Երեքշաբթի 4, Օգոստոս 2026
ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Տ. Կորիւն աւաւգ քահանայ Ֆէնէրճեան, որ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը նշանակուած է, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիէն հրաժեշտին առթիւ այցելութիւն մը տուաւ Շիշլիի գաւառապետ Ճեւտէթ Էրթիւրքմէնին։ Սա քաղաքավարական այցելութիւն մըն էր՝ քանի Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ մէջ պաշտօնավարութեան շրջանին տէր հայրը եւ գաւառապետը ունեցած էին մարդկային ջերմ յարաբերութիւն։
Գաւառապետ Ճեւտէթ Էրթիւրքմէն, որ ընկերային ցանցերու վրայ անդրադարձաւ այս քաղաքավարական այցելութեան, Տ. Կորիւն աւագ քահանայ Ֆէնէրճեանին յաջողութիւն մաղթեց նոր առաքելութեան մէջ։
Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026