ԿՐՆԱ՞Ք ԺՊՏԻԼ
Ամրան դանդաղ առաւօտներս, եթէ կարելի է ըսել՝ օրերս, բարեբախտաբար կը շարունակուին: Համրուած օրեր են, գիտե՛մ, ուրեմն թանկ են եւ անփոխարինելի…
Արագ ու սրընթաց մեր ժամանակին մէջ գիտեմ ես, թէ ովքե՛ր կը գնահատեն դանդաղութիւնը, հեռաձայնին մէջ բոլոր «ալարմ»ները դադրեցնելը, հինգ վայրկեան մը յետաձգելու գերագո՜յն հաճոյքը, անհրաժեշտ նամակներուն ու անոնց մէջ պահանջուածներուն նայելու փոխարէն, քո՛ւ երգացանկիդ նայիլը, հագուստի պահարանին պէս՝ վերէ՜ն վար պարպելը, մաքրելը եւ նո՛ր, թերեւս շատ հին, բայց քեզի՛ համար նո՛ր երգ մը դնելը հոն…
Կեանքին հրամցուցած մարդոց պէս՝ պատահական չեն գար այդ «դիմացդ ելած» երգերը, գիրքերը, կտաւները, նկարները եւ անոնց պատմութիւնները. բան մը ունի ըսելիք կամ ընելիք ատոնցմէ իւրաքանչիւրը… կը բաւէ, որ մենք մեզի համար, միա՛յն մեզի համար այդ ժամանակը յատկացնենք:
Դիւրին չէ՛, կը խոստովանիմ. քանի մը տասնեակ տարի խլեց ինձմէ հոս՝ այս կէտին հասնիլը, բայց խնդիր չէ՛, քանի որ «ա՛յս եմ ես»՝ գիրք, պատմութիւն, երգ ու կտաւ ըսած պահուս կ՚եռան ակումբներուն մեր այնքա՜ն մօտիկ, բայց իսկութեան մէջ հեռո՜ւ-հեռու սեղաններուն զրոյցները, հոնտեղի չվերջացող լուրերը, ըսի-ըսաւները, յատուկ «տիզայն» եղած հագուստները, ճամբորդութիւնները, տարեդարձները, նշանտուքները, «շաուըր»ները, ո՛չ հարսին, ո՛չ ալ փեսային ապրած քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցող «Հազար ու մէկ գիշեր»ներէն պոկուած սո՜ւղ հարսանիքները, անոնց քուլիսային պատմութիւնները եւ նուէրները…
Աւելցնելու բան ունի՞ք. աճուրդ է, մարդուն ագահութեան չափ՝ անսահման:
Եւ ահա հարցումը.
Ո՞վ կրնայ քննադատել եւ ինչո՞ւ քննադատել:
Մեր դրամը չեն ծախսեր, վերջապէս, իրենց հաճոյքը շա՜տ սուղ վայելողները: Հակառա՛կը. ուրիշը հաճոյացնելու համար չե՞ն ըլլար այս մեծ «ուրախութիւնները»: Մարդիկ կը հրաւիրուին հոն, շա՜տ մարդիկ, որոնք օրե՜ր շարունակ կը մտածեն ի՛նչ ընելուն, ի՛նչ հագուելուն եւ ի՛նչ նուիրելուն մասին…
Ե՞րբ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս այսքան ցուցամոլ եղանք.
«Անոր» տղան «հոն» կը լողայ, «ի՞մ» տղաս:
«Հոնտեղէն» կը հագուի «անոր» աղջիկը, «ի՞մ» աղջիկս:
«Ան» հոն գնաց, «ես» չերթա՞մ:
Ճամբորդութեան նկարները «փոսթ» ըրին «անոնք», «մենք» պիտի չընե՞նք:
«Անոնք» ծովափին խրախճանք ըրին, անապատը չծաղկեցնե՞նք «մենք»:
Երկու օր էր «անոնց» հարսանիքը, երե՛ք օր կրնանք ընել «մենք»…
Անվերջ է այս շարքը, ճղճիմ ու անորակ:
Ինչո՞ւ մէկը չի՛ յանդգնիր բոլորին ըրածը չընելու քա՛ջ քայլը առնել:
Ե՞րբ եւ ինչո՞ւ մարդուն արժէքը անիմաստ այս ձեւակերպութիւններուն կապուեցաւ:
Ինչո՞ւ մարդ այս աշխարհին վրայ մնալիք իր ըրած գործով չ՚արժեւորուիր, այլ՝ իր ծախսա՛ծ դրամով:
«Գիտե՞ս ով է», «գիտե՞ս ովքեր են».
Ե՞րբ ձեւաւորուեցան անմարդկային այս ստորադասումները:
Այլ կերպ պիտի կրկնեմ հարցումս.
Պէտք չէ՞ քննադատել ցուցամոլները:
Իսկ գնահատել կարելի՞ է խոնարհները:
…
Մանուկ Յիսուսին հետ վանք մը այցելող Աստուածամայրը մեծարելու համար երկա՜ր շարք մը կը կազմեն իրենց տալիք նուէրներով հպա՜րտ վանականները. ոսկի եւ արծաթով զարդարուած աստուածաշունչեր, թանկարժէք իրեր ու սրբապատկերներ կը նուիրեն Անոր…
Կարգը կը հասնի շարքին ամենավերջը կեցողին՝ կրկէսի մէջ աշխատող ընտանիքի մէջ մեծցած համեստ վանականին: Ոսկի, արծաթ, թանկարժէք նուէր չի տար ան Աստուածամօր, իր կրցա՛ծը, իր սրտո՛վ ըրածը կը նուիրէ. ձեռքի քանի մը նարինջներուն հետ խաղալով հնարքներ կ՚ընէ, Մանուկ Յիսուսը կը ժպտի, ծափ կու տայ եւ Աստուածամայրը ձեռքը այդ վանականին կ՚երկարէ…
Ամրան տօթ երեկոներուն մէջ շողշողացող «ֆանթասթիք» ձեր խրախճանքներուն դիմաց կը դնեմ դանդաղ օր մը «դիմացս ելած», միջնադարեան առասպելի մը հիման վրայ գրուած գողտրիկ այս պատմութիւնը, սիրելի՜ ցուցամոլներ, եւ կը հարցնեմ.
Հպարտալի՜ ձեր խրախճանքներէն ետք, երբ տուն կը վերադառնաք, դուռը կը գոցէք ու մինա՛կ կը մնաք, ձեր սրտի խորերէն հանգիստ ու խաղաղ կը ժպտի՞ք:
Կրնա՞ք ժպտիլ…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ