ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ, անցեալ կիրակի տեղի ունեցաւ ծանօթացման հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ Ս. Յարութեան տաճարի տեսուչ նշանակուած է Տ. Ղեւոնդ ծայրագոյն վարդապետ Յովհաննիսեան։ Նորանշանակ հայր սուրբը Ս. Յարութեան տաճարին մէջ պաշտօնապէս Ղպտի եւ Ասորի եկեղեցիներու հոգեւորականներուն ներկայացուեցաւ՝ Տ. Կորիւն եպսկ. Պաղտասարեանի կողմէ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դաւանակից այս երկու եկեղեցիներու հոգեւորականներուն եւ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցաւ ջերմ զրոյց։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026