ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՀԱԶԱՆԳ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց՝ Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս դաւանանքի ազատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան կապակցութեամբ։
Վաղը, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասէն հինգ այլ սրբազան հրաւիրուած են՝ Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանը, ուր պիտի դատուին՝ իրենց դէմ ձեռնարկուած քրէական վարոյթի շրջանակներէն ներս։ Երկար ժամանակէ ի վեր Հայաստանէ ներս իշխանութիւններու կողմէ ընթացքի մէջ է հակաեկեղեցական հալածական քաղաքականութիւն մը, որու հերթական դրսեւորումը կը համարուի՝ Վեհափառ Հայրապետը դատարանի առջեւ կանգնեցնելու ուղղեալ այս քայլը։
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ՀԲԸՄ-ի յայտարարութիւնը հնչեց համազգային ահազանգի մը համազօր։ Յայտարարութեան մէջ ըսուած է հետեւեալը. «ՀԲԸՄ խորապէս մը-տահոգուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան դէմ իրականացուած հետապնդումներէն։ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, ինչպէս նաեւ այլ եպիսկոպոսներու դէմ իրականացուած քրէական հետապնդումը, որու հիմքին թեմի մը ղեկավարման վերաբերեալ եկեղեցական ներքին խնդիր մը կը գտնուի, լուրջ մտահոգութիւններ յառաջացուցած է դաւանանքի ազատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան տեսակէտէ։
«ՀԲԸՄ ամենայն յարգանքով կոչ կ՚ուղղէ կասեցնել սոյն քրէական վարոյթը, որ չունի իրաւական հիմք եւ կը հակասէ հայոց պատմական աւանդութիւններուն։ Ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ հիմա, անհրաժեշտութեան պարագային ՀԲԸՄ պատրաստ է շինիչ դեր ստանձնել այս իրավիճակի հանգուցալուծման ուղղութեամբ։
«Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնն ու ազգային օրէնսդրութիւնը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը ճանչնան՝ որպէս ազգային եկեղեցի, կ՚ընդունին անոր ինքնակառավարման իրաւունքը եւ կը պաշտպանեն կրօնական ազատութիւնը։ Ըստ այդմ, եկեղեցական պաշտօնի համար եպիսկոպոսներու համապատասխանութեան վերաբերեալ հարցերը ենթակայ են կարգաւորման, բացառապէս կանոնական իրաւունքի եւ եկեղեցւոյ կողմէ սահմանուած ընթացակարգերու շրջանակներէն ներս։
«ՀԲԸՄ կը յարգէ Հայաստանի ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած կառավարութիւնը, անոր քաղաքական իշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնն ու օրէնքները։ Միեւնոյն ժամանակ, ՀԲԸՄ-ի յարգանքի անսասան կը մնայ Հայ Եկեղեցւոյ եւ կանոնական իրաւունքի ու եկեղեցական կարգի համաձայն ընդունուած անոր ղեկավարութեան նկատմամբ։
«Հուսկ, ՀԲԸՄ ամբողջ աշխարհէ ներս հայապահպանութեան գործին մէջ եկեղեցւոյ մնայուն դերը կը համարէ կենսական»։