ԼԱՒ ՄԱՐԴԻԿ
Մարդիկ միշտ կը գանգատին իրենց ճակատագրէն: Աշխարհի անարդարութիւնները մէկ կողմ, կարծես Նախախնամութիւնն ալ կրկնակի չափանիշներով կը վերաբերուի մարդոց նկատմամբ: Կեանքը, անշուշտ, յուսախաբութիւններու դիպաշարի մը պէտք չէ վերածել, սակայն, երկու չափ-երկու կշիռները հասկնալիօրէն կը հրահրեն պոռթկումներ: Դառնութիւնը ծանր կը կշռէ մարդուս վրայ:
Բացառութեամբ մաժէօր առողջապահական հարցերու յառաջացուցած ցնցումներէն, մարդիկ առաւելապաշտ կը վարուին իրենց կեանքի հաշուեկշռին մէջ: Համեմատութիւնները կը խոչընդոտեն, որ ան կարողանայ ինքզինքը իրատես դիրքաւորել կեանքի մէջ, ուր ամէն ինչ յարաբերական է, պարագայական ու նոյնիսկ անցողիկ՝ ըստ յարափոփոխ առաջնահերթութիւններու: Մարդ հակուած է միշտ իր վայելածը համարել սովորական ու զղջալ չունեցածին համար: Ան երբեք չ՚ուզեր նայիլ դէպի վար՝ քանի միշտ հայեացքը կ՚ուղղէ դէպի վեր:
«Լաւ մարդիկ հենց նենց ի յայտ չեն գար, այլ կը ձեւաւորուին», կ՚ըսէ Էլիզապէթ Քուպլըր-Ռոսս: