ՄԱՀԱՐԻ ԵՒ ՇԱՀՆՈՒՐ

Միայն երկու օրով մեծ է խորհրդահայ բանաստեղծ եւ արձակագիր Գուրգէն Գրիգորի Մահարին (Գուրգէն Աճեմեան՝ բուն անունով, Վան, 1 օգոստոս 1903 - Փալանկա, Լիթուանիայի Խորհրդային Հանրապետութիւն, 17 յունիս 1969, աճիւնը տեղափոխուած է Երեւան)՝ սփիւռքահայ վիպագիր, հրապարակագիր, բանաստեղծ Շահան Շահնուրէն (Շահնուր Քերեսթէճեան՝ բուն անունով, Պոլիս, Սկիւտար, 3 օգոստոս 1903 - Սէն Ռաֆայէլ քաղաք, Ֆրանսա, 20 օգոստոս 1974), որոնք՝ ծնած օգոստոսի սկիզբները, յառաջապահ տեղ կը գրաւեն մեր գրականութեան մէջ, հանդիսանալով սերնդակիցներ, ստեղծագործական բեղուն բերք հասցուցած տաղանդաւոր գրողներ, սակայն, ապրած ու ստեղծագործած տարբեր միջավայրերու մէջ: 

Խորհրդահայ գրականութեան հիմնադիրներէն Գուրգէն Մահարիի երախայրիքը, «Սուգ» քերթուածը՝ «Մենութեան արցունքներ» խորագրի տակ՝ յաջորդելէ առաջ «Արտամետեան գիշերներ» եւ «Մեռնող երգեր» (1919) քերթուածներուն, եկաւ շաղուիլ Յովհաննէս Թումանեանի «Հոգեհանգիստ» (1915) եւ Վահան Տէրեանի՝ Ստեփան Շահումեանի նահատակութեան (1918) առիթով ձօնուած քերթուածին արցունքներուն.-

Եղնիկները կու լան, կու լան դառնագին,
Սմբուլներդ խորշակահար են դարձեր.
-Սեւ հագիր, դուն սուգի քոյր ցայգայի՜ն,
Սմբուլներդ խորշակահար են դարձեր…

Ծաւի լիճը ա՛լ չի ժպտար ոչ ոքի,
Ու լճափին ծաղիկները կը մեռնի՜ն,
-Սեւեր հագիր, իջնենք անտառը Սուգի,
Հոն լճափին ծաղիկները կը մեռնին…

1915-էն վերջ Արեւելեան Հայաստան գաղթած, պատանութեան սեմի Գուրգէնին գրական հոգեխառնութեան մէջ ծնունդ առած «Սուգ»ը պատահական սուգ մը չէր հարկաւ, այլ՝ 24 Ապրիլի սուգ, երբ 1919-ին, 16-ամեայ նորաբողբոջ քերթողը Էջմիածնի մէջ կը հանդիպի «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանին, Նաիրի Զարեանին հետ կը հրատարակէ «Արծիւ Վասպուականի» գրական թերթը, այնուհետեւ Երեւանի «Ապոլոն» կինոթատրոնի շէնքին առջեւ բախտը կ՚ունենայ առաջին անգամ տեսնելու թոքախտէ տառապահիւծ Վահան Տէրեանը, քանի մը վայրկեան ալ մտիկ ըելով անոր բանախօսութիւնն ու բանաստեղծութիւնները: Յետագային, Մահարի իր բնատուր տաղանդով պիտի ակօսէր ի՛ր իսկ ճանապարհը, յաճախ իր սիրտէն բխեցնելով անրջազօծ բաբախումները իր սիրաւեր լիրիկայի, ա՛յնքան ինքնատիպ՝ որքան ի՛նքն է, իր քերթողութեան բերած անխառն ապրումներու քերթողը, ստալինեան ժամանակներու բռնադատումները արիաբար դիմակայող, անոնց զուլումներուն զահանդանքը ցմրուր ըմպած աքսորական պոէտը…

Մահարիի «Մանկութիւն» (Ա. Աշխարհամարտի վաղորդայնին), «Պատանեկութիւն» (Մեծ Եղեռնի տարիներուն) եւ «Երիտասարդութեան սեմին» (յեղափոխական պայքարներու ժամանակաշրջանին, սակայն լոյս տեսած է 1956-ին, Ստալինի սատակումէն երեք տարի ետք) գլուխ-գործոց համարուող արձակ երկերը ընդելուզուած, միահիւսուած են Հայաստանի ու ազգիս բախտորոշ, այլեւ ամուր շղթաներով, շուրջ քառասնամեայ ժամանակաշրջանի մը վրայ, երբ փորին ու որովայնին չարիքը այդ համայնակուլ, չարաբաստիկ տարիներուն համատարած կը սոնքար հայ գրական կեանքին ու բազմաթիւ գրողներու ստեղծագործութեանց վրայ: 

1933-ին, 30 տարեկանին, Եղիշէ Չարենցին հետ մտերմութիւն հաստատած տարիներուն, Մահարիէն լոյս կը տեսնէ «Մրգահաս» քերթուածներու հատորը, որմէ 21 տարի ետք Երեւանի Հայպետհրատը «Երկեր» խորագրով հատորի մը երկու կողքերուն մէջ կ՚ամփոփէ անոր երիտասարդական տարիներու քերթուածները, «Ծովի երգեր»ը, գեղօններն (պալլատները) ու պոէմները, ասոնց միացնելով «Մանկութիւն» եւ «Պատանեկութիւն» ինքնակենսագրական երկերը, որոնք էի՛ն եւ պիտի մնան մեր ժողովուրդի գոյապայքարի ամենացայտուն էջերը՝ լինելութեան տաք տագնապներով ակաղձուն:

1959-ին լոյսի բարիքին կու գայ «Հնձաններ» բանաստեղծութիւններու հատորը, որ քերթողին 40-ամեայ պոէտական ճանապարհի ամփոփագիրն է՝ ինչպէս կը հաստատէ ի՛նք, հատորէն դուրս ձգելով զանազան պարբերաթերթերու մէջ լոյս տեսած պոէմներն ու բանաստեղծութիւնները: Երեք տարի ետք կը հրատարակուի իր մօր նուիրուած արձակ երկը, «Լռութեան ձայնը», որուն հաստափոր էջերուն մէջ առնուած են պատմուածքներն ու յուշագրութիւնները՝ «Չարենց-նամէ»ն, «Ակսէլեան քանդակներ»ը, «Հրաչեայ Ներսիսեան»ը, «Ուիլիամ Սարոյեանի հետ»ը, ապա թատրերգութիւնը՝ «Մարդը մարդուն»: 1966-ին՝ «Այրուող այգեստաններ» գլուխ-գործոց վէպը, ուր դրուագուած են Ա. Աշխարհամարտի նախորդող շրջանի եւ 1915-ի բռնագաղթի ու տեղահանութեան տարիներու Վանի հայութեան ապրած եղերական իրավիճակն ու անոր հերոսական պայքարները: 

Գուրգէն Մահարի չապրեցաւ սոսկ քնարերգակ բանաստեղծ իբրեւ, այլ իր քնարին մէջ դրաւ գրաքննադատական այն վարակիչ աւիշը, որ համակեց ընթերցողին միտքն ու հոգին, Հայաստանի ու հայրենի գիւղին արեւով, գեղջկական երդիքներու ծուխին երկնաբարձ ծուէններով, մահարիակա՛ն հայրենաբաղձութեամբ: Այդ գործերը գլելով ժամանակները խորհրդահայ շրջանի, միշտ լսելի ու սիրելի պիտի մնան իր ժողովուրդին համար: 

Միւս կողմէ, արեւմտահայ աշխարհի մէջ, Շահան Շահնուր անունն ու վաստակը՝ գրական հրիտակովը ամբողջ, տիրական եղան անոր երախայրիքին՝ «Նահանջը առանց երգի» վէպով, տասնամեակներ ամբողջ եւ ցայսօր, կարծես ստուերի մէջ ձգելով անոր միւս երկերը: 

Արդարեւ, Շաւարշ Միսաքեանի «Յառաջ»ին մէջ 28 մայսէն 3 սեպտեմբեր 1929-ը իբրեւ թերթօն հրատարակուելէ ու նոյն տարին Փարիզի մէջ հատորի կազմով լոյս տեսնելէ ետք վերոյիշեալ վէպը, Շահնուր ետին ձգեց Ռէալիզմով սնած իր աշխարհահայեացքը ու հսկայ ոստումով մը անցաւ դարպասէն ներս Գերիրապաշտ (Surrealism) դպրոցի, անոր հիմնադի՛րն իսկ եղաւ սփիւռքահայ գրական կեանքի մէջ, ուր անհայրենիք եղերականութեամբ օրօրուող հայ սերունդները, 1915-ի արեւմտահայ սերուցքի խողխողումէն ետք, իրենց ծարաւը յագեցուցին վէպին մէն մի բառին ու վանկին, շեշտին ու անոր ներսը աղաղակող ցաւին, օտարացումին, ուծացումին, կարօտին, մեր տակաւ մահացումին, կուսակցութիւններու հակընդդէմ անողոք կռիւներուն հուրքովը:

Ճիշդ է, որ «Նահանջ»ին մէջ սիրոյ պատմութիւնը կը միաձուլուի հայ ժողովուրդին կրած ողբերգութեան, լինելութեան գերխնդիրին հետ, բայց հարկ էր, որ սփիւռքահայը իր ետին ձգէր ռոմանթիք, պատրող երազները՝ ինչպէս յաջողեցան ընել արեւմտահայ գրողներէն շատերը (Յ. Օշական, Վ. Թէքէեան, Ա. Չօպանեան, Զ. Եսայեան, եւ աւելի ուշ՝ Ա. Ծառուկեան եւ ուրիշներ): Ի վերջոյ, ո՞վ չի կրնար ըմբռնել, թէ Շահնուրի եւ իր տարեկից Վազգէն Շուշանեանի գրականութեանց մէջ տարագիր հայուն ջիղն ու կամքը, Արարատով ներշնչուող հաւատքը կ՚ուզէ օր մը հանգչիլ Հողի երգին բոյրովը:

Շահնուրի «Յարալէզներու դաւաճանութիւնը» խորագրի տակ պատմուածքներու ժողովածոն լոյս տեսաւ 1932-ին, դարձեալ Փարիզ: Գեղարուեստական հիւսուածքով մեծարժէք երկ մը՝ երկրորդ գլուխ-գործոցը գրողին: Այստեղ լեզուն եւ մտածողութիւնը զերծ են խարակները ճեղքել ու քալել ուզող միտքերու զառածումներէ: Պատմուածքները՝ մէկական յաջողուածքներ, նիւթին կը տիրապետեն ո՛չ միայն փիլիսոփայական արտայայտչականութեամբ, այլեւ ոճի փարթամութեամբ ու գրաւիչ առնականութեամբ: Արդարեւ, ան՝ Շահնուր կ՚ըսէ. «… Յարալէզները կը լիզէին, եւ գեղեցիկը պիտի արթննար: Բայց ան այլեւս պիտի չելլէ ոտքի: Մենք խմբովին վերելքի մէջ էինք մինչեւ երէկ, բայց ահա որ չաստուածները մեզ դաւաճանեցին, Անահիտները մեզ ուրացան: Եւ այլեւս ամէն բան անօգուտ կ՚երեւայ հայութեան»: 

Սոյն երկն է, որ «Պատկերազարդ պատմութիւն հայոց» խորագիրի տակ, եկաւ հիմնաւորապէս Շահնուրը դասել սփիւռքահայ գրականութեան հիմնադիրներու շարքին: Բայց 30-ականներու վերջերէն երբ գրողին առողջական վիճակը սկսաւ վատթարանալ՝ ֆրանսերէնով սկսաւ ան ստեղծագործել ֆրանսատառ մամուլին մէջ՝ «Արմէն Լիւպէն» ծածկանունով, մինչեւ որ 1958-ին վերադարձ կատարելով դէպի հայերէն, նոյն տարին հայերէնով ան լոյս ընծայեց «Թերթիս կիրակնօրեայ թիւը», այնուհետեւ 1967-ին՝ «Զոյգ մը կարմիր տետրակներ»ը (Պէյրութ, մանկավարժ եւ գրաքննադատ, «Շիրակ» գրական ամսագրի վաստակաշատ խմբագրապետ Օննիկ Սարգիսեանի բծախնդիր աշխատանքով ու հրատարակութեամբ), 1970-ին՝ «Ազատն Կոմիտաս եւ վաղը», 1971-ին՝ «Բաց տոմար»ը, 1973-ին՝ «Կրակը կողքիս», իսկ մահէն ետք, 1995-ին՝ «Սիրտ-սիրտի» (վերջին չորսը՝ Փարիզի «Յառաջ»ի մատենաշարէն): Բաց աստի, Աբրահամ Ալիքեան բծախնդրօրէն ֆրանսերէնէ արեւմտահայերէնի է թարգմանած Շահնուրի «Գիշերային փոխադրութիւն»ը (1939), «Անտեղի պրպտումներ» (1942), «Գաղտագողի անցորդ» (1946), «Սուրբ համբերութիւն» (1951), «Բարձրաւանդակ» (1957), «Հուր ընդ հրոյ» (1968) տպաւորապաշտ արձակ էջերը:

Շահնուր՝ որ երեւոյթ է սփիւռքահայ գրականութեան մէջ, հեռատես միտք ու երկնառաք տաղանդ, կը յուսա՞ր, թէ օր մը «վերջ կը գտնէ օտարացման վտանգը եւ կը կորսուի նահանջի վերջին տողը, այդ հի՛ն, շատ հին մեղեդին՝ բոլորին ծանօթ»:

Արդեօք ան միտքին թէկուզ հեռաւոր մէկ ծայրէն անցուցա՞ծ էր, օտարացման ու նահանջի վտանգը օր մը կրնայ դամոկլեան սուրի պէս կախուիլ ներկայ Հայաստանի գլխուն՝ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Հայաստանի անկախացման տարիներուն, ուր մշակոյթը, գրականութիւնը, արուեստները պիտի անցնին «յետին պլան» կամ երրորդական ու չորրորդական գիծ եւ «պատերազմի՛ մշակոյթն» է, որ պիտի ըլլայ տիրական՝ Արցախը դարձնելով «Տրովադայի ձի», իրական Հայաստանը կապելով միջազգային ուղիներու…

Աւելին. թէկուզ ահասարսուռ 37 թուական տեսած եւ «Հայրենական մեծ պատերազմ»ով արիւնաքամ դարձած Խորհրդային Հայաստանը՝ որ անցեալին կը պարծենար իբրեւ գրականութեան, արուեստներու եւ գիտութիւններու երկիր, իբրեւ Վիքթոր Համբարձումեաններու, Արամ Խաչատրեաններու, Աւետիք Իսահակեաններու հայրենիք, Շահնուր կրնա՞ր հեռազգալ, թէ օր մը արեւելահայերէնի նահանջի վտանգը կրնար շրջապատել հայրենիքը, որ կոչուած էր ըլլալ յենարան, նա՛եւ պահպանել արեւմտահայերէնն ու սփիւռքի հայութիւնը՝ նահանջի վերահաս վտանգէ…:

Հարցումներուն մեծագոյնն է, ընդարձակ թեմաներ են այս բոլորը:

Եւ մենք, ազգովին, դեռ կը շարունակենք դիմակայել ուժգին մարտահրաւէրներն ու ամպրոպները Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի»ին, հայկական սփիւռքի ե՛ւ իրական Հայաստան հայրենիքի մէջ: Մեղա՜յ… Մեղա՜յ Արարատին… երգելով:

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Պէյրութ

Շաբաթ, Օգոստոս 1, 2026