ՄՐՑԱՇԱՐՔԷ ՄԸ ԱՆԴԻՆ

Այսպէս թէ այնպէս աւարտեցաւ ֆութպոլի աշխարհի ախոյենութեան մրցաշարքը, որուն մասին խաղէն աւելի խօսուեցաւ եւ գրուեցաւ… ամէն բանի վերաբերեալ: Անշուշտ, միշտ ամենէն ծանրը կը կշռէր ելեւմտական կողմը: Աւարտական մրցումէն քանի մը օր առաջ բրիտանական «Պի. Պի. Սի.»ն այս առնչութեամբ հրապարակեց հետաքրքրական յօդուած մը՝ «Ֆութպոլի աշխարհի ախոյենութեան տնտեսական յաղթողներն ու պարտուողները» խորագրով։

*

Աշխարհի ախոյենութեան այս մրցաշարքը աւելի մեծ էր, քան՝ նախորդող որեւէ մրցաշարք: Աւելի մեծ թիւով մասնակից երկիրներ եւ աւելի շատ մրցումներ կը նշանակեն աւելի մեծ ուշադրութիւն գումարներու վրայ, ինչպէս նաեւ՝ գումար շահելու աւելի շատ կարելիութիւններ:

Մինչ ֆութպոլի աստղերը պատմական պահեր կը ստեղծեն խաղադաշտին մէջ, անդին՝ միլիառաւոր տոլարներ կը գոյանան: Բայց բոլորը մեծ գումարներ չեն շահիր. կան դրամ կորսնցնողներ:

ՖԻՖԱ-Ն՝ ՅԱՂԹՈՂ

ՖԻՖԱ-ն աստղաբաշխական գումարներ կը շահի: Ան մրցանշային 8 միլիառ տոլար շահած է «Քաթար 2022»ին: Այդ ցուցանիշը կը գերազանցուի այս տարի: Ուսումնասիրող Մարիոն Լապուր կը նշէ, որ անկասկած գլխաւոր յաղթողն է ՖԻՖԱ-ն, որուն եկամուտները չորս տարուան ընթացքին կը մօտենան 13 միլիառ տոլարի:

ՖԻՖԱ-ի եկամուտը կը գոյանայ՝ պատկերասփռումի արտօնագիրներէն եւ հիւրընկալութեան իրաւունքներէն, տոմսերու վաճառքէն եւ հովանաւորչական պայմանագիրներէն:

«ՖԻՖԱ-ն նաեւ անցաւ երկրորդական շուկայ՝ իր պաշտօնական վաճառքի հարթակով, ստանալով 15 առ հարիւր վճարում թէ՛ գնորդէն եւ թէ վաճառողէն: Մենք պէտք է ակնկալենք, որ այս աւելի շատ կ՚ըլլայ յառաջիկայ մրցաշարքերուն մէջ, որովհետեւ ՖԻՖԱ-ն կը քննարկէ մրցաշարքը կրկին ընդարձակելու հարցը՝ այդ հասցնելու 64 խումբի, ներառեալ՝ Չինաստանի եւ Հնդկաստանի նման ազգային հաւաքականներ: Այս ձեւով նաեւ կ՚աւելնայ պատկերասփիւռով հետեւող միլիառաւորներու թիւը», կ՚ըսէ Լապուր:

Այս տարուան մրցաշարքը 32-էն բարձրացաւ 48 խումբի, ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ինֆանթինոյի օրով:

ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐ՝ ՊԱՐՏՈՒՈՂՆԵՐ

Թէեւ համակիրները կրնան իրականացնել իրենց ամբողջ կեանքի երազները, սակայն, դրամական առումով այս մրցաշարքը դժուար էր: Միայն տոմսերու համար ծախսուող հսկայական գումարները եւ քննադատութիւնը՝ ուղղուած ՖԻՖԱ-ի, որ կը բարձրացնէ գիները, երբ պահանջը մեծ է, լաւ փաստագրուած են:

Նոյնիսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խոստովանեցաւ, որ «չի վճարեր», երբ անոր հարցուցին Փարակուայի դէմ իր երկրի մրցաշարքի բացման խաղի տոմսի հնարաւոր 1000 տոլարի մասին:

Աւարտական մրցումի տոմսերու պաշտօնական գինը 33 հազար տոլար էր, մինչ ձեռքէ ձեռք անցած կարգ մը տոմսեր վաճառուած են աւելի քան 2 միլիոն տոլարով:

ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիանի Ինֆանթինոն պաշտպանեց տոմսերու գիները՝ պնդելով, որ անոնք կը համապատասխանեն ԱՄՆ-ի այլ մարզական խաղերու գիներուն:

Տոմսերէն բացի՝ համակիրներուն համար ծանր եղած են օդանաւային տոմսերու, սնունդի եւ կեցութեան վայրերու ծախսերը: Յատկանշական օրինակներէն մէկը Նիւ Ճըրզիի գնացքի տոմսերու գինի բարձրացումն էր: ՄետԼայֆ մարզադաշտ կէս ժամնոց գնացքով ուղեւորութիւնը մրցաշարքի համար սովորական 13 տոլարէն բարձրացաւ մինչեւ 150 տոլար՝ երթեւեկի տոմսի մը համար: Բացասական արձագանգը յանգեցուց գիներու նուազեցման, սակայն, անոնք մնացին սովորականէն բարձր:

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓՌՈՂՆԵՐ ԵՒ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐ՝ ՅԱՂԹՈՂՆԵՐ

Թէեւ պատկերասփռողները ստիպուած հսկայական գումարներ ծախսած են մրցաշարքը սփռելու արտօնութեան համար, սակայն, դիտողներու թիւը եւ հովանաւորներու կողմէ իրենց արտադրութիւնը ցուցադրել փափաքողները կը նշանակեն, որ անոնք մեծ գումարներ կը շահին նաեւ ծանուցումներէն:

ՖԻՖԱ-ն այս տարուան մրցաշարքին համար հաստատեց մարզիկներուն համար զովանալու, ջուր խմելու դադարներ. քայլ մը, որ Ինֆանթինոն անուանեց «զուտ մարզական հարց», որ կառավարող մարմնին համար յաւելեալ եկամուտ չ՚ապահովեր: Բայց եւ այնպէս, մարզիկներուն տրամադրուած 3 վայրկեանը առեւտրական նոր հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ պատկերասփռողներուն եւ հովանաւորներուն:

«Ֆաքս սփոր»ը, որ ԱՄՆ-ի մէջ սփռումի իրաւունքներու համար վճարած է 485 միլիոն տոլար, դադարները ներկայացուցած է որպէս որեւէ ապրանքանիշի «հովանաւոր»: 30 երկվայրկեան տեւողութեամբ ծանուցումի միջին արժէքը կազմած է 200-300 հազար տոլար: ԱՄՆ-ի մէջ աւարտական փուլերու խաղերու ժամանակ այդ հասած է մինչեւ 750 հազար տոլարի:

«Զովանալու, ջուրի դադարները ծանուցումի մաքուր միջոցներ են: Ես շատ կը զարմանամ, եթէ անոնք անհետանան: Ընդարձակուած դրութիւնը կը մնայ, որովհետեւ ծաւալը այժմ ՖԻՖԱ-ի առեւտրական մոտելն է», կ՚ըսէ Լապուր:

Աշխարհի ախոյենութեան պաշտօնական հովանաւորները կը վճարեն ահռելի գումարներ՝ ապրանքանիշերը մրցաշարքին կապելու համար, բայց, անկասկած, ի վերջոյ տնտեսապէս կը շահին, որովհետեւ «Adidas»ի եւ «Coca-Cola»ի նման ընկերութիւնները ներկայացուած են ամէն տեղ:

Գերմանական մարզական տարազը մրցակցութեան մէջ մտած է իր գլխաւոր մրցակից «Nike»ի հետ՝ շուրջ 65 միլիոն տոլար ծախսելով Լամին Եամալի մասնակցութեամբ իրենց «Backyard legends» ծանուցումին վրայ, որուն մէջ կը տեսնուին Եամալը, Պելինկհեմը եւ Մեսսին:

ՏԷՅՎԻՏ ՊԵՔՀԸՄ՝ ՅԱՂԹՈՂ

«Adidas»ի գլխաւոր ծանուցումին մէջ նաեւ ներկայացուած է սըր Տէյվիտ Պեքհըմի արհեստական բանականութեամբ տարբերակը: Ան թերեւս ժամանակ չէ ունեցած անձամբ ներկայ գտնուելու նկարահանումներուն: Անգլիոյ առաջին միլիառատէր մարզիկը յայտնուած է այնքան շատ ծանուցումներու մէջ՝ «Home Depot»էն մինչեւ «Bank of America», որ կարելի է ներել-մոռնալ, թէ իրականութեան մէջ ո՞ր ապրանքանիշն է, որ կը ներկայացնէ:

Հակառակ անոր որ աւելի քան տասը տարի առաջ Պեքհըմ լքած է արհեստավարժ մարզիկի ասպարէզը, ան կը շարունակէ մնալ ամերիկեան ֆութպոլի դէմքը, իսկ անոր ամերիկեան ակումբը՝ «Ինթեր Մայամի»ն, կը գնահատուի որպէս «Major League Soccer»ի ամենաարժէքաւոր միաւորը՝ 1,5 միլիառ տոլարով: Պեքհըմ չկարողացաւ նուաճել աշխարհի բաժակը խաղադաշտին մէջ, բայց կարելի է պնդել, որ ան յաղթած է առեւտրական խաղը դաշտէն դուրս:

ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՂ ՔԱՂԱՔՆԵՐ՝ ՊԱՐՏՈՒՈՂՆԵՐ

ԱՄՆ-ի, Գանատայի եւ Մեքսիքայի 16 հիւրընկալող քաղաքները ողջունած են համակիրներու եւ զբօսաշրջիկներու հոսքը՝ խթանելով հիւրընկալութիւնը, պանդոկներն ու տեղական առեւտուրը: Բայց մասնագէտները կը նշեն, որ տնտեսական երկարատեւ օգուտները նուազագոյնն են:

ՖԻՖԱ-ն նշած է, որ համաշխարհային տնտեսութիւնը կը շահի 41 միլիառ տոլար, որուն 17 միլիառ տոլարը կը խթանէ միայն ԱՄՆ-ի տնտեսութիւնը, աշխատանքի առիթ ստեղծուած է 185 հազար անձ՝ գլխաւորաբար հիւրընկալութեան եւ կեցութեան ոլորտին մէջ:

Սակայն, տնտեսագէտ Ալեքսանտր Պատզիէր կը նշէ, որ նման մեծ մարզական մրցաշարք հիւրընկալելու երկարատեւ տնտեսական օգուտները պարզապէս չեն իրականանար: Ան կ՚ըսէ, որ ընդունող քաղաքներու մէջ այցելուներու թիւը սովորաբար մեծ անկում արձանագրած է, քանի որ շատեր կը ձգտին խուսափիլ մրցաշարքի քաոսէն:

Թէեւ աշխատաւորներու պահանջ կրնայ ըլլալ, սակայն, ան կը պնդէ, որ այդ սովորաբար միայն հիւրընկալութեան ոլորտին մէջ ցած վարձատրուողներու համար է: «Այդ մէկը աշխատատեղեր կը ստեղծէ, բայց հարստութիւն չի կրնար ստեղծել»:

Պաշտօնական տուեալները ցոյց կու տան, որ ԱՄՆ-ի պանդոկներու, սրճարաններու եւ ճաշարաններու վարձքը մայիսին մրցաշարքէն առաջ կտրուկ աճած է, սակայն, այդ կարճատեւ էր:

Միակ արժանի տնտեսական օգուտը վերականգնման այն նախագիծներն են, որոնք կարելի է իրականացնել. ինչպէս՝ 2012 թուականի Ողիմպիական խաղերէն ետք Լոնտոնի Ստրատֆորտի մէջ վերակառուցումը եւ բնակարանաշինութիւնը:

Սակայն, որովհետեւ այս մրցաշարքը կը գործածէ գոյութիւն ունեցող մարզադաշտերը, պանդոկները, մարզական համալիրները եւ զբօսաշրջային ենթակառոյցները՝ տնտեսական զարգացումէն ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ըլլայ:

ԱՊՐԱՆՔ ՎԱՃԱՌՈՂՆԵՐ՝ ՅԱՂԹՈՂՆԵՐ

Համակիրներու ոգեւորութիւնը խթանած է խմբային տարազներու վաճառքը ամբողջ աշխարհի մէջ:

«Nike»ը կը նշէ, որ այս տարի իր ազգային հաւաքականի տարազի վաճառքը կրկնապատիկ բարձր եղած է, քան՝ 2022 թուականի մրցաշարքին: Ընկերութիւնը կը նշէ, որ ամենաշատ վաճառուողը Անգլիոյ տարազն է:

«Adidas»ի համար Մեքսիքայի մարզաշապիկները գլխաւորեցին աղիւսակը: Աճած են նաեւ Գերմանիոյ, Պրազիլի, Մեքսիքայի եւ Արժանթինի հաւաքականներու հաւաքածոներու վաճառքը:

Ֆութպոլային տարազները դարձած են փողոցային հագուստի ամէնօրեայ անբաժանելի մաս:

Միւս կողմէ՝ կը վաճառուին հազարաւոր կեղծ ապրանքներ: Երբ ֆութպոլային տարազներու նման իրերը կը դառնան նորաձեւութիւն, անոնք աւելի կը սղեն, բայց միշտ կ՚ըլլան կեղծիքներ, քանի որ մատչելիութիւնը ֆութպոլային մշակոյթի ընդհանուր կարեւոր մասը կը կազմէ:

ՊԱՆԴՈԿՆԵՐ՝ ՊԱՐՏՈՒՈՂՆԵՐ

Պանդոկներու սենեակներու սպասուող պահանջը չիրականացաւ եւ ոլորտի մարմինները յայտնեցին, որ այս տարի հիւրընկալող քաղաքներուն մէջ պանդոկներու սենեակներ վարձողներու թիւը նուազած է:

Մրցաշարքերը չեն ստեղծեր 40 օր անընդմէջ լեցուն պանդոկներ, այլ կը յանգեցնեն մեծ թուանշանի մը շուրջ պահանջի: Ամերիկացի պանդոկատէրերուն համար մրցաշարքէն առաջ ծաւալած եռուզեռը նոյնպէս ապարդիւն էր: Նոյնը տեղի ունեցած է Ֆրանսսյի մէջ, 1998 թուականին, երբ պահանջը չէ համապատասխանած ակնկալութիւններուն:

ԳՐԱՒՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՅԱՂԹՈՂՆԵՐ

Այս տարուան մրցաշարքը կրնայ դառնալ բոլոր ժամանակներու ամենամեծ գրաւի ընկերութիւններու միջոցառումը, որու ընթացքին գրաւներու գումարը հասաւ 50 միլիառ տոլարի՝ շուրջ 500 միլիոն տոլար իւրաքանչիւր խաղի համար:

Խաղի ընթացքին կատարուող գրաւները փոխարինած են մրցումէն առաջ աւելի աւանդական ձեւը:

Հիմա ամէն բան կախուած է դաշտին մէջ տեսածին արձագանգելէն, դիտողներուն տեսակէտները ճշդելէն: Մինչ նախապէս այլ էր, պարզապէս՝ նստէ՛, դիտէ՛, սպասէ՛, խաղէն առաջ պէտք էր գրաւ դնել:

ՆԱՐԷ ՔԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2026