ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարա հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանիին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այցելեց Դամասկոս։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանի։
Զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան ու համակարգման ամրապնդման ուղիներուն վերաբերեալ հարցեր՝ մանաւանդ տնտեսական ոլորտէ ներս։
Կողմերը արժեւորեցին տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւնները եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ շարք մը հարցեր՝ ընդգծելով անվտանգութեան, կայունութեան եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան աջակցելու կարեւորութիւնը։
Շարա եւ Պարզանի առաջին անգամ հանդիպած էին 2025 թուականի ապրիլի 11-ին՝ Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներէն ներս։ Այնուհետեւ անոնք կրկին հանդիպած էին այս տարի, նոյն ֆորումի ծիրէն ներս։
Նեչիրվան Պարզանի առաջին անգամ Դամասկոս այցելեց՝ Սուրիոյ մէջ 2024 թուականին տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն վերջ։