ՊՈԼՍՈՅ ԱԹՈՌԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը կերտուած է ոչ միայն հայրապետներով, եկեղեցական ժողովներով կամ ազգային-եկեղեցական պայքարներով։ Իր ներքին ուժը, դարերէ ի վեր, սնուած է նաեւ այն հաստատութիւններով, որոնք անաղմուկ, բայց հետեւողական կերպով պատրաստած են եկեղեցւոյ սպասաւորները։ Ամէն աթոռի կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցած է այնպիսի շրջան մը, երբ եկեղեցին գիտակցած է, թէ իր վաղուան գոյութիւնը կախեալ է այն երիտասարդներէն, զորս այսօր կը կրթէ։ Այդ պատճառով ալ վանքերը, դպրեվանքները, դպրատուներն ու միաբանութիւնները երբեք պարզ ուսումնարաններ չեն եղած, այլ՝ հոգեւոր կերտարաններ նաեւ, ուր գիտութիւնը կը միանար աղօթքի, կարգապահութիւնը՝ հնազանդութեան, իսկ ազգային գիտակցութիւնը՝ եկեղեցական կոչումի։

Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը այս իմաստով առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։ Իր աւելի քան հնգադարեան գոյութեան ընթացքին ան ո՛չ միայն ազգ/համայնք ղեկավարած է, այլեւ կազմաւորած է սերունդներ, որոնք հետագային ծառայած են իբրեւ քահանաներ, վարդապետներ, ուսուցիչներ, խմբագիրներ, մի խօսքով՝ որպէս եկեղեցական ու ազգային մշակներ։ Պոլսոյ հայ իրականութիւնը դժուար է պատկերացնել առանց այն կրթական միջավայրին, որու մէջ հասակ առին բազմաթիւ եկեղեցականներ եւ մտաւորականներ։ Այս պատճառով Պոլսոյ Աթոռի պատմութիւնը նաեւ կրթական պատմութիւն է։

Դժբախտաբար պատմական պայմանները միշտ չէ, որ թոյլ տուած են այս աւանդութեան անխափան շարունակութիւնը։ Ժամանակի քաղաքական, հասարակական եւ ժողովրդագրական փոփոխութիւնները անդրադարձած են նաեւ պատրիարքութեան կրթական կառոյցներուն վրայ։ Անոնցմէ ոմանք փակուած են, ուրիշներ փոխած են իրենց բնոյթը, իսկ ոմանք մնացած են միայն պատմութեան էջերուն մէջ։ Սակայն, կրթական հաստատութեան ֆիզիքական գոյութիւնը եւ կրթական աւանդութեան ոգին նոյն բանը չեն։ Հաստատութիւն մը կրնայ փակուիլ, բայց իր ստեղծած հոգեւոր մշակոյթը կը շարունակէ ապրիլ նոր սերունդներու մէջ։ Այդ իսկ պատճառով այսօր ալ, երբ Պոլսոյ Աթոռը այլեւս չունի իր երբեմնի վանական-դպրեվանական ամբողջական համակարգը, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ համագործակցելով Հայ Եկեղեցւոյ կրթական տարբեր կեդրոններուն հետ եւ որոնելով նոր սերունդի հոգեւոր սպասաւորներ պատրաստելու ուղիներ։ Պայմանները փոխուած են, սակայն առաքելութիւնը կը մնայ նոյնը։

Ահա այս պատմական եւ հոգեւոր իրողութեան լոյսին տակ է, որ պէտք է դիտել Հոգշ. Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի «Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան վանական-դպրեվանական կեանքը» աշխատասիրութիւնը։ Գիրքը պատմական պարզ տեղեկութիւններու շտեմարան մը չէ, ոչ ալ միայն առանձին հաստատութիւններու տարեգրութիւնը։ Ան փորձ մըն է մէկտեղելու եւ վերակազմելու Պոլսոյ Աթոռի կրթական յիշողութիւնը, դասաւորելու զայն պատմագիտական մտածողութեամբ եւ ցոյց տալու, թէ ինչպէս դարերու ընթացքին պատրիարքութիւնը ստեղծած է իր սեփական դպրոցը՝ բառին ամենէն լայն իմաստով։ Այս պատճառով ալ հատորը կը հետաքրքրէ ո՛չ միայն պատմաբանը կամ եկեղեցականը, այլեւ ամէն անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ ազգային հաստատութիւններու կեանքը հասկնալու համար անհրաժեշտ է հասկնալ նաեւ անոնց կրթական աւանդութիւնը։

2023-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչատան կողմէ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրամանով եւ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ լոյս տեսած 180 էջանի այս հատորը խորքին մէջ հեղինակին վարդապետական աւարտաճառի հրատարակուած տարբերակն է։ Գիրքի խմբագիրներն են Աւետիս Յարութիւնեան ու Անի Ֆիշենկճեան։ Հեղինակը զայն ձօնած է Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան գահակալներուն՝ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցիէն մինչեւ Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը։ Այս ձօնը պատահական ընտրութիւն մը չէ վստահաբար. խորհրդանշական կերպով կը յիշեցնէ, որ գիրքին առանցքը մէկ հաստատութեան պատմութիւնը չէ միայն, այլ ամբողջ Աթոռի հոգեւոր ու կրթական ժառանգութիւնը։

Հատորին արժանիքներէն մէկն այն է, որ հեղինակը կը մօտենայ իր նիւթին ո՛չ միայն որպէս պատմաբան, այլ որպէս Պոլսոյ Աթոռի զաւակ եւ միաբան հոգեւորական։ Այդ հանգամանքը զգալի է ամբողջ աշխատասիրութեան մէջ։ Ան կը փորձէ պատմութիւնը ներկայացնել ո՛չ թէ որպէս հեռաւոր անցեալ, այլ որպէս ապրող ժառանգութիւն, որու ազդեցութիւնը տակաւին կը շարունակուի։ Այս մօտեցումը գիրքին կու տայ ներքին ջերմութիւն մը, առանց վնասելու պատմագիտական զսպուածութեան։

Տ. Յարութիւն վարդապետի համար այս հատորը նաեւ երկարամեայ մտաւոր աշխատանքի բնական շարունակութիւնն է։ Ան առաջին անգամ չէ, որ գիրքով կը ներկայանայ ընթերցողին։ Դեռ սարկաւագութեան շրջանին հրատարակած էր «Ս. Երկիրը կը կանչէ» հատորը, ուր դէպի Երուսաղէմ եւ Ս. Երկիր ուխտագնացութիւնը կը վերածուէր հոգեւոր խորհրդածութեան։ Քահանայական ձեռնադրութենէ ետք ան լոյս ընծայեց «Քառասնօրեայ խոհեր» եւ «Շաբաթական խոհեր» ժողովածուները, որոնք իրենց բովանդակութեամբ աւելի հովուական եւ հոգեւոր բնոյթ կը կրեն։ Այս հրատարակութիւններուն զուգահեռ Հայր Սուրբը տարիներ շարունակ իր յօդուածներով ներկայ է պոլսահայ մամուլի էջերուն ու ընկերային ցանցերու վրայ՝ եկեղեցագիտական եւ մշակութային նիւթերու արծարծումով։

Այս ամբողջ գործունէութիւնը ցոյց կու տայ, որ երիտասարդ հեղինակին համար գրիչը երբեք երկրորդական զբաղում մը չէ եղած։ Անիկա իր հովուական ծառայութեան բնական շարունակութիւնն է։ Այս առումով Տ. Յարութիւն վարդապետը կը շարունակէ այն գեղեցիկ աւանդութիւնը, որ երկար տարիներ բնորոշած է Պոլսոյ մտաւորական հոգեւորականութիւնը։ Բաւական է յիշել Օրմանեանը, Դուրեանը, Խաչատուրեանը, Գալուստեանը, անցեալէն ու ներկայէն ուրիշներ ալ, որպէսզի հասկնանք, թէ Պոլսոյ մէջ հոգեւորականը պատմականօրէն միայն եկեղեցւոյ խորանի առջեւ կանգնող անձ չէ եղած, այլ նաեւ մտածող, գրող, հետազօտող եւ հանրային խօսք ունեցող մտաւորական։ Այդ աւանդութեան շարունակութիւնն է, որ կը տեսնենք նաեւ ներկայ աշխատասիրութեան մէջ։

Գիրքին գլխաւոր արժէքը, սակայն, կը կայանայ իր ընտրած նիւթին մէջ։ Հայ եկեղեցական պատմագրութեան մէջ բազմաթիւ աշխատութիւններ կան հայրապետներու, եկեղեցիներու, թեմերու կամ ազգային հաստատութիւններու մասին, մինչդեռ վանական եւ դպրեվանական կեանքը, յատկապէս Պոլսոյ Աթոռի պարագային, հազուադէպօրէն դարձած է ամբողջական ուսումնասիրութեան նիւթ։ Այս առումով Յարութիւն վարդապետի աշխատասիրութիւնը կը լեցնէ զգալի բաց մը եւ կը դառնայ օգտակար ուղեցոյց ո՛չ միայն մասնագէտներուն, այլեւ երիտասարդ սերունդին, որ շատ անգամ անունով միայն կը ճանչնայ Արմաշը կամ Մայր Դպրատունը, բայց ոչ անոնց իրական դերը Պոլսոյ հայութեան կեանքին մէջ։

Գիրքի էջերը թերթատելով՝ ընթերցողը շուտով կը համոզուի, որ հեղինակին նպատակը չէ եղած միայն տեղեկութիւններ հաւաքել կամ ժամանակագրական ցանկ մը կազմել։ Ան ձգտած է վերակազմելու այն հոգեւոր միջավայրը, որու մէջ դարեր շարունակ հասակ առած են Պոլսոյ Աթոռի սպասաւորները։ Այս պատճառով ալ հատորին մէջ իրարու կը յաջորդեն ոչ միայն դէպքերն ու թուականները, այլեւ մարդիկ, հաստատութիւնները, գաղափարները եւ կրթական սկզբունքները, որոնք միասին կազմած են Պոլսոյ եկեղեցական կեանքի ողնայարը։

Հեղինակը նախ ընթերցողը կը տանի Արմաշու դպրեվանք, որ հայ եկեղեցական պատմութեան փառաւոր էջերէն մէկը կը կազմէ։ Հայր Սուրբը կը ներկայացնէ ո՛չ միայն անոր հիմնադրութիւնը եւ կազմակերպական կեանքը, այլեւ այն բացառիկ ազդեցութիւնը, զոր Արմաշը ունեցած է հայ եկեղեցական մտքի, քարոզչութեան, աստուածաբանութեան եւ գրականութեան վրայ։ Արմաշը դարձած էր դպրոց մը բառին ամբողջական իմաստով։ Անոր շրջանաւարտները միայն եկեղեցական պաշտօններ չէին վարեր, այլ կը դառնային գրողներ, մանկավարժներ, հրատարակիչներ եւ աշխարհական վարիչներ։ Հոն գիտութիւնը կը զուգորդուէր ճգնողական կեանքին, իսկ գրականութիւնը՝ քարոզչական առաքելութեան։ Այս պատճառով ալ անոր ազդեցութեան շրջանակը շատ աւելի ընդարձակ եղաւ, քան իր պատերէն ներս կազմաւորուած սերունդները։

Տամատեան անդրադառնալով պատրիարքութեան սկզբնական շրջանին՝ կը յիշեցնէ, թէ ինչպէս Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը, իր կազմաւորման առաջին իսկ տարիներէն, գիտակցած է կրթուած հոգեւորականութեան անհրաժեշտութեան։ Այդ գիտակցութենէն ծնած են կրթական տարբեր նախաձեռնութիւններ, որոնք դարերու ընթացքին տարբեր ձեւեր ստացած են՝ երբեմն համեստ դպրոցներու, երբեմն կազմակերպուած վանական հաստատութիւններու, իսկ երբեմն ալ աւելի լայն կրթական կեդրոններու կերպարանքով՝ շեշտելով, թէ Պոլսոյ դպրեվանական կեանքը սկիզբ կ՚առնէ Յովհաննէս Կոլոտի կողմէ հիմնադրուած ուսումնարանով։ Ուստի, հատորի կարեւոր բաժիններէն մէկը նուիրուած է Մայր Դպրատան պատմութեան։ Այս հաստատութիւնը երկար տարիներ եղած է ո՛չ միայն կրթական օճախ, այլեւ այն միջավայրը, ուր ձեւաւորուած են եկեղեցական կարգապահութիւնը, պաշտամունքային կեանքը եւ պատասխանատուութեան զգացումը։ Ժամանակի ընթացքին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վանական աւանդութիւնը, ըստ Տամատեանի, գործնականապէս հոս է որ միացած է կոլոտեան աւանդութեան։

Նոյն բծախնդրութեամբ, սոյն հաստատութիւնները յատկանշող անուններու մասին կենսագրական հարուստ տուեալներով ներկայացուած են նաեւ Գալֆաեան Ուխտի միաբանութիւնը եւ Սկիւտարի Սուրբ Խաչ դպրեվանքը, որոնք տարբեր ժամանակաշրջաններուն իրենց հիմնադիր բո՛ւն առաքելութեամբ ծառայած են Պոլսոյ Աթոռին եւ ցարդ կը շարունակեն իրականացնել իրենց կրթական ու հայապահպան նուիրական առաքելութիւնը։

Առանձնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ նաեւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ս. Ներսէսեան դպրաց դասու՝ երջանկայիշատակ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի հիմնադրած աւանդութեան կատարուած անդրադարձը։ Թէեւ այս մէկը դասական իմաստով վանական հաստատութիւն մը չէր, սակայն երկար տարիներ կարեւոր դեր խաղացած էր Պոլսոյ եկեղեցական կեանքէն ներս՝ նոր սերունդներուն փոխանցելով ո՛չ միայն գիտելիք, այլեւ եկեղեցասիրութիւն, կարգապահութիւն եւ ազգային ինքնագիտակցութիւն։ Այս բաժինը ընթերցողին կը յիշեցնէ, թէ կրթութիւնը երբեք շէնքերու պատմութիւն չէ միայն, այլ նախ եւ առաջ մարդոց պատմութիւն։ (Որպէս յիշեցում նշենք, որ թէ՛ խնդրոյ առարկայ հատորին եւ թէ տողերուս հեղինակը նոյն այդ հոգեւոր-եկեղեցական միջավայրէն սնած են ու ստացած իրենց հոգեւոր սնունդը)։

Հատորին ամբողջ ընթացքին ակներեւ է նաեւ հեղինակին աղբիւրագիտական աշխատանքը։ Ան օգտուած է հրատարակեալ բազմաթիւ նիւթերէ, պատմական ուսումնասիրութիւններէ, մամուլէ քաղուած տեղեկութիւններէ։ Այս հանգամանքը աշխատասիրութեան կը հաղորդէ վստահելիութիւն եւ գիտական հիմք։ Միեւնոյն ժամանակ, հեղինակը կը խուսափի ընթերցողը ծանրաբեռնելէ աւելորդ մանրամասնութիւններով։ Լեզուն պարզ է, սահուն եւ ընթեռնելի, ինչ որ հատորը մատչելի կը դարձնէ ո՛չ միայն մասնագէտներու, այլեւ պատմութեամբ հետաքրքիր լայն շրջանակներու։

Այս աշխատասիրութիւնը կարդալու ընթացքին ակամայ կը ծագի նաեւ ուրիշ մտածում մը։ Գիրքը կը խօսի անցեալի մասին, բայց իրականութեան մէջ ան ուղղեալ է ներկային։ Երբ կը կարդանք Արմաշի, Մայր Դպրատան կամ Ս. Խաչի մասին, բնականաբար կը խորհինք նաեւ այսօրուան իրողութեան մասին։ Ի՞նչ ձեւով կարելի է շարունակել այդ աւանդութիւնը մեր օրերուն։ Ի՞նչ միջոցներով կրնայ Պոլսոյ Աթոռը պահպանել իր կրթական առաքելութիւնը, երբ պայմանները էապէս փոխուած են։ Հեղինակը ուղղակի պատասխաններ չի տար այս հարցումներուն, սակայն ամբողջ գիրքը անոնց շուրջ մտածելու առիթ կու տայ։

Այս իմաստով հատորը պատմական աշխատասիրութիւն ըլլալէ անդին կը դառնայ նաեւ յիշողութեան գիրք։ Իսկ յիշողութիւնը, մանաւանդ եկեղեցական կեանքի մէջ, երբեք անցեալի պահպանութիւն չէ։ Ան ապագայի կառուցման միջոցն է։ Ժողովուրդ մը, որ կը մոռնայ իր կրթական արմատները, դժուար թէ կարենայ վստահութեամբ կերտել իր վաղուան օրը։ Հոգշ. Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի աշխատասիրութիւնը մեզի կը յիշեցնէ այս պարզ, բայց խոր ճշմարտութիւնը։

Վերջապէս, արժէ ընդգծել, որ այս գիրքը ճի՛շդ ժամանակին հրատարակուած ուսումնասիրութիւն մըն է։ Այսօր, երբ հայ իրականութիւնը, մանաւանդ սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ, կը դիմագրաւէ հոգեւորական նոր սերունդ պատրաստելու մարտահրաւէրներ, նման ուսումնասիրութիւնները կը դառնան աւելի քան պատմագիտական հետաքրքրութիւններու առարկայ։ Անոնք փորձառութեան փոխանցում են։ Անոնք կը վկայեն, թէ ինչպէս նախորդ սերունդները յաջողած են կրթական հաստատութիւններու միջոցով կերտել եկեղեցական եւ ազգային դիմագիծ։

Հաւանաբար այս ալ գիրքին ամենէն կարեւոր պատգամն է. կրթական հաստատութիւնները կարելի է կորսնցնել, շէնքերը կրնան փակուիլ, պայմանները կրնան փոխուիլ, սակայն կրթական աւանդութիւնը կրնայ շարունակել, եթէ պահպանուի անոր ոգին։ Իսկ այդ ոգին կը պահպանուի յիշողութեամբ, ուսումնասիրութեամբ եւ նոր սերունդներուն փոխանցումով։

Հոգշ. Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի «Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան վանական-դպրեվանական կեանքը» աշխատասիրութիւնը այդ փոխանցումին գեղեցիկ օրինակներէն մէկն է։ Հատորը արժէքաւոր ներդրում է Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան մէջ եւ միաժամանակ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ այն բոլոր վանքերուն, դպրոցներուն, ուսուցիչներուն ու հոգեւոր հայրերուն հանդէպ, որոնք դարեր շարունակ կազմաւորեցին Աթոռի սպասաւորները եւ անոնց միջոցով ծառայեցին ողջ հայ ժողովուրդին։

Գիրքը ընթերցողը անպայման կը հարստանայ նոր տեղեկութիւններով, բայց աւելի կարեւորը՝ գիրքը կը վերջացնէ այն համոզումով, որ Պոլսոյ Աթոռի պատմութիւնը կարելի չէ ամբողջութեամբ հասկնալ, եթէ անջատենք զայն իր կրթական ժառանգութենէն։ Եւ թերեւս ա՛յս է գիրքին ամենէն մեծ արժանիքը. ան մեզի կը յիշեցնէ, թէ կրթական ժառանգութիւնը միայն անցեալի յիշատակ չէ, այլ ապագայի պատասխանատուութիւն։

ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026