ՍԻՐԱՀԱՐԻԼ՝ ՍԻՐԵԼ ԸՍԵԼ ՉԷ

Սիրահարութեան միւս բացասական կողմերէն մէկը սեփականացնելու փափաքն է։ Սիրահարած մարդը միշտ իր մէջ կ՚ունենայ սիրածը կորսնցնելու վախը՝ նոյնիսկ եթէ անոնց յարաբերութեան սպառնացող ո՛չ մէկ բան գոյութիւն ունի։ Սէրը մարդուն մէջ կը ստեղծէ վախ ու կասկածամտութիւն եւ իրականութենէն հեռու մտածում մը նոյնիսկ բաւարար կ՚ըլլայ անձի մը տրամադրութիւնը քանդելու. այս մէկը մարդուն մէջ կը ստեղծէ անապահով ըլլալու զգացում: Մարդ արարածը ուրախութեան ինքզինք պատրաստելու այնքան կարիքը չի զգար՝ ինչքան տխրութեան եւ յուսախաբութեան. կ՚ուզէ նախապէս ինքզինք պատրաստել որեւէ բացասական վիճակի, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցի, որ տխրութեան պատճառած զգացումի ազդեցութիւնը շատ աւելի երկար ու մնայուն կրնայ ըլլալ՝ քան ուրախութեան: 

Մարդ արարած ի բնէ իր մէջ ունի լքուելու վախը. օրինակի համար, մայր մը երբ մանուկէն հեռանայ՝ մանուկը բարձրաղաղակ կու լայ, որովհետեւ այդ կ՚ընդունի որպէս լքում։ Մարդ արարած այդ վախը կ՚ունենայ իր բոլոր տարիքներուն, իսկ սիրոյ պարագային այդ մէկը ամբողջութեամբ տարբեր վիճակ կ՚ընդունի՝ մանաւանդ եթէ անձը իր կեանքը, ուրախութիւնն ու տրամադրութիւնը կապած է իր սիրած անձին հետ: Այդ վախի ազդեցութիւնն է, որ մարդուն մէջ կը ստեղծէ սիրուած ըլլալու պահանջը։ Մարդ կը սիրէ, սակայն, նոյնքան եւ գուցէ աւելի կ՚ուզէ սիրուիլ: Այս զգացումները տեղ կը գտնեն որեւէ յարաբերութեան մէջ՝ նոյնիսկ մեծահասակներու մօտ. օրինակի համար, ժամանակ մը ետք կինը կամ ամուսինը լքուելու վախը կը յաղթահարէ, որովհետեւ ամուսնական կեանքը իր հիմքերը կը հաստատէ, սակայն, կը սկսի այլ վախ մը. օրինակի համար, մահը։ Կինը միշտ կ՚ապրի այն մտածումով, թէ ինչ վիճակ պիտի ունենայ կեանքը իր կողակցին հեռանալէն ետք եւ դարձեալ նոյն լքուածութեան վախն է, որ կ՚ապրի: 

Անշուշտ, այս վախը ինքնին բացասական ըլլալով կրնայ այլ բացասական երեւոյթներու պատճառ դառնալ. օրինակի համար, լքումի վախը անվստահութիւն կը ստեղծէ եւ այդ բոլորը կանխելու համար է, որ յաճախ զոյգերը կը դիմեն անտրամաբանական քայլերու։ Օրինակ՝ կինը կը սկսի ստուգել ամուսնոյն հեռաձայնը, ընկերային շրջանակն ու գրեթէ ամէն քայլափոխը։ Այդ մէկը մենք կ՚որակենք անվստահութիւն, սակայն, նոյնքան լքումի վախի հետեւանք է։ Կողակիցը կ՚ուզէ հեռու վանել որեւէ վտանգ՝ որ կրնայ խաթարել իրենց յարաբերութիւնը։ Գուցէ յարմար օրինակ մը չըլլայ այս մէկը, սակայն, ինչպէս անձը իրեն պատկանող արժէքաւոր իր մը կ՚ուզէ հեռու պահել գողերէն, կ՚ուզէ չկորսնցնել ու լաւագոյն ձեւով պահպանել կը փորձէ, նոյնն է սէրը զոյգերու պարագային։ Սեփականութեան զգացումը մարդուն մէջ կը ստեղծէ նոյն հոգեբանութիւնը, որպէսզի չկորսնցնէ, որպէսզի «չգողնան» եւ յարաբերութիւնը մնայ կայուն ու շարունակական: Անդադար հարցաքննելը, հետեւիլն ու հետապնդելը մարդուն մէջ որոշ չափով կը մեղմեն մտահոգութիւնները, սակայն, երբեք չեն վերացներ։ Անշուշտ, այս մէկը եւս կրնայ լուրջ հարցի վերածուիլ՝ մանաւանդ երբ միւս կողմէ ինքզինք խեղդուած ու բանտուած սկսի զգալ։ Մարդու բնութիւնը ինքնաբերաբար դէմ է սահմանափակումներու եւ վստահութեան եւ ապահովութեան գծով եղած իւրաքանչիւր հետապնդում միայն ու միայն բացասական զգացողութիւն կրնայ փոխանցել: Այս հիւանդագին վիճակներն են, որ յարաբերութեան մէջ խնդիրներ կը ստեղծեն եւ դրական ազդեցութիւն ակնկալուած վիճակները կը վերածուին բացասական երեւոյթներու։ Մարդ կը փորձէ ազատագրուիլ այս վիճակէն, որովհետեւ սիրոյ քաղցր զգացողութեան մէջ մնալը կը վերածուի ոչ-դրական պայքարի մը: 

Սիրոյ այլ վտանգաւոր մէկ երեւոյթը «մէկ» դառնալն է։ Իրականութեան մէջ ըլլալը միշտ ալ ներկայացուած է որպէս դրական երեւոյթ՝ նոյնիսկ Աստուածաշունչին մէջ։ Աւելի՛ն, դրական երեւոյթ ներկայացնելէ աւելի տրուած է որպէս «կանոն», սակայն, այս մէկը եւս ունի իր բացասական կողմը։ Յաճախ կը նկատենք, որ այդ մէկ դառնալու ընթացին զոյգերէն ան, որ տկար է, կը կորսնցնէ իր եսը եւ կը միախառնէ իր կողակից սիրածի եսին։ Մէկ դառնալու մէջ ան կը դառնայ զիջող կողմը. կը սկսի զիջիլ իր ցանկութիւնները, իր ձգտումներն ու սպասումները եւ այդ սէրը կանգուն պահելու համար կը հրաժարի իր սեփական երազներէն ու համոզումներէն։ Կեանքին հանդէպ ունեցած իր համոզումները սեփական ըլլալէ դադրելով՝ կը դառնան հայելին իր կողակիցին եւ այս մէկը սեփական ինքնութեան տեսանկիւնէն մեծ վտանգ մըն է յարաբերութեան մէջ։ Սիրոյ մէջ մէկ դառնալը կարեւոր է, սակայն, նոյնքան կարեւոր է սեփական ինքնութիւնը պահպանելը։ Կան որոշ երեւոյթներ ու հասկացողութիւններ, որոնք ժամանակի ընթացքին վերատեսութեան ու փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուին, սակայն, հաւասարակշռուած ու արդար ձեւով՝ առանց կողմերէն մէկուն իշխելուն կամ պարտադրելուն: Այս մէկը կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ ժամանակ մը ետք զիջող անձը իր կեանքը պիտի սկսի անտեսուած նկատել. պիտի նշմարէ, որ ամէ՛ն բան իր կողակցին ուզածով ու համոզումով է որ, կ՚ըլլայ։ Հետեւաբար, անձը իր սեփական հետաքրքրութիւնները կորսուած պիտի գտնէ։ Լաւ բան է ուրիշին գաղափարներն ու համոզումները լսելը եւ աւելին քաջալերելը, սակայն, սէրը կանգուն պահելու սիրոյն սեփականը զոհելը դրական ո՛չ մէկ արդիւնք կրնայ պատճառել:

•​շարունակելի…

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Յուսա՛. այո՛, ամենէն շիջած սիրտն ալ յանկարծ յոյս կրնայ ունենալ եւ ամենէն լքուած բանաստեղծին տողերն ալ լոյս կրնայ տեսնել: 

ՏԻԳՐԱՆ ԿԱՄՍԱՐԱԿԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2026