ԵՐԿՈՒ ԸՆԿԵՐՈՋ ԱՆԿԵՂԾ ԶՐՈՅՑՆԵՐԸ՝ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՌԹԻՒ. ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՆՈՐ ԳԻՐՔ

Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսած է՝ հայ երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեանի վերաբերեալ գիրք մը։ Սա սովորական գործ մը չէ՝ քանի գիրքին հեղինակն է՝ արդէն հանգուցեալ Յովհաննէս Այվազեան։ Տիգրան Մանսուրեան եւ Յովհաննէս Այվազեան ունեցած են մօտաւորապէս երեսունհինգ տարուան անմիջական բարեկամութիւն։ Ուստի, այս գիրքը կը համարուի երկու ընկերոջ անկեղծ զրոյցը՝ մշակութային բացայայտումներու առթիւ։ 

Թարգմանիչ, լրագրող եւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան բազմամեայ խմբագիր լուսահոգի Յովհաննէս Այվազեանի եւ Տիգրան Մանսուրեանի յարաբերութիւնը ծնունդ տուած է բացառիկ վկայութիւններու։ Արդարեւ, տասնամեակներ շարունակ մաէսթրոն Յովհաննէս Այվազեանին վստահած է իր խոհերը, յոյզերը, յուշերն ու ուշագրաւ պատմութիւնները, որոնց հիման վրայ հրատարակուած են հարցազրոյցներ եւ ծաւալուն յօդուածաշարքեր։ Լուսահոգի Յովհաննէս Այվազեան փափաքած է այդ բոլորը ամփոփել գիրքի մը մէջ, սակայն, այդ հնարաւորութիւնը չէ ունեցած իր կենդանութեան օրօք։ Բարեբախտաբար, յետ մահու, լուսահոգի Յովհաննէս Այվազեանի փափաքը կեանքի կոչած է իր դուստրը՝ Տիրուհի Նազարէթեան, որ այս գիրքի հրատարակութեան համար լուրջ աշխատանք տարած է Տիգրան Մանսուրեանի հետ։ Գիրքի յառաջաբանը գրի առնուած է Աննա Արեւշատեանի կողմէ, որ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արուեստի կաճառի երաժշտութեան բաժնի աւագ գիտաշխատողն է։ 

Այս յատկանշական գիրքի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի երդիքին տակ։ Մեծ դահլիճը լեցուն էր ամբողջութեամբ, իսկ պատուոյ հիւրն էր՝ մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեան։ Հնչեցին զանազան ելոյթներ, իսկ Տիգրան Մանսուրեան սրտի խօսքին մէջ դրուատիքով արտայայտուեցաւ լուսահոգի Յովհաննէս Այվազեանի մասին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026