ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԲԸՄ-Ի «ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ» ԾՐԱԳՐԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Բացայայտէ Հայաստանը» ծրագրին մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդները: Վեհափառ Հայրապետը օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց ներկաներուն՝ բարձրօրէն գնահատելով ՀԲԸՄ-ի կողմէ շարունակաբար իրականցուած նմանօրինակ ծրագրերը, որոնք հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն սփիւռքի զանազան համայնքներէ հայորդիներուն՝ հաղորդ դառնալու Հայաստանի իրականութեան, ամրապնդելու հայրենիքի հետ կապը եւ իրենց գիտելիքներն ու կարողութիւնները առաւել չափով ի սպաս դնելու հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ լուսաւոր ապագայի կերտման:
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց առաւել խորութեամբ ճանչնալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ նախնեաց՝ դարերու ընթացքին կերտած հարուստ հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը, որ բացառիկ դեր ունեցած է հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան ձեւաւորման եւ պահպանման ուղղութեամբ:
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդներուն պատգամեց՝ ամուր պահել կապը Հայաստանի եւ Մայր Եկեղեցւոյ հետ, օգտակար մասնակցութիւն բերել ազգային-հոգեւոր կեանքին եւ հայրենիքի շէնացման: