ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ, ՀՈԳԵՑՈՒՆՑ ԵՒ ԱՆԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼԻ

Մեներգչուհի Սիպիլի վերջին գործը ստեղծած է շատ լայն արձագանգ եւ արժանացած՝ համատարած գնահատանքի։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հետաքրքրութեան առընթեր, ընկերային ցանցերու վրայ ալ Սիպիլի վերջին գործը վառ ուշադրութեան արժանացած է՝ մինչ որոշ հարթակներու վրայ իր երգին ծանօթացումը կը համարուի իր երգին դէպքը։ «Մշակոյթի տուն» կայքէջին վրայ հրապարակուած Արսէն Վարդանեանի գրառումը այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ Սոյն գրառման մէջ նշուած է հետեւեալը. 

«Պոլսահայ տաղանդաւոր երգչուհի Սիպիլ մեզի նուիրած է աննախադէպ եւ հոգեցունց աշխատանք մը. արհեստական բանականութեան օգնութեամբ վերակենդանացուցած է Կոմիտաս վարդապետի կերպարը եւ ստեղծած է աներեւակայելի զուգերգ մը՝ Սիպիլ եւ Կոմիտաս։ Պոլիս… քաղաք, ուր Կոմիտաս արարեց, երգչախումբեր ստեղծեց, համերգներ կազմակերպեց, տարածեց հայկական երգը», նշած է հեղինակը։ 

Գրառման մէջ Արսէն Վարդանեան նշած է, որ Սիպիլի շնորհիւ Կոմիտաս վարդարձած է եւ կը հնչէ Պոլիսէն իսկ, որովհետեւ Սիպիլ զինքը կը վերապրեցնէ՝ ապացուցանելով, որ խաւարը երբեք չի կրնար յաղթել լոյսին, իսկ հայոց ոգին ու մշակոյթը անմահ են։ 

Գրառման տեւողութեան հեղինակը բարձր գնահատանքով եւ դրուատիքներով արտայայտուած է Սիպիլի մասին։ 

Սիպիլի «Արօրն ու տատրակը» գործի տեսահոլովակի առաջին ներկայացումը վերջերս տեղի ունեցած էր Երեւանի մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի կեդրոնի մեծ դահլիճի երդիքին տակ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026