՝ միջազգային զանազան կազմակերպութիւններու կողմէ տրամադրուած դրամաշնորհային նախագծերը, որոնք հնարաւորութիւն կրնան ընձեռել նոր միջոցներ գտնելու՝ նպատակներու իրականացման ճանապարհին։
Համաժողովի նիստերու ընթացքին զեկուցումներ ներկայացուցին Հայաստանէն եւ աշխարհի այլ զանազան երկիրներէն օտար գիտնականներ։ Բաց աստի, մասնաւորապէս Եւրոպայի զանազան համալսարաններէն ներս գիտական գործունէութեան ներգրաւուած հայազգի գիտնականներու մօտեցումներն ալ առանձնապէս ուշագրաւ էին։
Այս համաժողովին առթիւ ներկայացուեցան անցեալ մէկ տարուան ընթացքին Մատենադարանին նուիրաբերուած ձեռագիր մատեանները, որոնք կառոյցի հաւաքածոն եկած էին լրամշակելու։ Բաց աստի, Մատենադարանի մեծ դահլիճի յարկաբաժնի ամբողջ տարածքը յատկացուած էր ընդարձակ ցուցահանդէսի մը՝ ձօնուած Մխիթար Սեբաստացիի եւ իր աշակերտներու գործունէութեան։
Հայագիտութեան միջազգային երրորդ քոնկրէսը այսօր արդէն կ՚եզրափակուի։ Մատենադարանի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ առանձին խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն կը մասնակցին ներկայացուցիչները այն կառոյցներու, որոնք Հայաստանէ դուրս հայկական ձեռագրեր ունին իրենց հաւաքածոներուն մէջ։ Այդ խորհրդակցութեան ալ ներկայ կը գտնուի Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան։
Մատենադարանի եւ հայկական հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու մասնակցութեամբ նախատեսուած փակ քննարկում մըն է այս մէկը, որուն կը մասնակցին Մատենադարանի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան, Զմմառի Կաթողիկէ հայոց պատրիարքութեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան ներկայացուցիչները։ Որպէս հիւր ներգրաւուած է նաեւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան, որ մասնակցութիւն կը բերէ համաժողովին։
Այս ձեւաչափին մէջ աշխատանքները արդէն որոշ ժամանակէ մը ի վեր ընթացք առած են, ուստի, մասնակիցները կ՚արժեւորեն ընդհանուր արդիւնքները, կը ջանան համագործակցութիւնը զարգացնելու եզրեր որոնել, քննարկել հեռանկարներն ու առկայ մարտահրաւէրները։ Շրջանակային քննարկման ընթացքին կը նախատեսուի յիշեալ հաստատութիւններուն միջեւ համակարգել եւ կանոնակարգել համագործակցութիւնը, որպէսզի հայկական ձեռագրերը ունենան ընդհանուր շտեմարան մը եւ հասանելի ըլլան իրարու համար։
Հայագիտութեան միջազգային երրորդ քոնկրէսը, որ այսօր կը հասնի իր աւարտին, եզրափակիչ փուլի ծրագրին մէջ ունի մասնաւոր գիտական նիստ մը, որ ձօնուած է ձեռագրական կեդրոններու եւ հայերէն գրաւոր ժառանգութեան պահպանման։ Նիստը կը վարէ Մատենադարանի սիւներէն Գուրգէն Գասպարեան։ Այս գիտական նիստին ընդհանրապէս հոգեւոր հայրեր հանդէս կու գան զեկուցումներով՝ մինչ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հիմնարար գրադարանի տնօրէնի խորհրդական Տիգրան Զարգարեանն ալ պիտի ներկայացնէ զեկուցում մը։