ՉՈԼՓԱՆ-ԱԹԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ միջ կառավարական խորհուրդի նեղ կազմով նիստին, որ տեղի ունեցաւ Խրղըզիստանի Չոլփան-Աթա քաղաքին մէջ: Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներուն հաւաքն էր այս մէկը, որու ընթացքին քննարկուեցան կազմակերպութենէն ներս զանազան ուղղութիւններով համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցեր:
Հայաստանի եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ վերջին շրջանին յառաջացած են զանազան խնդիրներ: Արդարեւ, ԵԱՏՄ-ի առանցքը կը կազմէ Ռուսաստան, որու կողմէ արգելքներ սահմանափակուած են Հայաստանի մէջ արտադրուած ապրանքներուն դէմ: Այս խնդիրը Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ լուրջ իրավիճակ մը կը ստեղծէ: Արդարեւ, արդէն Հայաստան-ՀԱՊԿ յարաբերութիւնները սառած վիճակի մէջ էին, իսկ ներկայիս այդ ռազմական կառոյցին առընթեր, Հայաստան-ԵԱՏՄ համագործակցութեան մէջ ալ կարեւոր խոչընդոտներ յառաջ եկած են, ինչ որ տնտեսական համագործակցութեան տեսակէտէ խնդրայարոյց պատկեր մը կը ստեծէ:
Չոլփան-Աթա քաղաքի հաւաքին մասնակցելէ միջոց մը առաջ, Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ յայտարարած էր, որ ԵԱՏՄ կաթուածահար վիճակի մէջ կը գտնուի եւ չի գործեր: «ԵԱՏՄ հարթակ մըն է, ուր ես մեր օրակարգին վերաբերեալ բոլոր հարցերը պիտի բարձրաձայնեմ: Եթէ ԵԱՏՄ-ի պայմանագիրը չի գործեր, ապա կազմակերպութիւնն ալ չի գործեր: ԵԱՏՄ գործնականօրէն կաթուածահար վիճակի մէջ է եւ կաթուածահարութիւնը խորանալու միտումներ կը ցուցաբերէ: Եթէ այս հարցը արագ չլուծուի, ես հարիւր տոկոս վստահ եմ, թէ Հայաստանն ալ պիտի յաղթահարէ այս խնդիրը, այլ ոչ թէ ԵԱՏՄ-ն», ըսած էր վարչապետը:
Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան շեշտած էր, որ Հայաստանի դէմ արտածման սահմանափակումներուն շուրջ ստեղծուած իրավիճակը ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ ԵԱՏՄ-ին ալ խնդիրն է: Եթէ հարցը արագ չլուծուի, սա կրնայ դառնալ ԵԱՏՄ-ի վերջաւորութեան սկիզբը: Այս համոզումը ընդգծելու ժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան մատնանշած էր նաեւ հետեւեալը՝ մօտաւոր անցեալին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցէն վերջ. «Մենք հիմա բոլորս կ՚արձանագրենք, որ խնդիրը Հայաստանինը չէ: Հայաստանը չէ խնդիրը, սա ԵԱՏՄ-ի խնդիրն է, որովհետեւ փաստացի պարագայ մը կայ, թէ ԵԱՏՄ կաթուածահար է եւ չ՚աշխատիր: Եթէ այս հարցը արագ չլուծուի, թոյլ տուէք կանխատեսել, որ սա կ՚ըլլայ ԵԱՏՄ-ի վերջաւորութեան սկիզբը»: Վարչապետը աւելցուցած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի օրինական իրաւունք՝ իրեն համար այլընտրանքներ ձեւաւորելու եւ սա խնդրի ամենակարեւոր երեսակներէն մին է: «Ես Ռուսաստանի նախագահին ալ ըսած եմ, որ մենք յայտարարած ենք այդ ճանապարհը եւ պիտի ընթանանք այդ ճանապարհով՝ մանաւանդ հիմա, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդն ալ քուէարկած է այս բանի օգտին», ըսած էր Փաշինեան:
Հայաստանի եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ վերջին շրջանին տարակարծութիւններ խորացած են՝ ԵԱՏՄ-ի եւ Եւրոմիութեան միջեւ համագործակցութեան առումով յստակ տարանջատման պահանջներու պատճառով:
Միւս կողմէ, Չոլփան-Աթայի երէկուան ժողովին ընդառաջ, Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ առեւտուրը նուազած է երկու երրորդի համեմատութեամբ: Ռուս փոխվարչապետը յայտնեց, որ հայկական կողմէն իր երկրին որեւէ պահանջք չէ ներկայացուած՝ Հայաստանի երկաթուղիի ցանցի խնդիրներուն վերաբերեալ: Ծանօթ է, որ Հայաստանի երկաթուղիի ցանցի կառավարումը յանձնուած է ռուսական ընկերութեան մը եւ վերջին շրջանին հայկական կողմը ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննադատութիւններ կը հնչեցնէ, երբ տարածաշրջանէն ներս ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հեռանկարը դարձած է յստակ: