ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ
Սաղմոսերգուն երգով կը փառաբանէ Աստուած. «Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը. ո՛վ բոլոր երկիր, երգեցէ՛ք Տէրոջը։ Երգեցէ՛ք Տէրոջը, օրհնեցէ՛ք անոր անունը։ Օրէ օր անոր փրկութիւնը քարոզեցէ՛ք։ Անոր փառքը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք եւ անոր հրաշքները՝ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ». (ՍԱՂՄ. ՂԶ 1-3)։
Տիեզերական Եկեղեցւոյ երաժշտական՝ երգեցողութեան եւ նուագի աւանդութիւնը ստեղծած է անգնահատելի գանձ մը՝ որ կը գերազանցէ միւս արուեստները, յատկապէս այն պատճառով, որ խօսքերուն կցուած հոգեւոր երգը հանդիսաւոր ծիսակատարումին անհրաժեշտ եւ ամբողջակատար մէկ մասը կը հանդիսանայ։ Երգահանումը եւ ներշնչուած սաղմոսներուն յաճախ նուագարաններու ընկերակցութեամբ կատարուող երգեցողութիւնը, արդէն սերտօրէն կապուած են Հին ուխտին ծիսական հանդիսութիւններուն։
Եկեղեցին այս աւանդութիւնը կը շարունակէ պահել եւ աւելի եւս զարգացնել։
Պօղոս առաքեալ կը պատուիրէ. «Միասին սաղմոսներ ըսէ՛ք, տաղեր եւ հոգեւոր երգեր երգեցէ՛ք. ամբողջ սրտով գովեցէ՛ք եւ փառաբանեցէ՛ք Տէրը». (ԵՓՍ. Թ 19)։ Այս ուղղութեամբ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Ան որ կ՚երգէ՝ երկու անգամ կ՚աղօթէ»։
Երգեցողութիւնը եւ նուագը նշանի իրենց պաշտօնը այնքան աւելի նշանակալից կերպով կը կատարեն, որքան ծիսարարքին հետ սերտ աընչութեան մէջ են, ըստ գլխաւոր երեք չափանիշներուն. աղօթքին արտայայտչական գեղեցկութիւնը, նախատեսուած պահերուն ժողովուրդին խմբային մասնակցութիւնը եւ հանդիսակատարումին վեհաշուք բնոյթը։ Այս ընելով՝ անոնք կը մասնակցին ծիսական խօսքերուն եւ արարքներուն վերջնական նպատակին, որն է՝ Աստուծոյ Փառքը եւ սրբացումը հաւատացեալներուն։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս իր «Confessiones»ին՝ «Խոստովանութիւններ»ուն մէջ կ՚ըսէ.
«Որքա՛ն արտասուեցի լսելով ձեր շարականները, ձեր երգերը. քաղցրաշունչ եւ քաղցրանուշ հնչիւնները՝ որոնցմով ձեր եկեղեցին կ՚արձագանգէր։ Ի՜նչ յուզումներով կը համակուէի։ Անոնք ականջէս վար կը հոսէին, ճշմարտութիւնը թորելով սրտիս խորը։ Բարեպաշտութեան հզօր թափ մը թեւ կու տար ինծի եւ արցունքը կը հոսէր այտերէս, բարիք ընելով ինծի…»։
Նշաններուն ներդաշնակութիւնը՝ երգ, նուագ, խօսք եւ արարք, հոս ա՛յնքանով աւելի նշանակալից եւ բեղուն կը դառնայ, ո՛րքանով ան արտայայտութիւնն է մշակութային հարստութեան մը՝ որ յատուկ է զայն հանդիսակատարող Աստուծոյ ժողովուրդին։ Ահա թէ ինչու՝ հարկ է ժողովրդային հոգեւոր երգին խելամտօրէն զարկ տալ, որպէսզի բարեպաշտական եւ սրբազան հրահանգներուն ընթացքին, նաեւ ծիսարարքներուն ատեն, հաւատացեալներուն ձայնը լսելի դառնայ Եկեղեցւոյ կանոններուն համեմատ։
Սակայն, սրբազան երգին սահման-ւած բնագրերը քրիստոնեայ վարդապետութեան համապատասխան ըլլալու են եւ նախընտրաբար առնուած ըլլալու են Աստուծաշունչէն եւ ծիսական աղբիւրներէն։
Գարեգին Ա. Տրապիզոնցի Խաչատուրեան Պատրիարք (1951-1961) դպրաց դասերու եւ երգչախումբերու ուղղուած 1953 թուակիր կոնդակին մէջ կ՚ըսէ. «Երաժշտութիւնը կու տայ այդ վայելքը, իր խորհրդազգած տպաւորութեամբը, երբ կը կրէ օծութիւնը սրբազան երգեցողութեան եւ իր սրտախօսիկ ազդեցութեամբը, երբ ունի շունչը -տաղանդաւոր արուեստագէտներու հոգիէն արձագանգած- աշխարհիկ համերգութեանց կամ ժողովրդական կոչուած երգերուն։ Չենք խօսիր այն երգերու մասին՝ որոնցմէ ծորած մեղկութիւնը կ՚ընդարմացնէ ե՛ւ ջիղերը, ե՛ւ հոգին։
«Իրական կամ ճշմարիտ երգը կու տայ անմերժելի վայելքը, նման խօսքին՝ որ, բանաստեղծական հիւսուածքով մը կը գերէ սիրտը եւ միտքը միանգամայն, եւ նման գոյներուն եւ գիծերուն, որոնցմով նկարչութիւնը մարմին կը հագցնէ՝ իրերուն կեանք տուող կամ անոնց խորը թաքնուած կեանքը լոյսի բերող արուեստագէտին տեսիլներուն։
«Ա՛յսպէս են բոլոր գեղարուեստներու արտադրութիւնները, որոնց մէջ հոգին կը բացուի, կը պարզուի իր ամբողջ ազնուական եւ հմայիչ ծայքերովը եւ երեսներովը։ Աստուածային խորհուրդի մը յայտնութիւններն են այդ ամէնը, որ ըմբոշխնել կու տան մեզի հոգեկան ճշմարիտ վայելքը։ Եւ այս բոլորին վրայ խօսուն ծիածանի մը պէս կը ծածանի եւ կը կամարուի երաժշտութիւնը իր անսպառ երանգներով…»։
Ուրեմն, զգանք հոգեւոր երաժշտութեան տպաւորիչ ազդեցութիւնը, քանի որ «երգել՝ երկու անգամ աղօթել է…», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 6, 2026, Իսթանպուլ