80-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Այս տարի, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրացոյցին վրայ մասնաւոր տեղ մը ունի՝ Շիշլի մարզակումբի հիմնադրութեան 80-ամեայ յոբելեանը: Արդէն ու տասնամեակի բազմակողմանի գործունէութեան ուղին Շիշլի մարզակումբին առանձնայատուկ դիրք մը կը վերագրէ համայնքային կառոյցներու ցանցին մէջ։ Արդարեւ, մարզական յաջողութիւններ արձանագրելու առընթեր, այս ակումբը կարեւոր դեր ունի՝ նոր սերունդը համախումբ պահելու տեսակէտէ։

Շաբաթավերջին, Շիշլի մարզակումբի 80-ամեակը յոբելենական շքեղ հանդիսութիւնով նշուեցաւ Գնալը կղզիի մէջ։ Ակումբի բազմակողմանի գործունէութեան փայլուն համայնապատկերին վրայ փառաշուք եւ անմոռանալի տօնակատարութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի։ Երեկոյթը համախմբեց համայնքային շրջանակները՝ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ։ Այս ձեռնարկը ո՛չ միայն Շիշլիի բոլորած անցեալ ութսուն տարիներու տօնախմբութիւնն էր, այլեւ անոր ապագայի ճանապարհին վրայ լիցքաւորուելու շարժառիթը։ 

Յոբելենական երեկոյթի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին՝ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրերու շարքին էին՝ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու եւ Գնալը կղզիի մարզակումբի վարչութեան նախագահ փրոֆ. Էմրէ Պուրչքին։ Համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ յայտնի դէմքեր մասնակցութիւն բերին ձեռնարկին. օրինակ՝ զանազան մատակարար մարմիններու ատենապետներ, հասարակական գործիչներ եւ այլ հիւրեր։ Անշուշտ, սեղանակիցներու շարքին էին Շիշլիի մեծ ընտանիքի բազմաթիւ անդամները, որոնք 80-ամեակի առթիւ բոլորովին տարբեր ուրախութիւն մը ապրեցան։ 

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Նարօտ Զուռնաճըի։ Շիշլիի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ժամանակ մասնաւորապէս շեշտադրեց ապագայի ճանապարհին նոր սերունդը համախումբ ու միասնական պահելու անվիճելի հրամայականը։ Ան դիտել տուաւ, որ Շիշլի մարզախումբը ո՛չ միայն միասնաբար մարզանքի հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, այլ կ՚ապահովէ մթնոլորտ մը, ուր մեր տոհմիկ արժէքները կը փոխանցուին նոր սերունդին եւ տղաքը հնարաւորութիւն կ՚ունենան հասակ առնելու՝ միասնական մթնոլորտի մէջ, եղբայրական մրցակցութեան պայմաններու ներքեւ եւ իւրաքանչիւր անգամ իյնալէ վերջ վեր յառնելու վճռականութեամբ։ 

Հանդիսութեան ընթացքին յուշանուէրներ յանձնուեցան Շիշլիի կարգ մը վեթերան մարզիկներուն, ինչպէս նաեւ նախկին շրջաններու վարչութիւններու ատենապետներէն՝ Հայկարամ Քարասուին եւ տքթ. Գարուն Գովանին։ Յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ պատգամաւոր Սեւան Սվաճըօղլուին եւ Նորին Ամենապատուութեան։ 

Յուշանուէրներու յանձնման զուգահեռ՝ ձեռնարկի բոլոր մասնակիցներուն յանձնուեցան յիշատակներ, նաեւ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն մը։ 

80-ամեակի կարկանդակի հատման պահուն խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին՝ մինչ համայնքային շրջանակները տարեդարձը ողջունեցին որոտընդոստ ծափահարութիւններով։

Երեկոյթի գեղարուեստական բաժնին մէջ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան Պարթեւ եւ Թաթիանա Պոստան, որոնք եւս արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու: 

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Եզրափակիչ փուլին Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատեց Շիշլի մարզակումբի առաքելութիւնն ու համայնքային կեանքէ ներս դերակատարութիւնը։ Արդարեւ, ան ուշադրութիւն հրաւիրեց մեր համայնքի մարդուժի եւ անոր հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ՝ ներուժի կարեւորութեան վրայ։ Այս ամբողջին մէջ Շիշլիի նման մարզակումբի մը տէր ըլլալը համայնքին տեսակէտէ կենսունակութեան գործօն նկատուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ, որ դրուատիքով արտայայտուեցաւ ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչութեան գործունէութեան մասին։ 

Արձակման փուլին բոլորը իրարու հետ բաժնեցին յոբելեանի ուրախութիւնը՝ զօրակցութիւն յայտնեցին ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչութեան եւ յարատեւութիւն մաղթեցին Շիշլի մարզակումբի գործունէութեան։

     

Երկուշաբթի, Օգոստոս 3, 2026