ԽԱՐԽԱՓՈՒՄՆԵՐ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ ԱՊՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Ազգերու պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ են այն պարագաները, դէպքերն ու իրադարձութիւնները, երբ արտաքին թշնամիները պատճառ դարձած են ծանր կորուստներու, սակայն, աւելի վտանգաւոր եղած են եւ են ա՛յն ախտերը, զորս ներսէն կը քայքայեն ժողովուրդը։ Երբ ժողովուրդ մը կորսնցնէ ինքն իրեն ճիշդ կերպով նայելու կարողութիւնը, կը սկսի կա՛մ իր արժէքը չափազանցնել կամ ալ ամբողջովին նուաստացնել։ Այս երկու ծայրայեղութիւններն ալ կը խաթարեն առողջ դատողութիւնը, կը մթագնեն իրականութեան զգացումը եւ կ՚արգիլեն ճիշդ որոշումներու կայացումը։ Ազգային վերածնունդի առաջին պայմանը ո՛չ թէ ինքնագովութիւնն է եւ ո՛չ ալ ինքնանուաստացումը, այլ՝ սեփական ուժերուն ու տկարութիւններուն հանդէպ ճշմարտախօս, սթափ եւ պատասխանատու վերաբերմունքը։

Մենք՝ հայերս, ցաւօք սիրտի, արդէն սովորութիւն դարձուցած ենք ինքնախաբէութիւնը, այլ խօսքով՝ պարծենալ մեր ունեցածով եւ չունեցածով, մեր եղածով եւ չեղածով: Յաճախ երբ դրական լուր մը կը լսենք հայու մը մասին, առաջին արձագանգը կ՚ըլլայ հայէն ուրիշ բան սպասելի չէր: Մարզական տարբեր խաղաձեւերու մէջ երբ յաղթանակներ կ՚արձանագրեն մեր մարզիկները, յատկապէս թշնամիներուն դէմ, անմիջապէս կը սկսին մեծարել տուեալ մարզիկը՝ կ՚ըսեն, թէ հայ արիւնն կայ անոր երակներուն մէջ, հայուն բազուկը այսպէս է, հայուն միտքը այնպէս է, եւ այսպէս շարունակ: 

Ձեռք բերած իրագործումներով, ունեցած իւրայատկութիւններով եւ ժառանգած հարուստ աւանդութեամբ ու ժառանգով պարծենալը բնական երեւոյթ է որեւէ մէկ հաւաքականութեան համար, բայց, երբ այդ բոլորը կը վերածուին ինքնախաբէութեան, այդ ժամանակ արդէն պէտք է զգուշանալ եւ շտապել լուծումներ գտնել՝ դուրս գալու այդ ախտաւոր վիճակէն, նախքան վերջնական սայթաքումն ու կորուստը: 

Այս երեւոյթին ճիշդ հակառակն ալ կայ, այսինքն ամբողջովին ինքզինք թերագնահատելը: Մեր ժողովուրդը այս առումով կարծէք արդէն մասնագիտացած է, որովհետեւ մէկ ծայրայեղութենէ միւսը ցատկելը իրեն համար վերածուած է մանկական խաղի մը, որ կարելի է շա՜տ դիւրութեամբ խաղալ եւ «նշանակալի» յաղթանակ արձանագրել: 

Խոր համոզումով կարելի է ըսել, թէ այս երկու երեւոյթներու առկայութեան պատճառով է, որ մեր ժողովուրդը այսօր այս վիճակին մէջ է: Վիճակ մը, որ մեզ դէպի անդունդ կը տանի, մեզ դէպի ինքնակործանում կ՚առաջնորդէ: Աւելի ցաւալին այն է, որ ներկայիս չկայ յոյսի մէկ նշոյլ իսկ, որով կարելի ըլլայ գոնէ մտածել, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ կամաց կամաց բալասանել մեր վէրքերը, միաժամանակ, քաղաքակիրթ հասարակութեան մէջ ունենալ եւ գրաւել արժանի տեղն ու դերը:   

Արշակ Չօպանեան այնքան հարազատօրէն կը նկարագրէ մեր ժողովուրդին ունեցած այս երկու երեւոյթներուն հիւանդագին ախտը, երբ կը գրէ. «Չեմ սիրեր անշուշտ այն վնասակար ինքնախաբէութիւնը որով կարգ մը անհատներ կամ ժողովուրդներ իրենց կը վերագրեն յատկութիւններ, զորս չունին ու չեն տեսներ թերութիւնները, որոնցմով բեռնաւոր են. բայց նոյնչափ անախորժ կը թուի ինծի, եւ աւելի վնասակար, ինքզինքը միշտ եւ ամէն բանի մէջ գէշ տեսնելու ունակութիւնը. Մենք՝ հայերս սովոր ենք մէկ ծայրայեղութենէն միւսը ցատկելու՝ կա՛մ տղայական միամտութեամբ մը մեր ժողովուրդը աշխարհիս ամենէն հին, ամենէն խելացի, ամենէն ազնիւ, ամենէն փառաւոր ժողովուրդը կը կարծենք, եւ կա՛մ թեթեւ ինքնատեցութեամբ մը մեզ մարդկութեան մրուրն ու աղբը կը փութանք նկատել»: 

Չօպանեանին այս տողերը այսօր գրեթէ մարգարէական հնչողութիւն ունին։ Թէեւ ան շուրջ մէկ դար առաջ գրած է այս հատուածը, սակայն, այնտեղ նկարագրուած հոգեբանական վիճակը կարծես փոխուած չէ։ Ժամանակները փոխուած են, իշխանութիւններ եկած ու անցած են, աշխարհաքաղաքական պայմանները բազմիցս փոփոխուած են, բայց մեր ազգային նկարագիրին մէջ գոյութիւն ունեցող այս երկու ծայրայեղութիւնները կը շարունակեն մնալ նոյնքան կենդանի եւ նոյնքան վտանգաւոր։

Ինքնախաբէութիւնը միշտ հաճելի է, որովհետեւ ան մարդուն կամ ժողովուրդին կը ստիպէ ապրիլ պատրանքներու աշխարհին մէջ։ Այդ պարագային իրականութեան դառնութիւնը կը ծածկուի գեղեցիկ խօսքերով, բարձրագոչ արտայայտութիւններով եւ անցեալի փառքով։ Մենք կը սիրենք յիշել մեր պատմական յաղթանակները, մեր հերոսները, մեր մշակոյթը, մեր հանճարները, մեր բազմադարեան քաղաքակրթութիւնը, եւ ասոնք իսկապէս հը-պարտութեան արժանի արժէքներ են։ Սակայն, այդ արժէքները կը դադրին դրական ազդեցութիւն ունենալէ այն պահուն, երբ կը սկսին ծառայել ներկայ թերութիւնները ծածկելու նպատակին։

Անցեալով ապրող ժողովուրդը շատ դիւրութեամբ կը մոռնայ ներկան։ Կը շարունակէ կրկնել, թէ առաջին քրիստոնեայ ազգն է, հին քաղաքակրթութեան կրողն է, մեծ գիտնականներ ու արուեստագէտներ տուած է մարդկութեան, սակայն, այդ բոլորը ինքնին չեն երաշխաւորեր ներկայի յաջողութիւնը։ Ո՛չ մէկ ժողովուրդ միայն իր անցեալին շնորհիւ կրնայ ապահովել իր ապագան։ Իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է իր բաժին պատասխանատուութիւնը ստանձնել եւ իր արժանիքը ապացուցել սեփական աշխատանքով։

Միւս ծայրայեղութիւնն ալ նոյնքան կործանարար է։ Երբ ժողովուրդ մը սկսի որեւէ մէկ դժբախտութեան մէջ միայն ինքզինք տեսնել որպէս անարժէք, անկարող եւ ապագայ չունեցող հաւաքականութիւն, անիկա աստիճանաբար կը կորսնցնէ պայքարելու կամքը։ Յուսահատութիւնը կը դառնայ մտածողութիւն, իսկ ինքնանուաս-տացումը՝ ազգային նկարագիր։ Այդ պարագային ամէն յաջողութիւն կը ներկայաց-ւի որպէս պատահականութիւն, իսկ ամէն անյաջողութիւն՝ ազգային ճակատագիր։

Վերջին տարիներու մեր ազգային կեանքը այս երկու երեւոյթներու ամգնէն ցայտուն ապացոյցն է։ Յաճած նոյն մարդոց կողմէ կարելի է լսել, թէ հայը աշխարհի ամենէն բացառիկ ժողովուրդն է, միաժամանակ, թէ հայը ոչինչ կրնայ ընել, ամէն ինչ կորսուած է եւ ամէն դուռ գոցուած։ Այսպիսի մտածողութիւնը առողջ հասարակութիւն չի՛ կրնար կերտել, որովհետեւ հիմնուած չէ իրականութեան վրայ, այլ զգացումներու ծայրայեղ տատանումներու վրայ։

Առողջ ազգերը ուրիշ ճանապարհ կ՚ընտրեն։ Անոնք կը գնահատեն իրենց ունեցածը, բայց չեն կուրնար իրենց թերութիւններուն հանդէպ։ Անոնք կը մեծարեն իրենց հերոսները, սակայն, չեն մոռնար նաեւ իրենց սխալները։ Անոնք կը յարգեն անցեալը, բայց ամբողջ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն ապագան կառուցելու վրայ։ Ահա թէ ինչու անոնք կը յառաջդիմեն, որովհետեւ ճշմարտութիւնը երբեք չեն փոխարիներ ինքնախաբէութեամբ։

Մեր ազգային կեանքին մէջ այսօր չափազանց շատ է կարգախօսը եւ չափազանց քիչ՝ ինքնաքննութիւնը։ Մենք շատ արագ կը մեղադրենք արտաքին ուժերը, սակայն, շատ աւելի դանդաղ կ՚ընդունինք մեր սեփական սխալները։ Անշուշտ, մեր պատմութեան մէջ օտար բռնութիւններն ու անարդարութիւնները իրականութիւն եղած են եւ կը մնան, սակայն, անոնք չեն կրնար բացատրել մեր բոլոր ձախողութիւնները։ Ժողովուրդ մը, որ չի՛ համարձակիր քննադատել իր սեփական բացթողումները, դատապարտուած է զանոնք անվերջ կրկնելու։

Ինքնաքննութիւնը երբեք ինքնատեացութիւն չէ։ Ընդհակառակը, ան առողջ ինքնասիրութեան ամենէն գեղեցիկ արտայայտութիւնն է։ Միայն իր ազգը սիրող մարդը կը համարձակի ըսել ճշմարտութիւնը, որովհետեւ անոր նպատակը վիրաւորելը չէ, այլ բժշկելը։ Բժիշկը նախ ախտը կը բացայայտէ, ապա միայն դարման կը նշանակէ։ Նոյնն է նաեւ ժողովուրդներու պարագան։ Ազգային վերականգնումը կը սկսի այն օրը, երբ ճշդենք մեր իրական ախտերը եւ չվախնանք զանոնք իրենց անունով կոչելէ։

Մեզի անհրաժեշտ է նոր ազգային մտածողութիւն, որ հիմնուած ըլլայ ո՛չ թէ ինքնագովութեան կամ ինքնանուաստացման, այլ՝ պատասխանատուութեան վրայ։ Մեր երիտասարդները պէտք է սորվին, որ հայրենասիրութիւնը գեղեցիկ ճառեր արտասանել չէ, այլ՝ բարեխիղճ աշխատանք, կարգապահութիւն, գիտութիւն, ստեղծագործութիւն, ազնիւ մրցակցութիւն եւ հանրային բարիքին ծառայելու պատրաստակամութիւն։ Ազգը կը հզօրանայ ո՛չ թէ բարձրաձայն յայտարարութիւններով, այլ հազարաւոր լուռ, բայց նուիրեալ աշխատողներով։

Այսօր մեզի անհրաժեշտ է նաեւ համեստութիւնը։ Համեստութիւն չի՛ նշանակեր սեփական արժէքը նուզեցնել, այլ՝ ճիշդ չափով գնահատել զայն։ Համեստութիւնը մեզ կը հեռացնէ մեծամտութենէն եւ կը մօտեցնէ իրականութեան։ Երբ ժողովուրդ մը գիտէ, թէ ի՛նչ ունի եւ ի՛նչ չունի, միայն այդ ժամանակ կրնայ ճիշդ ծրագրաւորել իր ապագան։

Արշակ Չօպանեանի խօսքերը, հետեւաբար, պարզ գրական նկատողութիւն մը չեն, այլ ազգային խղճմտանքի ձայն։ Ան մեզ կը զգուշացնէ, որ երկու ծայրայեղութիւններն ալ նոյնքան կործանարար են։ Ո՛չ կեղծ փառասիրութիւնը, ո՛չ ալ ինքնատեացութիւնը պիտի փրկեն մեզ։ Մեզ կրնայ փրկել միայն ճշմարտութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը, սթափ ինքնաճանաչողութիւնը եւ ազգային պատասխանատուութեան խոր գիտակցութիւնը։

Երբ այդ գիտակցութիւնը դառնայ մեր ազգային կեանքին հիմքը, այն ատեն միայն պիտի կարենանք յաղթահարել մեր ներքին տկարութիւնները, առողջացնել մեր հասարակութիւնը եւ արժանաւոր կերպով շարունակել մեր ժողովուրդի բազմադարեան պատմութիւնը։

*

Եթէ ինքնախաբէութիւնն ու ինքնանուաստացումը ազգային կեանքին մէջ այդքան խոր արմատներ ձգած են, ապա բնականաբար կը ծագի հետեւեալ հարցումը. ո՞ւրկէ կը սկսի այս ամբողջ ընթացքը։ Արդեօք անիկա պարզապէս պատմական պայմաններու հետեւա՞նք է, թէ՞ կայ աւելի խոր պատճառ մը, որ տարիներու ընթացքին կամաց կամաց կազմաւորած է մեր մտածողութիւնը եւ մեր կենցաղը։ Այս հարցումին պատասխան փնտռելը անհրաժեշտ է, որովհետեւ առանց պատճառը հասկնալու անկարելի է բուժել հետեւանքը։ Ազգը վերացական իրականութիւն մը չէ. ան կը կազմուի կենդանի անհատներէ եւ ազգային առողջութիւնն ալ առաջին հերթին անհատի հոգեւոր, բարոյական ու մտաւոր առողջութեան արտացոլացումն է։

Եթէ հարցնենք մինչեւ հիմա մեր գրածներուն եւ Արշակ Չօպանեանի գրածին բուն պատճառը, վստահաբար մեզմէ շատերուն պատասխանը պիտի ըլլայ մարդ անհատը: Թերեւս ոմանց համար տարօրինակ թուի այս պատասխանը, սակայն, եթէ սթափ մտածենք, ապա պիտի համոզուինք, թէ այո՛, անհատ մարդն է պատճառը: Այդ անհատ մարդ-երու պարագլուխին են իշխանական դիրքերու վրայ գտնուողները՝ հոգեւորական ըլլան անոնք, թէ աշխարահական, որովհետեւ իշխանաւորները օրինակ կը ծառայեն իրենց ղերկավարած ու առաջնորդած ժողովուրդին եւ ժողովուրը հետեւելով անոնց օրինակին եւ գծած ճանապարհին կը դառնայ այնպիսին՝ ինչպիսին անոնք կը դարձնեն զինք: Այսպէսով, անհատէ անհատ խորանալով այս վիճակը՝ իւրաքանչիւր անհատ կը կորսնցնէ առողջ դատողութեան զգացումը եւ կը վերածուի հովէն քշուող եղէգի մը, որ հովին փչած կողմը կը դառնայ, անգամ մը աջ, անգամ մը ձախ ու այսպէս շարունակ: 

Արդարեւ, մարդ երբ կը կորսնցնէ դատողութեան զգացումը, միաժամանակ կը զրկուի իր առօրեային իրեն հանդիպած արժէքները ճիշդ կերպով գնահատել եւ որոշումներ կայացնել: Իսկ երբ մարդ կը դժուարանայ գնահատել ու ճիշդ որոշումներ կայացնել, կը վերածուի մարդամեքենայի մը, որ կարելի է շատ դիւրութեամբ կառավարել, ճերմակը՝ սեւ, սուտը՝ իրական ներկայացնել…: 

Այս վիճակին հասած մարդը կը սկսի տարուիլ երեւոյթներով եւ երեւոյթները կը դառնան իրեն համար բացարձակ արժէքներ, որոնցմով կը փորձէ կառավարել ու դասաւորել իր կեանքն ու առօրեան: Երեւոյթները, սակայն, չե՛ն կրնար ոեւէ մէկուն կեանքը կառավարել կամ դասաւորել, որովհետեւ ատոնք ինքնին ինքնախաբէութիւն են եւ ցուցադրութիւն: Մարդը, արդարեւ, պէտք է միշտ ջանայ ճշմարտութիւնը փնտռել, ճշմարիտ գեղեցկութեան փարիլ, իրական ազնուութիւնը ձեռք ձգել, որպէսզի կարենայ Նախախնամութեան իրեն պարգեւած իմաստութեամբ զատորոշել գիտնայ զինք շրջապատով իրողութիւնները, աւելին՝ կարենայ զատորոշել բարին ու չարը, ճշմարիտն ու կեղծը, իրաւն ու սուտը եւ այսպէս շարունակ…: 

Այս մասին Թեհրանի թեմի բարեջան առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգիսեան կը գրէ. «Կեանքին մէջ յաճախ կը դժուարանանք իրականը՝ անիրականէն, ճշմարիտը՝ ո՛չ ճշմարիտէն զատորոշել, որովհետեւ մարդիկ, ապաւինելով արտքաին խաբուսիկ ու ցուցադրական երեւոյթներուն, կը փորձեն քօղարկել իրենց իսկական էութիւնը: Կեանքը իր բազմապիսի կողմերով ա՛յնքան դժուարացած է, մարդիկ հասարակութեան մէջ ա՛յնքան սերտօրէն առընչուած են ցուցադրական երեւոյթներու հետ, որ յաճախ մեր գնահատանքները կրնան ճիշդ ըլլալ: Մարդը կրնայ արտաքին ապրելակերպով գրաւիչ ըլլալ՝ առանց յայտնելու իր ներքին էութիւնը: Սակայն, կեանքի ճշմարիտ իմացութիւնը, Աւետարանական կեանքի փորձառութիւնը, հաւատքի ուժգին եւ ներգործուն զօրութիւնը շուտով պիտի յայտնաբերեն ճշմարտութիւնն ու իրական բարին եւ մարդը պիտի դնեն իսկական պատկերին մէջ: Միայն նախախնամական երկայնամտութիւնը իր կնիքով ի վիճակի է զատորոշել բարին ու չարը»:

Սեպուհ Սրբազանի այս խոհերը մեզ կը հասցնեն խնդրի ամենէն խոր շերտին։ Իրականութեան եւ երեւոյթի միջեւ եղած տարբերութիւնը ճանչնալը միայն մտաւոր կարողութիւն չէ, այլ նախ եւ առաջ հոգեւոր հասունութիւն։ Մարդ կրնայ շատ կրթուած ըլլալ, հարուստ փորձառութիւն ունենալ, մեծ դիրքերու հասած ըլլալ, սակայն, եթէ իր ներքին աշխարհը զուրկ է ճշմարտասիրութենէ, ան դարձեալ պիտի խաբուի արտաքին փայլէն եւ ցուցադրական արժէքներէն։

Այսօրուան աշխարհը աւելի քան երբեք հիմնուած է երեւոյթի վրայ։ Ամէն ինչ կը փորձէ ներկայանալ աւելի գեղեցիկ, աւելի յաջող, աւելի ազդեցիկ, քան իրականութեան մէջ է։ Մարդիկ իրենց կեանքը կը գնահատեն ո՛չ թէ ըստ այն բանին, թէ իրականութեան մէջ ինչպիսի՛ մարդիկ են, այլ ըստ այն պատկերին, զոր կրնան ուրիշներուն փոխանցել։ Այս մտածողութիւնը աստիճանաբար կը ներթափանցէ նաեւ ազգային եւ հասարակական կեանք, ուր արտաքին փայլը յաճախ կը փոխարինէ ներքին արժէքը, իսկ գեղեցիկ խօսքը՝ իրական գործը։

Ահա թէ ինչու այսօր այնքան դժուարացած է ճշմարտութիւնը տեսնելը։ Մենք այնքան շատ տեղեկութիւններու, կարծիքներու, մեկնաբանութիւններու եւ քարոզչական ալիքներու մէջ կ՚ապրինք, որ մարդը շատ դիւրութեամբ կը կորսնցնէ իր ներքին կողմնացոյցը։ Ան կը սկսի մտածել ո՛չ թէ իր խիղճին եւ բանականութեան համաձայն, այլ այնպէս, ինչպէս կը մտածէ մեծամասնութիւնը կամ ինչպէս իրեն կը պարտադրուի մտածել։ Այսպէս անհատը կը դադրի ազատ մտածող անձ ըլլալէ եւ կը վերածուի հասարակական հոսանքներու հետեւողի։

Աստուած մարդը այսպիսին չէ ստեղծած սակայն։ Արարչագործութեան պսակը դարձնելով մարդը՝ անոր պարգեւեց բանականութիւն, խիղճ եւ ազատ կամք, որպէսզի կարենայ ընտրել ճշմարտութիւնը։ Այդ պարգեւները չեն տրուիր միայն անձնական կեանքը կարգաւորելու համար, այլեւ հասարակութիւնը առողջացնելու։ Երբ մարդը կը դադրի գործածել իր բանականութիւնը, այդպիսով կամաց կամաց կը հրաժարի նաեւ իր պատասխանատուութենէն։ Այդ պահուն արդէն ուրիշները կը մտածեն իրեն փոխարէն, ուրիշները կ՚որոշեն իրեն փոխարէն, իսկ ինք կը բաւարարուի միայն հետեւելով։

Պատմութիւնը բազմաթիւ օրինակներ ունի, թէ ինչպիսի ողբերգութիւններ ծնած են այն հասարակութիւններուն մէջ, ուր մարդիկ հրաժարած են ինքնուրոյն մտածելէ։ Մեծամասնութեան կարծիքը միշտ ալ ճշմարտութիւնը չէ։ Հանրային աղմուկը միշտ ալ արդարութեան ձայնը չէ։ Ժամանակաւոր յաջողութիւնը միշտ ալ Աստուծոյ օրհնութիւնը չէ։ Եւ նոյնպէս արտաքին ձախողութիւնը միշտ ալ պարտութիւն չէ։ Ահա թէ ինչու հաւատացեալ մարդը կոչուած է ամէն բան քննութեան ենթարկելու եւ բարին ամուր բռնելու, ինչպէս Սուրբ Գիրքը կը յորդորէ։

Այսօր առանձնայատուկ կերպով անհրաժեշտ է վերականգնել զատորոշելու կարողութիւնը։ Այդ կարողութիւնը միայն համալսարաններու մէջ կամ գիրքեր կարդալով ձեռք չի բերուիր։ Անիկա կը կազմաւորուի ճշմարտութեան հանդէպ ունեցած հաւատարմութեամբ, խոնարհութեամբ եւ աղօթական կեանքով։ Մարդ ինչքան մօտենայ Աստուծոյ, այնքան աւելի պարզ կը տեսնէ մարդոց եւ իրադարձութիւններուն իրական պատկերը։ Իսկ որքան հեռանայ ճշմարտութեան աղբիւրէն, այնքան աւելի հեշտութեամբ պիտի խաբուի արտաքին փայլէն։

Այս առումով մեծ պատասխանատուութիւն ունին նաեւ ընտանիքը, դպրոցը եւ եկեղեցին։ Ընտանիքը առաջին վայրն է, ուր երեխան կը սորվի ճշմարտութիւնը սիրել կամ կեղծիքը ընդունիլ։ Դպրոցը պարտաւոր է զարգացնել մտածելու կարողութիւնը եւ ո՛չ թէ միայն տեղեկութիւն փոխանցել։ Եկեղեցին ալ իր կարգին կոչուած է մարդը առաջնորդելու դէպի ներքին ազատութիւն, որպէսզի ան կարենայ ամէն պարագայի մէջ հաւատարիմ մնալ իր խիղճին եւ Աստուծոյ կամքին։

Առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն կը կրեն նաեւ առաջնորդները։ Անոնք միայն որոշումներ կայացնող անձեր չեն, այլ՝ արժէքներ փոխանցող տիպարներ։ Երբ առաջնորդը ճշմարտութիւնը կը զոհէ շահին, ժողովուրդն ալ կամաց կամաց նոյն ճանապարհով կ՚երթայ։ Երբ իշխանութիւնը կը նախընտրէ ցուցադրութիւնը՝ ծառայութեան փոխարէն, ժողովուրդն ալ կը սկսի արժեւորել արտաքին երեւոյթները։ Իսկ երբ առաջնորդը խոնարհութեամբ կը ծառայէ ճշմարտութեան, նոյն ոգին աստիճանաբար կը տարածուի ամբողջ հասարակութեան մէջ։

Այս պատճառով ալ ազգային վերականգնումը երբեք միայն քաղաքական կամ տնտեսական ծրագիրներով չի՛ սկսիր։ Անիկա նախ եւ առաջ բարոյական ու հոգեւոր նորոգում կը պահանջէ։ Մեր մտածողութիւնը պէտք է մաքրուի կեղծ արժէքներէն, մեր խիղճը՝ անտարբերութենէն, իսկ մեր կամքը՝ վախէն։ Միայն այդ ժամանակ կրնանք առողջ հասարակութիւն կերտել։

Սեպուհ Սրբազան ճիշդ կերպով կը շեշտէ, թէ միայն նախախնամական երկայնամտութիւնը ի վիճակի է վերջնականապէս զատորոշելու բարին ու չարը։ Այս մտածումը մեզի կը յիշեցնէ, թէ մարդը պէտք չէ շտապէ դատաստան ընելու։ Յաճախ այն ինչ առաջին հայեացքով յաղթանակ կը թուի, տարիներ ետք կը բացայայտուի որպէս մեծ պարտութիւն, իսկ այն ինչ ժամանակաւոր կորուստ կը թուի, յետագային կը դառնայ օրհնութեան սկիզբ։ Ուստի, ճշմարտութիւնը համբերութիւն, աղօթք եւ ժամանակ կը պահանջէ։

Հետեւաբար, մեր օրերուն ամենէն անհրաժեշտ առաքինութիւններէն մէկը սթափութիւնն է։ Սթափ մարդը ո՛չ դիւրութեամբ կը խանդավառուի, ո՛չ ալ շուտով կը յուսահատի։ Ան իր որոշումները չի՛ հիմներ զգացումներու կամ ամբոխի աղաղակին վրայ, այլ՝ ճշմարտութեան, խիղճի եւ Աստուծոյ խօսքին վրայ։ Այսպիսի մարդիկն են, որոնք կրնան դառնալ ազգի ամուր յենարանները։

Եթէ իսկապէս կ՚ուզենք բուժել մեր ազգային կեանքի բազմաթիւ վէրքերը, ապա պէտք է սկսինք մեր անձէն։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտաւոր է ինքն իրեն հարցնելու, թէ արդեօք ճշմարտութի՞ւնն է, որ կը փնտռէ, թէ՞ միայն այն, ինչ մեզի հաճելի է։ Արդեօք մենք պատրա՞ստ ենք ընդունելու նաեւ այն ճշմարտութիւնը, որ կը խոցէ մեզ եւ կը ստիպէ փոխուիլ։ Որովհետեւ առանց այդ ներքին դարձին ո՛չ մէկ հասարակական փոփոխութիւն երկար կեանք պիտի ունենայ։

Ի վերջոյ, ազգային ապագան պիտի կերտուի ո՛չ թէ այն օրը, երբ մենք ունենանք աւելի շատ ճառախօսներ, աւելի շատ կարգախօսներ կամ աւելի շատ ցուցադրական նախաձեռնութիւններ, այլ այն օրը, երբ ունենանք աւելի շատ ճշմարտասէր, խոնարհ, զատորոշող եւ պատասխանատու անհատներ։ Այդպիսի անհատներու միութիւնն է միայն, որ կրնայ կազմել առողջ ժողովուրդ մը, իսկ առողջ ժողովուրդն է, որ ի վիճակի կ՚ըլլայ արժանապատիւ կերպով դիմագրաւելու ժամանակի բոլոր փորձութիւնները եւ վստահ քայլերով ընթանալ դէպի իր կոչումն ու ապագան, միշտ ականջալուր Աւետարանական սոյն ճշմարտութեան, թէ՝ «ճշմարտութիւնը պիտի ազատէ ձեզ» (տե՛ս Յհ. 8.32): 30 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026