ԱՆԶՍՊԵԼԻ ՊՈՌԹԿՈՒՄ
Այսօր, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի մէջ գործող՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ խումբ մը սրբազաններ կը կանգնին դատարանի առջեւ: Վեհափառ Հայրապետն ու միւս սրբազանները մասնակցութիւն կը բերեն առաջին դատական նիստին:
Փաստաբան Արա Զօհրապեան ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուցած է, որ այսօր, Հայաստանի ժամով 16.00-ին, Արմաւիրի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան անտեանէն ներս տեղի կ՚ունենայ դատավարութիւնը: Դատարանի շէնքի թիւ 1 դատական նիստերու դահլիճը կը փութան Վեհափառ Հայրապետն ու միւս սրբազանները: Դատարանը կը գտնուի Վաղարշապատ քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցին վրայ:
Վեհափառ Հայրապետի եւ ԳՀԽ-ի անդամ վեց եպիսկոպոսներու դէմ քրէական գործի սկզբնական դատալսումներու առաջին նիստին վրայ արդէն լարուած է համայն հայութեան ուշադրութիւնը: Գործը կը քննէ դատաւոր Յակոբ Մանուկեան:
Բոլորը հետաքրքրութեամբ կը սպսասեն, թէ Նորին Սրբութիւնը արդեօք պիտի ներկայանա՞յ դատարան կամ ոչ: Յամենայնդէպս, ցարդ կատարուած հրապարակումները կը հաստատեն, որ ան պիտի մասնակցի դատավարութեան:
Թեմակալ առաջնորդի պաշտօնէն ետ կանչուած եւ կարգալոյծ հռչակուած եպիսկոպոսի մը կողմէ Հայաստանի դատական իշխանութիւններուն մօտ կատարուած դիմումին հիման վրայ բացուած է այս դատը, որ, խորքին մէջ, որեւէ տրամաբանութիւն չունի: Ըստ էութեան, դատարանը պէտք է անգործութիւն յայտարարէ այս դատավարութեան կապակցութեամբ, որովհետեւ եկեղեցական ներքին կեանքի վերաբերեալ խնդիրները չեն կրնար դատական իշխանութիւններուն կողմէ արժեւորուիլ: Յամենայնդէպս, Հայաստանէ ներս հետեւողականօրէն յառաջ կը տարուի հակաեկեղեցական հալածական քաղաքականութիւն մը, որու պայմաններուն ներքեւ հանրային կարծիքի խղճին մօտ կասկած չկայ, թէ այս դատական վարոյթը քաղաքական պատուէրի մը բնոյթը ունի: Վեհափառ Հայրապետի որոշումներուն պետութեան միջամտութիւնը կը նշանակէ եկեղեցւոյ ինքնավարութեան դէմ գործել, պետութիւն-եկեղեցի սահմանադրական յարաբերութիւններու եւ կրօնական ազատութիւններու հիմնարար սկզբունքը խախտել եւ պատմական ամօթալի իրադարձութիւն մը ստեծել:
Ամենայն Հայոց Հայրապետը կ՚ենթարկուի քրէական հետապնդման՝ իր եկեղեցական եւ կանոնական պարտականութիւնը կատարած ըլլալուն համար: Այս քրէական գործով դատավարութիւնը պիտի քննարկէ ո՛չ միայն առանձին անձերու ներկայացուցած մեղադրանքները, այլ կարեւոր հարց մը. կրնա՞յ արդեօք աշխարհիկ իշխանութիւնը ներխուժել եկեղեցւոյ ներքին կեանքը եւ քրէականացնել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կանոնական իշխանութեան իրագործումը:
Այս եւ բազում հարցադրումներու համայնապատկերին վրայ, բաւական տագնապալի եւ մտահոգիչ իրավիճակի մը մէջ կը սպասուի այսօրուան դատական նիստին:
Մինչ այդ, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ ամփոփ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ այսօրուան նիստին ընդառաջ: Նախագահ Տէր-Պետրոսեանի խօսքով՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պարտութեան մարմնաւորում մըն է եւ, հաստատաբար, պիտի պարտուի նաեւ Հայոց Եկեղեցւոյ դէմ յայտարարած պատերազմին մէջ:
ԱՆԹԻԼԻԱՍԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Միւս կողմէ, այսօրուան դատավարութեան ընդառաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որ կը կրէ՝ «Մեր հոգեւոր եղբօր՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառին դատարան կանչուիլը կը նկատենք անընդունելի եւ դատապարտելի» խորագրով: Արամ Ա. Կաթողիկոսի յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը. «Երկու վեհափառներս մնայուն կապի մէջ ենք իրարու հետ եւ կը խորհրդակցինք մեր հայրենիքն ու ազգը յուզող խնդիրներուն շուրջ: Մեր խոր ընդվզումը յայտնեցինք Գարեգին Վեհափառին եւ նոյնիսկ առաջարկեցինք դատարան չներկայանալ եւ իր ներկայացուցիչը ուղարկել: Կոչ կ՚ուղղենք պետական պատասխանատուներուն, ինչպէս յաճախ կատարած ենք, յարգալից վերաբերմունք ցուցաբերել մեր Եկեղեցւոյ ու Վեհափառի անձին նկատմամբ եւ հարցերը քննել փոխադարձ հասկացութեան ու պատշաճութեան սահմաններէն ներս՝ յարգելով պետութեան օրէնքները եւ եկեղեցւոյ ներքին կարգն ու կանոնը»:
Միւս կողմէ, միջազգային բեմահարթակի վրայ ալ հետզհետէ լայն արձագանգ կը ստեղծէ Հայաստանէ ներս իշխանութիւն-եկեղեցի դիմակայութիւնը: Երէկ, Reuters աշխարհահռչակ հեղինակաւոր գործակալութիւնը ամփոփ հաղորդումով մը անդրադարձաւ այսօրուան դատավարութեան: Յարակից սիւնակին մէջ առանձնապէս ներկայացուած է այդ հրապարակումը:
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ արժանթինահայ խումբ մը դպրոցականներ: Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը տուաւ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արժանթինի թեմի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ», «Դերձակեան» երկրորդական վարժարաններու, «Արծրունի» եւ Հայկական բարեգործական ընդահնուր միութեան «Մարի Մանուկեան» ազգային վարժարաններու շրջանաւարտներուն: