ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳԸ
Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին տեղի ունեցաւ՝ ամրան շրջանի հերթական երիտասարդական համերգը, որ բացառիկ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ: «Մենք երգ ենք» ծրագրին շրջանակներէն ներս կազմակերպուած համերգը տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս: Բացօթեայ երեկոյթին ներկայ էր Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան: Բազմաթիւ երաժշտասէրներ համախմբուած էին եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ, ուր իրենց կատարումներով ծափահարութիւններու արժանացան Նորա Իփեքճի, Ատիս Տողանայ, Արիս Քալան, Ալէն Ցնծալ եւ Նայեադ Քալայլը: Հակառակ իրենց երիտասարդ հասակին՝ անոնք յաջող կատարումներով խոր տպաւորութիւն գործեցին ներկաներուն վրայ, որոնք մեծ գնահատանքի արժանացուցին զիրենք:
Երեկոյթի եզրափակիչ փուլին գնահատանքի խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ երժշտական կեանքէ ներս յարատեւութիւն մաղթեց՝ երեկոյթի ծրագրին մասնակցած երիտասարդներուն: