ՕՁԵՐՈՒ ՈՐՍՈՐԴԸ

Ժամանակին «Ամերիկայի ամենէն վայրի կինը» կոչուող այս անվախ բնագէտը 53 տարի ապրած է այդ հողին վրայ՝ պայքարելով Քամպերլենտ կղզին ապագայ ճամբորդներու համար պահպանելու: «Պի.Պի.Սի.» այս մասին հրապարակած է հետեւեալ յօդուածը:

*

Ամէն շաբաթ 84-ամեայ Քերըլ Ռաքտեշել կը զբօսնէ Ճորճիա նահանգի Քամպերլենտ կղզիի փոթորիկէն աւերուած լողափին վրայ: Սպիտակ քաուչուկ պոթերով եւ մութ մազերը հիւսած՝ ան դաշտային օրագրին մէջ կը գրէ ամէն բան, ինչ որ գտնէ. ինչպէս՝ դգալատուփեր, սանտուիչ, ծովային թռչուններ, ծովային վարսակներ, լուսնային խխունջներ, ծովային խեցգետիններ: Ան կ՚արձանագրէ խումբ մը անգղեր, որոնք նստած են սատկած որսի վրայ: Դլփինները կը լողան ափէն այն կողմ: Վայրի ձիերը կը սուրան աւազաբլուրներու երկայնքով: Շանաձուկին ատամները կը փայլին աւազին վրայ:

Ան կը հանդիպի կլորագլուխ մեծ կրիայի դիակի մը: Ան ծունկի կու գայ անոր կողքին եւ կը չափէ: Ինչպէս ան ըրած է շուրջ չորս հազար անգամ, ան կը կատարէ դիահերձում՝ ուսումնասիրելով, թէ ինչպէ՞ս կրիան մահացած է, ի՞նչ կերած է: Ան իւրաքանչիւր մանրուք կ՚արձանագրէ այնքան մանրակրկիտ ու նրբագեղ դաշտային նշումներով, որ ժամանակ մը Սմիթսընեան ազգային բնական պատմութեան թանգարանի տնօրէնները Ուաշինկթընէն 1126 քմ. հարաւ ճամբորդած էին անոր անձամբ հանդիպելու համար:

Ռաքտեշել տեղափոխուած է Քամպերլենտ 1973 թուականին եւ վերջին 53 տարիներու ընթացքին բնապահպանն ու բնագէտը Ատլանտեան ովկիանոսի ամենահեռաւոր եւ կենսաբազմազանութեամբ արգելապատնէշային կղզիներէն մէկուն միակ մշտական բնակիչներէն մէկը եղած է՝ իր առաջամարտիկ հետազօտութիւններուն համար անուանուելով՝ «ծովային կրիաներու Ճէյն Կուտուլ» եւ «Ամերիկայի ամենէն վայրի կինը»՝ օձեր բուծանող, դանակով զինուած: Ան առանձին կ՚ապրի պաշտպանուած անապատին մէջ, ուր ան յամառօրէն կը պայքարի զայն պահպանելու՝ ապագայ ճամբորդներու համար:

ԱՄԱՅԻ ԿՂԶԻԻ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆԸ

Աւելի քան 145 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ եւ գտնուելով Ֆլորիտա նահանգի Ճեքսընվիլ քաղաքէն 30 քմ. հիւսիս-արեւելք, Քամպերլենտը Ճորճիայի Ատլանտեան ովկիանոսի ափին ցրուած 14 արգելապատնէշային կղզիներէն ամենէն մեծն ու ամենէն հարաւայինն է, նաեւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պահպանուած վայրերու Ազգային ծառայութեան (NPS) կողմէ կառավարուող տասն ծովափերէն ամենաքիչ այցելուներ ունեցողներէն մէկը:

Կղզիին մէջ գրեթէ ո՛չ մէկ ինքնաշարժ կ՚արտօնուի: Չկայ «Uber», թաքսի կամ փոքր հանրակառք: Չկան սալարկուած ճամբաներ, աղբամաններ, խանութներ կամ յարմարութիւններ: Նոյնիսկ շիշ մը ջուր գնելու խանութ չկայ: Այցելուները իրենց հետ կը բերեն անհրաժեշտը եւ ամէն բան կը տանին իրենց հետ, երբ կ՚երթան: Միակ աւազոտ ճամբան հիւսիսէն հարաւ կ՚անցնի արմաւենիներով պատուած ծովային անտառներով եւ աղի ջուրերու ճահիճներով: 27 քմ. լողափերը շրջապատուած են բարձրացող աւազաբլուրներով, ուր բոյն կը դնեն հազուագիւտ, վտանգուած ափամերձ թռչուններ եւ ծովային կրիաներու չորս տեսակ:

Կղզիին մէջ կ՚արտօնուի օրական առաւելագոյնը 300 այցելու: Իւրաքանչիւր այցելութեան համար անհրաժեշտ է ամիսներ առաջ նախապէս արձանագրուիլ՝ ըլլայ այդ լաստանաւով միօրեայ ճամբորդներու, հինգ բանակավայրերէն մէկուն մէջ գիշերող այցելուներու, թէ կղզիի միակ առեւտուրի կեդրոնի՝ «Կրէյֆիլտ Ինն»ի 17 սենեակներէն կամ տնակներէն մէկուն մէջ մնացող հիւրերու համար:

20-րդ դարու սկիզբին հզօր ամերիկեան ընտանիքներ, օրինակ՝ Քարնեկիները եւ Ռոքֆելըրները, կղզիի հեռաւոր, սեփական հատուածներու մէջ ունէին ընդարձակ, ոսկեզօծ դարու կալուածներ: Անոնց կրտսեր սերունդները մինչ այսօր կը հանգստանան այնտեղ:

Ի տարբերութիւն իր քանի մը կիսաժամ դրութեամբ աշխատող դրացիներուն՝ Ռաքտեշել հոս ժառանգաբար չէ: 1960 թուականին Ճորճիայի պետական համալսարանի 28-ամեայ կենսաբանութեան հետազօտողի կարգավիճակով կղզի առաջին անգամ այցելելէ ետք, ան չէր կրնար մտքէն հանել այդ վայրը: «Ես կրնայի զբօսնել անտառին մէջ՝ արահետներով, առանձին մնալ եւ լսել լռութիւնը», կ՚ըսէ ան:

1973 թուականին Ռաքտեշել լքեց Աթլանթան եւ տեղափոխուեցաւ Քամպերլենտ՝ ընկերոջ ընտանեկան կալուածին մէջ, որպէս խնամակալ աշխատանքի անցնելով: Տարի մը առաջ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը կղզին յայտարարած էր որպէս պաշտպանուած ազգային ափամերձ գօտի եւ սկսած էր գնել բոլոր մատչելի հողամասերը, ինչպէս նաեւ գործարքներ կնքել տանտէրերու հետ՝ մահէն ետք անոնց սեփականութիւնը պաշտպանուած տարածքին փոխանցելու համար: Ժամանակի ընթացքին կղզիի քանի մը բնակիչներու մեծ մասը մահացաւ կամ հեռացաւ՝ ձգելով իրենց ժառանգները, իրենց սեփականութիւնը օգտագործելու որպէս հանգստեան տուներ: Բայց՝ ոչ Ռաքտեշելը:

1978 թուականին ան իր վերջին խնայողութիւնները գործածեց՝ գնելու այն եզակի կառոյցներէն մէկը, որ Ազգային արգելոցի ծառայութիւնը դեռ ձեռք բերած չէր. կղզիի հեռաւոր հիւսիսային ծայրը գտնուող լքուած փայտէ խրճիթ մը, որ կառուցուած էր ազատագրուած ափրիկեան ծագումով բնակիչներու կողմէ, 1800-ական թուականներուն:

«Երբ տունս ձեռք ձգեցի, գրեթէ քանդուած էր», կը յիշէ Ռաքտեշել: Յաջորդ երկու տարիներու ընթացքին ան օգտագործեց լողացող փայտանիւթը եւ գտաւ նիւթեր զայն բնակելի դարձնելու համար:

Դիւրին չէ ամբողջ օրը ապրիլ վայրի մը մէջ, ուր կարելի է հասնիլ միայն նաւով, եւ ուր չկան շուկաներ, պենզինի կայաններ, նամակատան ծառայութիւն կամ աղբավայր: Բայց կղզին «անգին» էր կենսաբանին համար եւ ան որոշեց գիտնալ անոր մասին ամէն բան, որ կրնար:

Այդ առաջին քանի մը տարիներու ընթացքին դրացի կղզիին մէջ բնակող ընկեր մը Ռաքտեշելին սորվեցուց ծովային կրիաներու հետազօտութիւններ, եւ ժամանակ մը ան կը հետեւէր ծովային կրիաներու ձուադրման «Նիւ Եորք Փորթ» թերթին համար:

Ծովեզերեայ զբօսանքներու ժամանակ Ռաքտեշել նկատեց, որ ափ դուրս կու գան աւելի ու աւելի շատ սատկած ծովային կրիաներ: Իւրաքանչիւր կրիայի դիահերձում կատարելով՝ ան յայտնաբերեց, որ շատերը կը խեղդուէին ծովախեցգետին որսացող ձկնորսական նաւակներուն մէջ եւ անոր ճիգերը յանգեցան օրէնսդրութեան եւ ցանցերու նախագծման փոփոխութիւններու:

ՀՈՂԷՆ ԱՊՐՈՂ

Հետազօտութիւններէն ետք ան ծովային անտառի մէջէն կը վերադառնայ այն վայրը, որ ան կ՚անուանէ «իմ տնակը»: Իր խրճիթի փայտէ պատերու երկայնքով անձրեւաջուրի տակառները ջուր կը հաւաքեն անոր բացօթեայ ցնցուղի համար: Անոր բակը պատուած է իրարու վրայ տեղադրուած կաթսաներով, խեցեգործական (ceramic) լոգարաններով, ուր ան կը մաքրէ կենդանիներու մնացորդները: Բակին մէջ գտնուող մաշած սեղանները կը ստուերեն մամուռով ծածկուած կաղնիները եւ երկար սոճիները: Բակէն այն կողմ կը գտնուի անոր հաւնոցը, որ կը բացուի դէպի մետաղալարէ ցանկապատով շրջապատուած պարտէզ մը, որուն տանիքը ծածկուած է որթատունկերով:

Խրճիթի թիթեղեայ տանիքի տակ գտնուող անձրեւաջուրերու դոյլերը անոր պարտէզը կը ջրեն կաթիլային խողովակի միջոցով: Ան կը տաքցնէ տունը եւ յաճախ կ՚եփէ իր հաւաքած ու ճեղքած փայտով: Շատ քիչերը ոտքով կամ հեծանիւով կը հասնին Ռաքտեշելի տունը՝ հիւսիս, որ կը գտնուի հանրային լաստանաւային կեդրոնէն 25 քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ անհարթ ճամբով, եւ միայն քանի մը քայլ հեռաւորութեան վրայ է այն եկեղեցիէն, ուր Ճոն Ֆ. Քենետի Կրտսեր եւ Քերըլայն Պեսեթ ամուսնացած են 1996 թուականին:

Ռաքտեշել կ՚ըսէ, որ տարիներ տեւած է իր պարտէզը այնքան զարգացնելը, որպէսզի կարողանայ իրեն ապրուստի միջոցներ հայթայթել: «Հոս ամէն բանի համար կարիքը կամ ցանկութիւնը քեզի համար է, ձեւով մը դուն կը վճարես», կ՚ըսէ Ռաքտեշել կղզիին կեանքի մասին:

Կղզիին վրայ անցուցած կէս դարու ընթացքին ան որսացած է, հաւաքագրած եւ կերած կղզիի հարուստ բազմազանութիւնը՝ վարազներ, ձիեր, ջրարջեր, պատենաւորներ եւ մանթառէյեր: «Ես պարզապէս որսի չեմ երթար, բայց եթէ բան մը կ՚անհանգստացնէ, կը խանգարէ կամ խառնաշփոթ կը ստեղծէ իմ պարտէզիս մէջ կամ նման բան մը, ես այդ կ՚ուտեմ», կ՚ըսէ ան:

Ան կրնայ հազուադէպօրէն այցելել մայր ցամաք եւ անոր մթերային խանութները, բայց մեծ մասամբ կ՚ապրի հողի հաշուոյն: Տասնամեակներ առաջ անոր տնկած կիտրոնի եւ մոշի ծառերը հիմա հասուն են, ան կ՚աճեցնէ լոլիկ, դդում եւ այլ բանջարեղէն:

Բայց եւ այնպէս, ան կը նշէ, որ վերջերս հետաքրքրասէր եղջերու մը ներխուժած է իր հողամաս եւ կլլած՝ գրեթէ ամէն բան:

«ԿՕՇԻԿՆԵՐ ԳԵՏՆԻՆ»

Վերջերս Ռաքտեշելի հիմնական մտահոգութիւնը Քամպերլենտի ծովային անտառն է՝ երկրի լաւագոյն պահպանուած վայրերէն մէկը, որ վտանգուած է կենսոլորտային պայմաններու պատճառով:

Քամպերլենտը պահպանելու եւ այս վերաբնակեցումը թոյլ տալու ջանքերը անխոնջ եղած են: Սակայն, ծովափի պետական պաշտպանութիւնը չի կանխեր զարգացման սպառնալիքները:

Ռաքտեշելի այստեղ անցուցած տասնամեակներու ընթացքին մարդիկ խնդրած են արտօնութիւն՝ պահպանուող վայրի բնութեան մէջ փոքր հանրակառքերով շրջապտոյտներու համար, փորձած են փոխանակել հողեր նոր բարգաւաճումներու համար եւ նոյնիսկ սպառնացած են ցամաքամասին վրայ կառուցել սարքեր, որոնք անօդաչուներ կ՚արձակեն կրակոցներով, պայթիւններով՝ Ռաքտեշելի տանիքին վրայէն: Ռաքտեշել պայքարած է այդ բոլորին դէմ:

Կարգ մը պայքարներու մէջ ան յաղթած է. ան շարժիչ ուժ էր 1980-ականներուն կղզիի հիւսիսային ծայրամասի համար պետական անապատային տարածքի կարգավիճակ ստանալու գործին մէջ: Այլ պայքարներու մէջ ան պարտուած է: Տարիներ շարունակ կը պնդէ, որ դարեր առաջ եւրոպացի գաղութարարներու կողմէ առաջին անգամ ներածուած վայրի ձիերը տեղ չունին Քամպերլենտի մէջ եւ կը տառապին հիւանդութիւններէ եւ սնունդի աղբիւրներու պակասէն: Սակայն, ան քիչ դաշնակիցներ գտած է զանոնք ոչնչացնելու կամ վերաբնակեցնելու իր պայքարին մէջ:

Ամէն անգամ, երբ Քամպերլենտ կղզիի բնական հաւասարակշռութեան դէմ նոր սպառնալիք մը կը ծագի, Ռաքտեշել, ինչպէս ինք կ՚ըսէ, «գետնին վրայ գործող անձը» եղած է՝ ահազանգ հնչեցնելով բնապահպաններուն:

Հին ժամանակներուն ան կը գրէր իր ընկերոջը՝ նախագահ Ճիմի Քարթըրին, որ իր հայրենի Ճորճիա նահանգին մէջ կենսոլորտի պաշտպանութեան ջատագով էր: Այսօր ան կապ կը հաստատէ բնապահպանական խումբերուն հետ:

«Առանց գիտակցելու՝ ես անցայ այս պահպանման դրութեան: Ես չէի ուզեր ժամանակս վատնել անոր վրայ: Ես պարզապէս կ՚ուզէի ուսումնասիրել կղզին», կ՚ըսէ ան:

Այս պահուն Ռաքտեշել կը պայքարի Ազգային պահպանուած տարածքի եւ հարուստ հողատէրերու միջեւ կնքուած համաձայնագրին դէմ, որ թոյլ կու տայ կղզիին վրայ նոր տուներ կառուցել տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամ: Ան նաեւ կը հետեւի այն առաջարկին, որ կը նախատեսէ Քամպերլենտի մէջ օրական այցելուներու սահմանաչափը 300-էն բարձրացնել մինչեւ 750-ի, ընդարձակել ելեկտրական հեծանիւներու գոյութիւնը եւ նոյնիսկ կառուցել նոր յարմարութիւններ, կարեւոր փոփոխութիւններ այն վայրին համար, որ ունի քիչ կամ ընդհանրապէս չունի ենթակառոյցներ:

Ռաքտեշելի համար այս ծրագիրները կը նշանակեն «հնարաւոր քանդումներ» ո՛չ միայն բուսական եւ կենդանական աշխարհի, այլեւ՝ այցելուներու կողմէ կղզին իր բնական վիճակի մէջ զգալու կարելիութեան համար, առանց ամբոխի, առեւտուրի եւ ցամաքամասի կեանքի այլ իւրայատկութիւններու:

Նոյնիսկ 84 տարեկանին Ռաքտեշել կ՚ըսէ, որ պիտի շարունակէ պայքարիլ կղզիի իր տունը պաշտպանելու համար. ան պարզապէս յոյս ունի, որ դեռ ժամանակ կայ ծովեզերեայ անտառով զբօսնելու կամ լողափը զննելու համար:

«Ես ամէն օր նոր բան մը կը սորվիմ։ Եւ այդ իմ սիրածս է», կ՚ըսէ ան:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Ուրբաթ, Յուլիս 31, 2026