ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՀԱՄԵՐԳ՝ Ի ՆՊԱՍՏ «ՅՈՅՍ» ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին տեղի ունեցաւ երաժշտական ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր «Յոյս» միութեան ի նպաստ։ Համայնքէն ներս յատուկ կարիքի կարօտ երեխաներու եւ պատանիներու խնդիրներուն հետամուտ այս միութեան գործունէութիւնը միշտ առարկայ կը դառնայ անմիջական ուշադրութեան։ Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ համերգը, որու սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան միութեան հիմնադիրներէն Գարին Աթաօղլու եւ աշակերտներէն մէկուն ծնողը՝ Կարինէ Տիւլկէր Օսէփեան։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Գարին Շէշէթեանի։
Մեներգչուհի Լարա Նարին գործադրեց երեկոյթի երաժշտական յայտագիրը՝ նուագակցութեամբ Շանթ Շէշէթեանի։ Հայերէն երգերու կատարումներով խանդավառ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ համերգի ընթացքին։
Երեկոյթի ներկաներու շարքին էր Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որու ձեռամբ «Յոյս»ի կողմէ համերգի կազմակերպիչներուն եւ մասնակից արուեստագէտներուն յուշանուէրներ յանձնուեցան ձեռնարկի աւարտին։
