ՏԱՍՆՀԻՆԳ ՄԱՅԻՍԻՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՆԱԽԱԴԱՍՈՒԹԵԱՆ Կ՚ԵՐԹԱՄ
5
Կանգնած էի ծովով ու ովկիանոսով շրջապատուած այս ցամաքին վրայ եւ ըսի. «Ես կու գամ անկումի գագաթէն։ Այս երկիրը նման է վիրաւոր ցուլի մը, որ յոյսի գագաթէն ինկած է պարտութեան ամօթալի յատակը, բայց, տակաւին կապուած կը մնայ իր կաշիին, որ դեռ կը լողայ նաւթի շերտով ծածկուած ցամաքի մակերեսին։ Իսկ ժողովուրդները, որոնք վարժեցուած են հնազանդութեան եւ նախապէս պատրաստուած են «այո՛» ըսելու, զրկուած են փորձառութենէն ու նախաձեռնութենէն»։
[Թագաւորը հանեց իր թագաւորական զգեստները, հագաւ սպայի համազգեստը, մտաւ ռատիօ եւ հռչակեց հանրապետութիւնը։ Ան ըսաւ. «Իշխանութիւնը տակաւին յանձնառու է Պաղեստինի դատին եւ մեր նոր յեղափոխութիւնը կանգնած է Պաղեստինի ազատագրութեան ու արաբական միութեան իրականացման համար»։ Ժողովուրդը ծափահարեց։ Անոնք յուսահատ վիճակէն անցան անյուսահատ վիճակին։ Իսկ թագաւորը, քունի սենեակին մէջ կը խնդար՝ ուրախանալով ժողովրդային հանրաքուէի արդիւնքներով]։
Դուն խորապէս արմատաւորուեցար անոր կուրծքին մէջ եւ մարմինին ու դրախտին միջեւ դարձար երրորդ կերպարանք մը, որուն անունը կարելի է տալ՝ «յագեցած թունաւորում»։ Անուն տուին քեզի եւ անունդ տեղի դուրս եկաւ։ Չէիր գիտակցեր, որ դուն մնացեալ լարումն ես այն տարուբերուն հանգրուանին, որ կանգնած է ընտրութեան եզրին։
-Արիւնդ ու նաւթը. ահա՛ պայքարը։
Անոնք կարիք ունէին այս հակադրութեան, որպէսզի ճնշում բանեցնէին ծովերէն անդին գտնուող սպառողին վրայ, ուստի ծափահարեցին քեզ… Նաւթի գոյնը աւելի զօրաւոր էր քան քու արիւնիդ գոյնը՝ իրենց առաջին յարաբերութեան մէջ։
Դուն պայթելու արգիլուած նիւթ մըն ես։ Դուն ես բոլոր այդ երգերը, հայրենասիրական կարգախօսները, վրաններու տօները եւ գովազդներու պատերը։
Յեղափոխական մը թագաւորի բռունցքին։ Արդեօք լաւ կը տիրե՞ս խաղին։ Այս բազմութիւնները, որոնց յոյս կու տաս ու որոնց կը դաւաճանես, թագաւորը կը պահէ քու անունովդ՝ իր սպիտակ թիկնապահներուն մէջ։
Եւ այս երկարաձիգ բանը, որ ջուրէն մինչեւ ջուր կը տարածուի, ի՞նչ անուն ունի։ Քարտէ՞ս է։ Ո՛չ։ Հայրենի՞ք է։ Ո՛չ։ Ան մարմին մըն է, որ կը սպասէ գալիք երկրաշարժին՝ առանց մարգարէի մը կարիքը ունենալու։ Ան կը մերժէ իրերը իրենց անուններով կոչել։ Դուն ո՛չ փոխարինողն ես, ո՛չ փրկիչը. բայց նշանը, սկիզբը եւ զոհը դուն ես։ Ուստի, բաներ մը սկսան շարժիլ։
Քու արիւնդ ու նաւթը դարձան այն նշանաբանը, որ մնաց բոլոր նախորդ փորձառութիւններու եւ կարգախօսներու անկումէն ետք։
Ինչո՞ւ քու արիւնդ հասաւ այս սահմանին եւ ինչո՞ւ անոր գոյնը աւելի հզօր դարձաւ, քան նաւթինը։ Որովհետեւ անոնք ուզեցին, որ նաւթը վերադառնայ իր հին դիրքին՝ հողի մէկ կտոր վերադարձնելու խոստումին դիմաց։ Եկան քեզ մօտ, վերադարձուցին քեզ թագաւորի բռունցքին մէջ, որպէսզի խաղ մը շարունակուի առանց աւարտ ունենալու։ Քեզ վերադաձուցին առաջին վիճակիդ։ Ժողովուրդներուն ըսին. «Ահա ձեր դատը»։ Ըսին. «Ներքին թշնամին աւելի վտանգաւոր է, քան արտաքին թշնամին»։ Անոնք վստահութիւն տուին ընդհանուր թշնամիին, որովհետեւ հաւասարումը փոխուած էր։ Թշնամին հանգիստ ձգեցին, որպէսզի ան ալ հանգիստ ապրի եւ իր ապահովութեան սահմանները տարածէ մինչեւ մայրաքաղաքներու պարանոցները։ Բարձր դուռը պաշտպանելը դարձաւ առաջնահերթ, իսկ զաւթիչներու քունն ու հանգիստը՝ պահպանուելիք արժէք։
Ուսանողները մտահոգուած կը հարցնէին. «Ի՞նչ տարբերութիւն կայ դուրսէն եկած զաւթիչներուն եւ ներսէն եկածներուն միջեւ»։ Շատ տարբերութիւններու շուրջ չհամաձայնեցան, բայց, մէկ բանի շուրջ համաձայն գտնուեցան. զաւթիչները կը խմեն ու կը սնանին անոնցմէ, որոնք կ՚իյնան իրենց ձեռքով ազատագրուածներու շարքին։
Եւ դուն, տակաւին կանգնած այս ծովերով ու ովկիանոսներով շրջապատուած ցամաքին վրայ, կը բղաւես. «Ես կու գամ անկումի գագաթէն, պաշտպանելու համար ցուլի եղջիւրը, որ տակաւին կը լողայ ցամաքի մակերեսին… որ իմ կուրծքս է»։
6
Միասին կը մեծնաք. մայիսը եւ դուն:
Քու ուսերդ կը մեծնան եւ քարը կը մեծնայ։ Մայիս ամիսը իր էջերը կը յանձնէ յաջորդ ամսուան՝ յունիսին եւ վիճակը տակաւին կը մնայ կախուած։ Դիւրին չէ այսքան հեշտութեամբ, որ մայիսը կէս դարու հասնի։ Լուռ պատերազմին հետեւանքները չեն փոխուիր։
Արդեօք պատմութիւնը կը կատակէ՞ այս բոլոր պարտութիւններէն ետք… այս ամիսներու խառնաշփոթէն ետք, երբ պատերազմը կը մոլեգնի մեր փողոցներուն մէջ, մինչ թշնամին կը շարունակէ իր տօնախմբութիւնը։ Արդեօք պատմութիւնը կը կատակէ՞. մայիսը դուրս կ՚ելլէ, որպէսզի յունիսը մտնէ։ Արաբական հրացանները կրակ կ՚արձակեն բոլոր ուղղութիւններով՝ բացի ճիշդ ուղղութենէն։ Երբ բանուորը կը դժգոհի եւ երբ ուսանողը կը բարկանայ, մեր հրացանները յանկարծ քաջ կը դառնան։ Բոլոր պատերազմները մեր ներսն են եւ մենք կ՚երգենք տոկալու մասին։ Քառորդ դար… քառորդ դար եւ մենք նոյն նախադասութիւնը կը կրկնենք օր օրի, մինչ թշնամիին սահմանները կը լայննան։ Աւելի ճառեր, աւելի պարտութիւններ։ Իսկ դուն՝ կանոնէն դուրս մնացած բացառութիւնն ես։
-Ո՛վ կորսուած պաղեստինցի, վերջ տուր այս քաոսին։
Մտիկ չըրիր, որով քեզ ուրիշ ցեղասպանութեան մըն ալ տարին ուրիշ ամսուայ մը ընթացքին կամ մահուանդ առաջին տարեդարձին. ինչո՞ւ. որպէսզի պահպանուի պատրանքային խաղաղութի՞ւն մը։
Դուն կը դառնաս ուրուական մը: Կը դառնաս մղձաւանջ մը: Կը դառնաս կայծ մը։
-Գնա՛, ուրիշ տեղ եւ մեզ հանգիստ ձգէ։
-Ո՛ւր ալ երթամ, ստուերս իմ տեղս պիտի գրաւէ։
Երբ մրցարշաւի ձին մարզադաշտին մէջ ինկաւ աննպատակ գնդակէ մը, քաղաքի տիկինները սուգի մատնուեցան, որովհետեւ ան ազնիւ ցեղի ձի մըն էր։
Բայց, երբ տասնեակ մարդիկ ինկան իրենց տուներուն մէջ՝ նոյնպէս աննպատակ գնդակներէ, քաղաքին մէջ տխրութիւն չեղաւ։
Քու սպաննուածներդ նկար ու անուն չունին, որովհետեւ նահատակ ձին ամբողջ տիեզերքը կը ծածկէ։
Ինչո՞ւ այսքան նահատակներ ձրիաբար կ՚իյնան եւ այնպիսի վայրերու մէջ, որոնք նահատակութեան արժանի չեն։ Շատ յաճախ մահը կը վերածուի արհեստի։ Իսկ ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ մահուան թեկնածուները գործադուլ յայտարարեն այս արհեստին դէմ…։ Ի՞նչ պիտի պատահի։
-Ժողովուրդ մը պիտի դառնանք առանց նահատակներու եւ Նահատակներու տօնը պիտի դառնայ պարապ տօն մը։
-Ուրիշ ի՞նչ։
-Բանաստեղծները պիտի սնանկանան։
-Ուրիշ ի՞նչ։
-Հռետորները պիտի կակազեն։
-Ուրիշ ի՞նչ։
-Կառավարութիւնը պիտի տապալի։
-Լուծարո՞ւմ։ Չենք կարծեր: Ասիկա ներքին խնդիր մըն է։ Մեր յարաբերութիւնները բարեացակամ են։ Յանուն ինքնիշխանութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան ազգային անկախութեան՝ չե՛նք միջամտեր: Լուծարո՞ւմ:
Ինչո՞ւ այս եզրը գործածել։ Ասիկա ազատագրում կը կոչուի։ Սակայն, ժամանակաւոր առաջարկուած կարգախօսը այլեւս գրաւեալ արաբական հողերու ազատագրումը չէ իսրայէլեան զաւթիչէն։ Այժմու կարգախօսը արաբական հողերու ազատագրումն է անոնցմէ, որոնք խախտում կը ստեղծեն Մերձաւոր Արեւելքի պաշտօնական անվտանգութեան հաւասարակշռութեան մէջ, եւ անոնցմէ՝ որոնք կը յիշեցնեն ժողովուրդին, թէ իրենց հայրենիքները տակաւին գրաւեալ են։
Պատասխանատուն անձ մը չէ, ո՛չ ալ իշխանութեան մէջ գտնուող թեւ մը։ Պատասխանատուն պաշտօնական արաբական մթնոլորտն է։ Այդ մթնոլորտին մէջ ներքին ճնշումը կը դառնայ ազգային ինքնիշխանութեան պահպանման ծրագիր։ Հարցին ծանրութիւնը կը դառնայ աւելի մեծ, քան որեւէ ուսի կրելիք բեռ։ Այդպէս կ՚ըսեն:
Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ գոյութեան վրայ ամէն յարձակում կը ներկայացուի -ո՛չ միայն պաղեստինեանը- իբրեւ երկրի ներքին հարց։
-Եթէ սպաննեցիք զանոնք, ապա անոնց յուղարկաւորութեան ընթացքին կը քալենք, իսկ եթէ գործողութիւնը արագ չյաջողի, շուտով պիտի գտնենք մենք մեզ խնդիր մը եւ պիտի ստիպուինք միջամտել՝ հաշտեցնելու համար: Ո՞վ է պատասխանատուն. արաբական քաղաքականութեան մէջ չգրուած խաղաղութեան վիճակն է պատասխանատուն եւ արաբական նախադասութեան մէջ յայտարարուած պատերազմի վիճակն է պատասխանատուն։
***
Փոքրիկ կին զինուոր մը կանգնեցուց զիս եւ հարցուց ռումբիս ու աղօթքիս մասին։
Դէմքէս ներողութիւն խնդրեցի եւ փոքրին կին զինուորին ըսի. ես ո՛չ կը պատերազմիմ, ո՛չ ալ կ՚աղօթեմ։
Փոքրիկ կին զինուորը հարցուց. ուրեմն ինչո՞ւ Երուսաղէմ եկար։
Պատասխանեցի. որպէսզի ռումբին եւ աղօթքին մէջտեղէն անցնիմ։
Աջ բազուկիս վրայ պատերազմի հետքեր կան,
իսկ ձախ բազուկիս վրայ՝ Տիրոջ հետքերը։
Սակայն, ո՛չ կը պատերազմիմ, ո՛չ ալ կ՚աղօթեմ։
Փոքրիկ կին զինուորը հարցուց. ուրեմն, ի՞նչ ես։
Ըսի. բախտախաղի թուղթ մը՝ ռումբին եւ աղօթքին միջեւ։
Ան հարցուց. եթէ շահիս, ի՞նչ պիտի ընես։
Ըսի. սիրելիիս աչքերուն համար գոյն մը պիտի գնեմ։
Փոքրիկ կին զինուորը կարծեց, թէ բանաստեղծ մըն եմ եւ ազատ ձգեց զիս։
Ապա կրկին հարցուցի ես ինծի.
-Հետեւաբար, ինչո՞ւ Երուսաղէմ եկայ։
(«Տխրութեան սովորական օրագիր»)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար3 եւ վերջ
Վաղարշապատ