Դատել…
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները որոշած են դատել Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Սա իսկապէս արտասովոր երեւոյթ մըն է եւ միանշանակօրէն կ՚ենթադրէ գայթակղութիւն մը: Ամենայն Հայոց Հայրապետը աշխարհի 10 միլիոն հայու խղճի ձայնը կը համարուի: Ան Աստուծոյ դատաստանի մարմնաւորումը կը նկատուի երկրագունդի վրայ: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հետեւորդներուն տեսակէտէ իսկապէս վիրաւորական եւ ցնցիչ հանգամանք մըն է՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետի դատարանի առջեւ կանգնիլը:
Աշխարհի բոլոր հաւաքականութիւններու, հասարակութիւններու կեանքէն ներս, օրակարգ ըսուածը երբեք հարթ գիծ մը չի համարուիր: Վերիվայրումներ տեղի կրնան ունենալ՝ արտասովոր իրադարձութիւններու բերումով: Այդ արտասովոր իրադարձութիւնները ծնունդ կրնան առնել շարք մը առարկայական կամ ենթակայական հանգամանքներէ՝ սկսեալ բնական աղէտներէ, մինչեւ խնդրայարոյց զանազան այլ երեւոյթներ:
Աշխարհի որեւէ հաւաքականութեան կամ հասարակութեան մէջ անդորրութիւնը, բնականոն կեանքը, անտարակոյս, պայմանաւորուած են արդարութեամբ: Առանց արդարութեան՝ հաւաքական տեսակէտէ կարգ ու կանոնի մասին խօսիլը հնարաւոր չէ: Յամենայնդէպս, արդարութիւնը կ՚ապահովուի կամ կը մատուցուի դատական իշխանութիւններու կողմէ եւ յառաջատար ժողովրդավարութիւններու, աշխարհի զարգացած երկիրներու մէջ կարեւորութիւն կ՚ընծայուի՝ օրէնսդրութեան համապատասխանութեան համաչափ՝ դատական իշխանութիւններու քայլերուն, արձակած վճիռներուն հասարակութեան խղճին մօտ արդարացում գտնելուն:
Հայաստանէ ներս երկար ժամանակէ ի վեր իշխանութիւնները զանազան պատճառներով յառաջ կը տանին՝ հակաեկեղեցական հալածական քաղաքականութիւն մը: Որեւէ տարակոյս գոյութիւն չունի, թէ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դէմ բացուած դատն ալ այս ծիրին մաս կը կազմէ: Միանշանակ, քաղաքական պատուէրի մը մասին է խօսքը։ Սա իսկապէս տխուր երեւոյթ մըն է. տխուր, այն իմաստով, որ հասարակութեան աչքին ստուեր կ՚ածէ անաչառութեան եւ արդարութեան վրայ, ինչ որ արժեհամակարգի փլուզման, քանդման համազօր իրականութեան մը ծնունդ կրնայ տալ: Աչալուրջ շրջանակները մտահոգութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն եւ տարիներէ ի վեր յամառօրէն կ՚ակնկալեն, որ Հայաստանի իշխանութիւնները դադրեցնեն հակաեկեղեցական արշաւը եւ կողմերու յարաբերութիւնները հարթուին՝ փոխադարձ պատասխանատուութիւններու հիման վրայ: Յամենայնդէպս, այս ակնկալութիւնները ո՛չ միայն ապարդիւն կը մնան, այլեւ հակաեկեղեցական արշաւի դրսեւորումները կը սաստկանան:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը դատարանի առջեւ կանգնեցնելը՝ կրնայ ըլլալ, որ որոշ իշխանաւորներու, ղեկավարներու տեսակէտէ բաւարարութեան պատճառ դառնալիք պատկեր մը, տպաւորութիւն մը ստեղծէ: Միանշանակ է, որ Վեհափառ Հայրապետը դատարանի առջեւ կանգնեցնելու հանգամանքը՝ անկախ հաւանական վճիռէն երբեք արդարացում պիտի չգտնէ հանրութեան խղճին մօտ:
Ուստի, ժամանակն է, ամէն ինչի մասին անգամ մը եւս մտածելու եւ այս անհեռանկար ընթացքը կասեցնելու:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ