ՅԱԿՈԲ ԳՈՒՐԳԷՆ (1850 - 1914)

Մանկավարժ, հրապարակագիր, խմբագիր եւ ազգային գործիչ Յակոբ Գուրգէն (Պիպէռճեան), ծնած է 1850 թուականի յուլիսի 13-ին, Պէշիկթաշի մէջ, Իսթանպուլ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Թարգմանչաց վարժարանէն ներս: Իր Հայերէնի առաջին ուսուցիչները եղած են Աւետիս պատուելի Պէրպրէեանն ու Տ. Սահակ աւ. քահանան, ինչպէս նաեւ Կարապետ աղա Չիզմէճեանը: 

Ուսումը աւարտելէ ետք զբաղած է մանկավարժութեամբ, դասաւանդելով հայերէն եւ գրականութիւն:

Լաւապէս տիրապետած է գրաբարին, որու հաւատարիմ պահպանը ըլլալու նախանձախնդրութիւնը ունեցած է: Ան իր այդ պահպանութիւնը կատարած է աշխարհաբար հայերէնով, որու հմուտ մշակողներէն մէկը եղած է: «Գուրգէնի աշխարհաբար գրականութիւնն ալ գրաբարին նման, աւելի քերականական ճշդութիւն ունէր քան աւելորդ զարդ. ինք՝ նոյնիսկ դասախօսութեան մէջ հակառակորդ էր աւելորդաբանութեան. իր շարադրութեան նիւթերն ալ կարճ եւ կոկիկ էին իր ոճին ու արտաքին երեւոյթին նման: Իր աշակերտներէն շատերը իւրացուցած են այսօր իրենց վարպետին այդ ուղղութիւնը, բացի անոնցմէ, որոնց գրական հակումը մղեց զիրենք առաջ եւ առիթ տուաւ շինելու գրական համբաւ մը, մշակուած ու պատրաստուած վարժարանէն դուրս անձնական ջանքերով ու ինքնայատուկ միջոցներով» («Քառասնամեայ յոբելեան Յակոբ Գուրգէնի», Կ. Պոլիս, 1913, էջ 23):

Յակոբ Գուգէնի մասնակցութեամբ 1867-ին կազմուած է Օրթագիւղի Բարեսիրաց ընկերութիւնը: Յակոբ Գուրգէն նոյն ընկերութեան թատրոնի բեմին վրայ տեսնուած է՝ Նարպէյի, Պէշիկթաշլեանի, Դուրեանի ազգային թատերգութիւններու մասնակից կարեւոր դերերու մէջ: 

1870-ին՝ խմբագրած է «Փող Արեւելեան» լրագիրին «Ներքին լուրեր»ու բաժինը: 

Պաշտօնավարած է Կարապետ Փանոսեանի գիշերօթիկ վարժարանէն ներս՝ իբրեւ ուսուցիչ եւ երկու տարի ալ եղած է այդ դպրոցին տեսուչը: 

1876-ի յուլիսին, 26 տարեկանին, Օրթագիւղի մէջ հիմնած է «Հայկական կրթարան» դպրոցը, որ գործած է մինչեւ 1890 թուականը: «Վարժարանը ունէր բոլոր ճիւղերու համար ձեռնհաս ուսուցիչներ ու մտաւոր կրթութեան հետ կարեւորութիւն սկսաւ տրուիլ նաեւ մարմնական կրթութեան, մարմնամարզի, որ նախապէս մեր նախնական վարժարաններու մէջ աննշան տեղ մը կը գրաւէր: Աշակերտներու թիւը կ՚աւելնար օրէ օր, այնպէս որ երկու տարուան շրջանէ մը վերջ այլեւս շէնքը շատ նեղ կու գար վարժարանի համար ու Հայկական կրթարանը փոխադրուեցաւ ի Թաշմէրտիվէն աւելի ընդարձակ տուն մը: Սակայն, օրէ օր կը շատնային մանաւանդ գիշերօթիկ աշակերտները ու ննջարանի համար սենեակները անբաւական էին: Հազիւ մէկ տարի կրցաւ մնալ Հայկական կրթարանը այդ շէնքին մէջ ու վերստին փոխադրուեցաւ ձորին մէջ Պապաեաններու ընդարձակ տունը, ուր հազիւ փոխադրուած եւ գործի սկսած, այրեցաւ ամբողջովին Օրթաքէօյի մեծ հրդեհին, 1879 յուլիս 21-ին: 

Աղէտը այնքան մեծ էր, որ հրդեհին հետեւեալ օրը այլեւս վարժարանին վերաբացման համար ամէն յոյս կորսուած էր: Օրթաքէօյի ամենէն բարեկեցիկ թաղերը մոխրակոյտերու վերածուած էին եւ Հայկական կրթարանը, ո՛չ միայն զրկուած էր իր անհրաժեշտ կարասիներէն, որոնք հարկ չկայ ըսել, թէ ապահովագրուած ալ չէին, այլեւ ցերեկեայ աշակերտներէ շատերու տուներն ալ այրած էին: 

Յակոբ Գուրգէն, որ եռանդով փարած էր իր գործին, հրդեհին հետեւեալ օրն իսկ, հաստատապէս մտադրեց վերաբանալ իր վարժարանը: Մտերմական շրջանակի մէջ նպաստահաւաքութեան ձեռնարկուած եւ 18 ոսկի հաւաքուած էր, վարժարանին ամենէն անհրաժեշտ պէտքերը գնելու համար: Գուրգէն այս գումարը նուիրեց ազգին ու Թարափհանէլեան Յովհաննէս աղայի փոխատուութեամբ հաստատեց իր վարժարնը Ճանիկ ամիրայի տան մէջ, ուր մնաց Հայկական կրթարանը մինչեւ իր փակման թուականը: 

… Հայկական կրթարանը շահագիտական գործ մը չէր, ինչպէս եղան յետոյ կարգ մը կրթական հաստատութիւններ. իր տնօրէնը շատ պարզ կեանքով մը կ՚ապրէր վարժարանին մէջ եւ կ՚աշխատէր գիշեր ու ցորեկ, բայց թէ ինչ կը շահէր, գաղտնիք մըն էր այս ո՛չ միայն ուսանողներու եւ ուսուցիչներու, այլ նոյնիսկ իր հիմնադրին համար: Գուրգէն իր մէկ ձեռքով առածը միւս ձեռքով կը ծախսէր եւ բացի լիաթոշակ աշակերտներէն, ունէր նաեւ ձրիավարժներ, որոնք ազգովին յանձնարարուած կամ տնօրէնին ծանօթութեամբ արժանաւոր դատուած էին: 

Հայկական կրթարանը իր գոյութեան եւ շարունակութեան միջոցին ունեցաւ 75 ընթացաւարտներ, որոնք այսօր հրապարակի վրայ կարեւոր դիրքեր կը գրաւեն: Տրուած կրթութիւնը այնքան գործնական էր, որ Տէմիրճիպաշեան իր փիլիսոփայական եւ իմաստասիրական ամենէն վառ շրջանին մէջ Նիրվանաներու, Սբինօզաներու, Սբէնսըրներու ճոխ մթերքովը չկրցաւ հետեւողներ պատրաստել իրեն գրական ու իմաստասիրական աշխարհին մէջ, ու Հայկական կրթարանի ուսանողները -մէկ կամ երկու բացառութեամբ- եղան վաճառական, բժիշկ, փաստաբան, պետական եւ գիտական պաշտօնեայներ: Ու Հայկական կրթարանի 75 ընթացաւարտները վարժարանէն կիսաւարտ մեկնած աշակերտներով, այսօր ազգին մէջ ընկերական եւ ընտանեկան կանոնաւոր դիրք ստեղծած են իրենց, պատուաբեր արդիւնքն ըլլալով յոբելեարին:

Հայկական կրթարանի վկայականաց բաշխման հանդէսները եւ մրցանակաբաշխութիւնները, որոնք կը կատարուէին Օրթաքէօյի եկեղեցին, ուշագրաւ էին ամէն կերպով. այս հանդէսներուն կը նախագահէր ընդհանրապէս հոգելոյս Ներսէս Վարժապետեան եւ իրմէ յետոյ Յարութիւն Վեհապետեան, եւ ներկայ կը գտնուէին իմացական եւ ընկերական անուն ունեցող կարեւոր դէմքեր: Այս հանդէսներուն մէջ էր, որ Տէմիրճիպաշեան իր համբաւաւոր «Աւելին ճառը» խօսեցաւ եւ Վարժապետեան, Նարպէյ, Խրիմեան, Սրուանձտեանց, Փափազեան, ամէնքն ալ շատոնց հեռացած մեզմէ, իրենց նշանաւոր խօսքերը արտասանեցին, հայ կրթութեան եւ դաստիարակութեան խնդրոյն շուրջ: 

Վարժարանը շարունակեց իր ընթացքը կանոնաւորութեամբ մինչեւ 1891 թուականը, երբ Կեդրոնական վարժարանը բացուեցաւ Օրթաքէօյի ու շրջակայներէ ցերեկօթիկներու մեծ թիւ մը դիմեց հոն, ոմանք նիւթական դիւրութիւններէ եւ ուրիշներ նորութենէն հրապուրուած: Մէկ կողմէ ցերեկօթիկներու պակսիլը, միւս կողմէ քաղաքական պատճառներով գաւառներէ գիշերօթիկներու նուազիլը, վարժարանը մատնեցին նիւթական այնպիսի տագնապի մը, որուն կուրծք տալ դժուար էր մանաւանդ՝ Յակոբ Գուրգէնի համար, որ իր վարժարանը միմիայն գաղափարի գործ եւ ազգին ծառայութեան միջոց ըրած էր: Իր ժամանակակիցները, ինչպէս Փանոսեան ու Պէրպէրեան, այս կերպով կը գործէին եւ եթէ Պէրպէրեան տնտեսական տագնապի շրջաններուն եւ ամենէն անձուկ օրերու մէջ չունենար աջակից մը յանձին իր սաներէն Պետրոս Կարապետեանի, Պէրպէրեան վարժարանէն ալ իբրեւ յիշատակ անուն մը մնար գուցէ այսօր: 

Գուրգէն զրկուած էր այս կարգի աջակցութիւննրէ. իր աշակերտներէն մէկ քանին մինչեւ վարժարանին փակման օրը ամէն ջանք եւ զոհողութիւն ըրած էին արդէն արգիլելու համար վարժարանին փակումը, բայց գործը կարեւոր դրամագլուխի մը կը կարօտէր ու պարտքը կ՚աւելնար հետզհետէ. այս վիճակին առջեւ՝ հիմնադիրը, որ երբեմն այնքան եռանդով փարած էր իր գործին, հիմա ո՛չ իսկ կ՚ուզէր մտնել վարժարանէն ներս ու Հայկական կրթարանը հետզհետէ նսեմանալով փակեց իր դուռները 1891-ին» («Քառասնամեայ յոբելեան Յակոբ Գուրգէնի», Կ. Պոլիս, 1913, էջ 13-14, 17-19): 

Հայկական կրթարանի փակումէն ետք դարձեալ զբաղած է ուսուցչութեամբ՝ պաշտօնավարելով Գատըգիւղի Արամեան, ապա Սամաթիոյ Սահակեան եւ Նունեան-Վարդուհեան, Գումգաբուի Դպրոցասէր տիկնանց վարժարաններէն ներս: 

1881-ին, ընտրուած է Ուսումնական խորհուրդի անդամ, անդամակից ունենալով Պէրպէրեանի ու Չերազի նման կարող ուսուցիչներ ու գրագէտներ: Յակոբ Գուրգէն այս խորհուրդին մաս կազմած է մինչեւ 1908 թուականը: 

1883-ին, Գումգաբուէն երեսփոխան ընտրուած է, իսկ որոշ ժամանակ մը ետք Գուրուչէշմէ-Առնավուտքէօյ-Պէպէք միացեալ թաղէն: Երեսփոխանական պաշտօնը վարած է մինչեւ 1896 թուականը, երբ Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարք ընտրուած է: 

«Գուրգէնի ազգային կեանքը իր ուսուցչական եւ տեսչական պաշտօններուն չափ գնահատելի է: Ինք հոա ալ կ՚երեւէր իբրեւ գաղափար ու սկզբունքի մարդ, որ գլուխ չծռեց ազդեցութեան եւ դիրքի առջեւ ու մնաց իր համոզումներուն մէջ անդրդուելի ու իր գաղափարներուն մէջ հաստատ: Ինչ որ իր տեսութեամբ՝ օգտակար էր ազգին համար, այն իր համոզումն էր այլեւս ու փոքր շեղում մը անկարելի էր» («Քառասնամեայ յոբելեան Յակոբ Գուրգէնի», Կ. Պոլիս, 1913, էջ 24-25):

1894-1896 թուականներուն, պաշտօնավարած է Կարինի Սանասարեան վարժարանէն ներս, իբրեւ հայերէնի ուսուցիչ: 1897-ին վերադառնալով Պոլիս, պաշտօնավարած է Կեդրոնական վարժարանէն ներս, ստանձնելով իր մտերիմ ընկերոջ Գարագաշեանի հայերէնի դասերը՝ վերջինիս հիւանդութեան պատճառով: Ապա դասախօսած է նաեւ Բերայի Էսաեան վարժարանէն ներս ինն տարիներ անընդհատ: 

Աշխատակցած է պարբերականներու. ինչպէս՝ «Մասիս», «Արեւելեան Մամուլ», «Արեւելք», «Մանզումէի Էֆքեար» եւ այլն: 

Օգտագործած է Գուրգէն, Արետ, Սմբատ եւ Վահէ ծածկանունները: 

1898-1904 թուականներուն, «Արեւելք»ի էջերուն մէջ Արետ ծածկանունով ստորագրած է շաբաթական քրոնիկներ: 

1872-ին, տպագրուած է իր առաջին գրքոյկ-տետրը՝ «Ճառ դպրոցաց», զոր իբրեւ բանախօսութիւն խօսած է Վարազդատեան ընկերութեան լսարանին մէջ: 1881-ին, հրատարակած է «ուղեւորութիւն յԱթէնս եւ ի Զմիւռին» երկը: Կազմած է «Պատկեր աշխարհիկ գրականութեան» ընթերցարանը, որ երկու հատորներէ կը բաղկանայ: Անոր կարեւոր աշխատասիրութիւններէն է «Համառուտ արուեստ տաղաչափութեան» ձեռնարկը, որ լոյս տեսած է 1897-ին, Կ. Պոլիս: 

1886-1889 թուականներուն, Մատաթիա Գարագաշեանին հետ հրատարակած է «Ճաշակ ոսկեղէն դպրութեան» հանդէսը, գրաբարով:

1913-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ նշուած է Յակոբ Գուրգէնի 40-ամեայ յոբելենական շրջանը եւ այդ առթիւ հրատարակուած է գրքոյկ մը: 

Յակոբ Գուրգէն մահացած է 1914 թուականի յուլիսի 12-ին, Կ. Պոլիս:

*

Գրիգոր Զօհրապ այսպէս ներկայացուցած է Յակոբ Գուրգէնը. 

Կապարճքը ուսէն կախած եւ լայնալիճ աղեղ մը ձեռքը, գլուխը՝ սաղաւարտ մը, որ մինչեւ յօնքերուն, կարճատես աչքերուն վրայ իջնելով՝ ձգած շուքին տակ դէմքին դեղնութիւնը կարծես կ՚աւելցնէ. ձմեռուան սովորական ու կոկիկ բալթօին տեղ ամրակուռ զրահէ լանջապանակ մը. կարճուկ եւ ամփոփ վարտիք մը ծանօթ փանթալօնին փոխարէն, ուրկէ հեսկիքը կ՚իջնէ վար, պատատելով սրունքը ամբողջ եւ որուն վրայ դարձող, պտըտող խրացին ծայրերը կուգան կը միանան ոտքի տրեխներուն։

Եթէ այսպէս կը պատկերացնենք ձեր մտքին մէջ գրաբարի այս յայտնի ախոյեանը, չարաչար կը սխալիք. իր զգեստին վերջին տարազը այդ ըլլար գուցէ, եթէ իր Ճաշակին խստասիրտ եւ իրաւախոհութիւն չսիրող տրամաբանութեանը ձգէինք զինքը, այսպէս որ Գրական Բարեկենդանէն յետոյ, որուն հանդիսատեսները եղանք ատեն մը, Բուն Բարեկենդանը բերէր մեզի։ 

***

Յակոբ Գուրգէն Կրտսերն Անաքարսիսը չէ, բայց ուղեւորութիւն մը ըրած է յԵլլադա եւ յԱթէնս, եւ առանց սպասելու որ Նոր Պարթէլէմի մը ծանօթացնէ մեզ իր ճանապարհորդութեան շահեկան զննութիւնները, ինքը յօժարափոյթ առած է գրիչը ձեռքը, հելլէն դպրութեան վառարանէն տաքցած, կազդուրուած։

Դէպի Յունաստան ճամբորդելով, այս ոչ-երիտասարդ հայագէտը, իր միշտ տրամաբանական ոգիէն մղուած եւ առաջնորդուած է անշուշտ, հինգերորդ դարու աւանդական ուղեւորութիւնը կատարելով, ուխտագնացութեան մը պէս, որ պարտք է, խղճի պարտք, ամէն ոսկեդարի գրաբարին հաւատարիմ մնացող հայու։

Գրաբարի այս հաւատքը, որուն հոմանիշ է իր անունը, ընդաբոյս է իր մէջ, յայտնութեան մը պէս, զոր գիտութեամբ արդարացնելու համար ապարդիւն ջանքեր ի գործ չի դներ Մաքս Միւլլէրն օգնութեան կոչելով, որ արդէն հերքումէ զատ ոչինչ կրնայ տալ իր միամիտ համոզման։

***

Իր դժբախտութիւնը՝ գրաբարը աշխարհաբար գրելու պարտաւորուած ըլլալն է անշուշտ, որ անողորմ ճակատագրի մը պէս կը ծանրանայ իր գլխուն վրայ, ամէն ժամ։

Ի՜նչ երանութիւն եթէ առաւօտուն դէմը ելլողը «Ողջոյն տեառնդ» ըսէր իրեն, փոխանակ աշխարհաբարի գձուձ «Բարեւ»ին, եթէ տունի կեանքը եւ փողոցի կեանքը ոսկեդարին վեհութեամբը ոգեւորուէր։

Եզնիկը … այս անունին ի լուր Գուրգէն մագնիսացում մը կը զգայ հոգւոյն ու սրտին խորը, մագնիսացում մը, զոր Մեսմէր չէր նախատեսած, եւ որ տասնըչորս դար հեռուէն իր բոլոր զօրութիւնը եւ ազդեցութիւնը պահած է անեղծ՝ այս Հայկաբանին ջիղերուն վրայ։

Ի՞նչ նիւթի վրայ կը խօսի այս գիրքը, որո՞նք են հեղինակին գաղափարները, իմաստասէ՞ր թէ պատմաբան պատասխանը դժուար է տալ քիչ մը, բայց լեզու՜ն…

***

Գուրգէնի գրագիտութիւնը - թողութի՛ւն նմանաձայնութեանս համար - գէթ այն՝ որ աղօտ կերպով կը նշմարուի իր Պատառիկներուն մէջ, զորս մերթ ընդ մերթ կը նետէ, առանց զգալու, թէ ի՛նչ վիրաւորիչ բան կայ հասարակութեան համար պատառիկներ ընդունելու իր ձեռքէն, այս գրագիտութիւնը՝ զգացո՛ղ, թրթռացո՛ղ ոգի մը ի յայտ կ՚ածէ գրաբարաշէն պարբերութիւններուն մէջէն, որ հոյակապ աւերակներու վրայ ծաղկող դալարեաց տպաւորութիւն կը թողուն կամ Սողոմոնի տաւիղին վրայ Շոփէնէն երգուած եղանակներու։

Եւ ահա ասոր համար իր գրաբարի մոլութիւնը, նախապաշարումը կը թեթեւնայ մեր աչքին, եւ լեզուաբանութեան այս հերձուածողին դաւանութիւնը՝ պարզամիտ աղջկան մը պատրանքին, քաղցր անուրջին պէս գրեթէ համակրելի կը դառնայ։

Չէ՞ մի որ ամենքնիս գրաբարը ուսած ենք նախ. եւ Գուրգէն իր առաջին սիրոյն հաւատարիմ մնացողի արժանիքը ունի գոնէ. յետադէմ մ՚է, առանց կեղծիքի գէթ, ազատ համարձակ յետադէմ մը, որ կռնակը մեզի դարձուցած կը քալէ իր նպատակին. դէպի հինգերորդ դարը եւ այս կերպով կը տարբերի անոնցմէ, որք ո՛ր կողմ երթալնուն անգէտ, յառաջ քալելու ձեւեր կ՚ընեն, ոտքերնին կը շարժեն առանց տեղերնուն երերալու, երազի մը մէջ եղածի պէս։

***

Իր համբաւը գրելէ աւելի խօսելով ձեռք բերած է. իսկ աշխարհիկ զբօսանաց մասին չի հետեւիր բնաւ Եզնիկի, որ ապահովապէս ո՛չ նարտ կը խաղար եւ ո՛չ պիլառտօ եւ որոնց մէջ Գուրգէն իրաւամբ կը փայլի իբրեւ քաջարուեստ վարպետ։

 Իր միակ ցաւը այն է, անշուշտ, որ այդ խաղերուն մէջ հին ու նորի պայքար չկայ, այլ միակ յաջողելու յարատեւ ջանքը, որ աւելի գործնական ու արդիւնաւոր է։

Սրահի մէջ՝ Գուրգէն իր մաքուր եւ անխառն հայախօսութեամբը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ եւ իր շարադասութիւնները, հոլովներու խոնարհումներու ուղիղ գործածութիւնը, միշտ կոճկուած բալթօն հայկաբանութեան ուսուցիչը կը մատնեն անմիջապէս։

***

Իր վերջաւորութի՞ւնը.

Հաւանական աւագերէց մը, որ իր հմտութեամբը զինուած՝ Շնորհալիին դէմ պիտի մարտնչի, անոր անկեալ գրաբարին սխալները մատնանիշ ընելով եւ յանձն չառնելով Այսօր Անճառը երգել եկեղեցւոյն մէջ։

Կամ իր պիլառտօի խաղերը կատարելագործելով հայ Սլօսօն մը ըլլայ, Լիւքսէնպուրի սրահին մէջ եւ պատերուն վրայ ոսկեդարի գրաբար ծանուցումներով հրաւիրէ հասարակութիւնը իր արուեստին փորձերուն, հասարակութիւնը որ պիտի չկարենայ գալ, ծանուցումին լեզուէն բան մը չհասկնալուն համար։

Եւ կամ յաջորդ մը Մարկոս Աղաբէգեանէն - կը խնդրեմ չնեղանայ զինքը պաշտօնէն արձակելուս - գրապահ մը Ղալաթիոյ Մատենադարանին մէջ, որ իրեն վստահուած գրքերէն ու ձեռագրերէն զատելով հինգերորդ դարի փշուրները, մնացածները այրէ բոլոր, ո՛չ թէ տաքցնելու համար բաղնիք մը զոր չունի, այլ իր մսկոտ ձեռքերը որք գրպանէն դուրս չեն ելլեր։

«Մասիս» 1892, թ. 3958

(«Ծանօթ դէմքեր ու պատմուածքներ», Փարիզ 1932, էջ 22-26):

*

Արդարեւ, Յակոբ Գուգէն մեր մոռցուած մեծերէն մին է, որ ցաւօք իր պէտք եղած գնահատանքն ու արժեւորումը չէ՛ ստացած մեր գրականագիտութեան մէջ: 

Գուրգէն այն սերունդի ներկայացուցիչներէն էր, որ կրթութիւնը, լեզուն եւ ազգային ծառայութիւնը նկատած է ո՛չ թէ մասնագիտութիւն կամ անձնական յաջողութեան միջոց, այլ՝ առաքելութիւն, նուիրում, անձնազոհութիւն։ Իր ամբողջ կեանքը վկայութիւն մըն է, թէ հայ դպրոցը, հայ լեզուն եւ ազգային գիտակցութիւնը կրնան պահպանուիլ միայն այն անձերուն շնորհիւ, որոնք պատրաստ են անձնական շահը ստորադասելու հաւաքական իտէալներուն ու գաղափարներուն։

Որպէս մանկավարժ՝ ան հմուտ դաստիարակ եղած է, իսկ որպէս կրթական գործիչ՝ հիմնած է եւ երկար տարիներ ղեկավարած Հայկական կրթարանը, որ դարձած է իր ժամանակի կարեւոր կրթական օճախներէն մէկը։ Վարժարանի պատմութիւնը փաստօրէն կը ցոլացնէ իր հիմնադրին նկարագիրը. դժուարութիւններու, նիւթական տագնապներու եւ նոյնիսկ աղէտալի հրդեհի առջեւ Յակոբ Գուրգէն չէ յուսահատած, այլ՝ շարունակած է իր աշխատանքը նոյն եռանդով՝ կրթութիւնը նկատելով ազգային գոյութեան հիմնասիւներէն մէկը։ Իր դպրոցէն շրջանաւարտ բազմաթիւ աշակերտներ յետագային հասարակական-ընկերային, գիտական եւ մասնագիտական ասպարէզներու մէջ պատուաբեր դիրքեր գրաւած են, ինչ որ իր մանկավարժական տեսլականի ամենէն համոզիչ արդիւնքը կարելի է համարել։

Գուրգէն միաժամանակ եղած է լեզուի նուիրեալ մշակ։ Ան գրաբարի ջատագովներէն էր եւ իր ամբողջ գործունէութեամբ փորձած է պահպանել հայ լեզուի դասական ժառանգութիւնը՝ առանց անտեսելու աշխարհաբարի կարեւորութիւնը։ Իր գրական եւ լեզուագիտական աշխատութիւնները, ինչպէս նաեւ մամուլի մէջ ունեցած գործուն մասնակցութիւնը, կը վկայեն հայ լեզուի հանդէպ ունեցած իր խոր պատասխանատուութեան մասին։ Ան ո՛չ միայն լեզու դասաւանդած է, այլեւ լեզուական ճաշակ, կարգապահութիւն եւ մտածողութեան յստակութիւն փոխանցած է իր աշակերտներուն։

Ազգային կեանքին մէջ եւս Գուրգէն իր հետքը ձգած է որպէս սկզբունքային եւ անզիջող գործիչ։ Ուսումնական խորհուրդի անդամ, երեսփոխան եւ հասարակական դէմք ըլլալով՝ ան միշտ առաջնորդուած է իր համոզումներով եւ ազգին օգտակար նկատած գաղափարներով։ Ժամանակակիցներու վկայութեամբ՝ ան այն անձերէն էր, որոնք չէին խոնարհիր ազդեցութեան կամ դիրքի առջեւ եւ կը մնային հաւատարիմ իրենց սկզբունքներուն։

Յակոբ Գուրգէնի կեանքն ու գործը այսօր ալ արժէքաւոր դասեր կը փոխանցեն։ Ան կը մարմնաւորէ ուսուցիչի, մտաւորականի եւ ազգային ծառայողի այն կերպարը, որուն համար գիտութիւնը, լեզուն եւ կրթութիւնը սերտօրէն կապուած էին ազգի բարօրութեան եւ ապագային հետ։ Հետեւաբար, Յակոբ Գուրգէնի անունը արժանի է յիշատակուելու ո՛չ միայն որպէս կրթական հաստատութեան հիմնադիր կամ լեզուասէր մտաւորական, այլ որպէս այն նուիրեալ հայորդիներէն մէկը, որոնց անձնուէր աշխատանքը նշանակալի դեր ունեցած է հայ կրթական եւ մշակութային կեանքի զարգացման մէջ։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2026