ՇԱՀՊԱԶ ԵՒ ԱՆԱՆԵԱՆ
8 օգոստոսին ծնած գրական երկու դէմքեր - Ստեփան Շահպազ (Ատանա, Օսմանեան կայսրութիւն, 8 օգոստոս 1900 - Եգիպտոս, Աղեքսանդրիա, 21 յուլիս 1994)՝ իր ծննդեան 126-ամեակով, եւ Վախթանգ Անանեան (Պօղոսքիլիսա, Շամախեան գիւղ, Ռուսական կայսրութիւն, այժմ՝ Դիլիջան, 8 օգոստոս 1905 - Երեւան, 4 մարտ 1980)՝ իր ծննդեան 121-ամեակով, իրարմէ հինգ տարի տարբերութեամբ, սերնդակից գրողներ են:
Եգիպտահայ երկարամեայ գրող, բանասէր, սփիւռքահայ գրականութեան երախտաւորներէն Ստեփան Շահպազ, կարծես ճակատագիրի հանգիտութեամբ մը եգիպտահայ ժամանակակից գրողներ Խորէն Տէտէեանի եւ Պարոյր Մասիկեանի, քիչ ուսումնասիրուած այն գրագէտներէն է, որուն գործերը իր կենդանութեան օրօք եւ մահէն ետք ալ քիչ զբաղեցուցին գրականութեան սպասարկուները՝ մանաւանդ, որ այդ գործերուն մէջ մինչեւ այսօր կը շարունակէ բարձրագոռ հնչել 1915-ի ողբերգութիւններով սկսուած մեր արիւնափառ գողգոթան...:
Շահպազի մահէն եօթ տարի առաջ, 1887-ին, սփիւռքահայ գրականագէտ, բանասէր եւ խմբագիր դոկտ. Վաչէ Ղազարեան (1990-էն ի վեր հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ) Պէյրութէն ուղղուելով Գահիրէ, վերադարձին արդէն իրագործած էր իր առաքելութիւնը՝ յաջորդ տարի իսկ խմբագրելով ու հրատարակութեան յանձնելով Ստե-փան Շահպազի «կարապի երգ»ը հանդիսացող «Արփիար Արփիարեան» խորագրեալ հաստափոր աշխատութիւն-մենագրութիւնը (Պէյրութ, 1988, 624 էջ): Յիրաւի կոթողային յիշատակարան մը Շահպազի աշխատասիրութեամբ՝ Արփիարեան մեծ գրողին նուիր-ւած, ի մի ամփոփելով «Կարմիր ժամուց»ի տարաբախտ, այլեւ համբաւեալ երգիչին հասարակական-կուսակցական կեանքի ուղին ու գրական վաստակը:
Ատանա ծնած եւ ինն տարեկանին Ատանայի կոտորածներուն զարհուրանքը ճաշակած փոքրիկն Ստեփան՝ մօր հետ խոյս կու տայ Կիպրոս, ուր Փարիզէն վերադառնալով իրենց կը միանար հայրը: Շատ չանցած՝ ապագայ գրողը կը մեկնի Մերսին քաղաք, ուր կը յաճախէ տեղի Ազգային նախակրթարանը: Երկու տարի այնտեղ մնալէ ետք կը վերադառնայ Ատանա եւ այս անգամ կը յաճախէ տեղի Աբգարեան վարժարանը: 1915-ի օրերուն, երկար ու տառապալից ոդիսական մը ապրելէ յետոյ կը հասնի Հալէպ:
Ա. Աշխարհամարտէն ետք, զինադադարին, պատանի Ստեփան Շահպազ կը վերադառնայ Կիլիկիա, ուրկէ կ՚անցնի Պոլիս՝ հետեւելու միջնակարգ ուսման, որուն քննութիւնները կ՚անցընէ Ֆրանսայի Կրընոպլի համալսարանին մէջ, 1922-ին: Իր ուսանողական շրջանին կ՚ընտրուի Հայ ուսանողական միութեան նախագահ եւ հայ դատի մասին կը խօսի Սորպոնի «Ռիշլիէօ» սրահին մէջ: Կը հետեւի Լահէյի Միջազգային իրաւաբանութեան Քառնեկի ակադեմիայի 1923-ի դասընթացքներուն եւ 1925-ին կ՚աւարտէ Փարիզի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքը: Յաջորդ տարի կը տեղափոխուի Աղեքսանդրիա, ուր որպէս փաստաբան կ՚արձանագրուի Եգիպտոսի խառն դատարաններու մօտ: Երեք տարուան գործնական, փաստաբանական դրական աշխատանքներէ ետք կատարուող խիստ քննութիւններու մէջ իր ձեռք ձգած յաջողութեանց համար կը ստանայ «Ոսկեմատեան» մրցանակը:
1947-1948 հայրենադարձութեան տարիներուն, Աղեքսանդրիոյ մէջ կը ղեկավարէ Եգիպտահայերու ներգաղթի կոմիտէն: Շուրջ կէս դար կ՚աշխատի եգիպտական Ազգային վերաքննիչ ատեաններու մէջ իբրեւ փաստաբան՝ միաժամանակ վարելով ազգային-հասարակական գործունէութիւն: Գահիրէի մէջ ՌԱԿ-ի օրկան «Արեւ» օրաթերթի եւ «Լրաբեր»ի սիւնակներուն մէջ պարբերաբար լոյս կը տեսնեն իր ընդարձակ ուսումնասիրութիւնները Թուրքիոյ հայոց Ազգային սահմանադրութեան ու եկեղեցական կանոնագրութեան մշակումին մասին, միջազգային իրաւաբանական տեսակէտներ ալ ներկայացնելով հայոց դատին կապակցութեամբ՝ բազմաթիւ գրութիւններով:
«Եգիպտական ազգութիւնը»՝ Շահպազի առաջին երկերէն, իրաւագիտական գործ մըն է, շահեկան եւ ուսումնասիրութեան արժանի: 1946-ին, Վենետիկի Մխիթարեան տպարանէն հրատարակուած է իր «Վարագոյրին ետեւը» վէպը՝ 1956-ին, «Պայքար» տարեգիրքին մէջ «Մխիթար Գօշ եւ իր դատաստանագիրքը»՝ 1959-ին, Սիմոն Սիմոնեանի «Սեւան» հրատարակչատունէն՝ «Մենք՝ հայերս» ծաւալուն ուսումնասիրութիւնը: Նոյն տարին եւ նոյն հրատարակչատունէն լոյսի բարիքին կու գայ իր «Գրիգոր Զօհրապ» մենագրութիւնը՝ 1966-ին, ֆրանսերէնով՝ «Les Arménienne d’Egypte» («Եգիպտոսի հայերը») ուսումնասիրութիւնը. յաջորդ տարի՝ «Տողանցք» խորագրեալ նշմարներն ու պատմուածքներու ժողովածուն, դարձեալ «Սեւան» հրատարակչատունէն: Երեք տարի ետք՝ 1970-ին, «Օրերուն հետ» պատմուածքներու ժողովածուն. 1971-ին՝ «Մեր երկիրը», հայրենական տպաւորապաշտ էջերը:
Արդարեւ, Ստեփան Շահպազի գործերը ունին իբրեւ փիւնիկ յառնած մեր ժողովուրդին կենսականօրէն յոյս տուող, հայ դատին խրախուսանք բերող անկոտրում ուժ՝ ներկայ եւ գալիք ժամանակներու մէջ:
*
Արեւելահայ աշխարհի մէջ կամ խորհրդահայ դաշտի վրայ, բնութեան տարագեղ կանչերու եւ որսորդական արկածախնդրական դրուագներու կարկառուն ներկայացուցիչ Վախթանգ Անանեան նոյնպէս ծնած է 8 օգոստոսին, Շմախեան գիւղի մէջ:
Անանեան՝ ինչպէս նշուեցաւ՝ որ հիմնադիրն է արկածային ժանրի մշակման ու անոր զարգացման սովետահայ գրականութեան մէջ, իր մեծ կարկառովը գրական հրապարակ է իջած անցեալ դարու 20-ականներուն: Իր նորարարական գը-րարուեստով, ան պեղեց աշխարհները անհունաստեղծ անտառներու, հովիտներու եւ բարձրաբերձ լեռներու՝ խուզարկելով հետաքըրք-րութեանց դաշտը մեծահասակներուն ե՛ւ փոքրահասակներուն հաւասարապէս: Իւրայատուկ գրար-ւեստ, որ հայրենի բնութեան աշխարհէն լոյսերու եւ մթութիւններու հրաշազան խառնուրդը զտելէ ետք՝ ան նետեց ընթերցողը այն վայրերը, ուր կը զրնգան կենդանական աշխարհի պատկերաւոր բա-ռերը, ձորերուն ու սարերուն, հովիտներուն ու ջուրերուն եւ կանաչութեան լեզուն, դառնալով քարտէս Հայաստանի աշխարհագրութեան, դառնալով գիր ու գիրք եւ գրականութիւն, հատոր առ հատոր:
Ինք՝ որ շատ սիրեց հայրենի երկինքէն թորացող անձրեւը, երկինքին սիրտը պատռող կայծակն ու որոտումը, կախարդական սեւագորշ ամպերը, յիրաւի սիրեց Հայաստա՛նն ամբողջ: Ու Մեսրոպի մուսաներու շքեղ բարձունքներէն իջնելով, ալեխռով պահերու իրաւ ապրումներով անցաւ գիւղէ գիւղ, հովիտէ հովիտ, անտառէ անտառ ու Սեւանի ջուրերու սահանքով մինչեւ Արագած ու Արարատեան դաշտ, անցաւ ամբողջ լեռնաշխարհով հարուստ մեր պատմութեան բոլոր կածաններէն, իր անպարտելի Հայաստան-հայրենիքը ներկայացնելու ե՛ւ սիրցնելու իր ժողովուրդին, կառչա՛ծ մնալով անոր հնադարեան քաղաքակրթութեան:
Փոքրիկն Վախթանգի աղքատիկ մանկութիւնը անցած է իր ծննդավայրի գիւղին մէջ, ուր ստացած է նախնական կրթութիւն: Տասն տարեկանին կ՚ընդունուի Դիլիջանի ծխական դպրոցը, բայց կրթաթոշակը չկարենալ վճարելուն համար դուրս կը դրուի դպրոցէն: Այս ցաւը խոր ազդեցութիւն է ձգած երեխայի սիրտին մէջ. յետագային ան պիտի գրէր ի միջի այլոց. «...Տասնմէկ տարեկան էի երբ զրկուեցի դպրոցից, ուսուցիչներից: Աւարտուեց իմ ուսման ժամանակաշըր-ջանը: Դրանից յետոյ իսկական դպրոց այլեւս չեմ տեսել: Այնուհետեւ գրքերը դարձան իմ ուսուցիչները, իմ դաստիարակները, լեռնականի իմ անտաշ հոգին յղկողները: Իմ դպրոցը եղել է մայր բնութիւնը, որի գրկում ես մեծացել եմ»:
1926-ին երբ Անանեան կը տեղափոխուի Երեւան՝ կը սկսի աշխատիլ զանազան թերթերու խըմ-բագրութեանց մէջ: Նախ «Մաճկալ»՝ 1930-1931 թուականներուն, ապա «Սոցիալիստական գիւղա-տընտեսութիւն»՝ 1931-1935 թուականներուն. 1935-ին իրեն կը վըս-տահուի «Կոլխոզնիկ» թերթի գըլ-խաւոր խմբագիրի պաշտօնը:
Անանեանի առաջին ստեղծագործութիւնը՝ «Չոլախ Թաքօն», տպուած է 1927-ին, «Պիոներ» ամսագրին մէջ: Իր գրական ժառանգութեան զգալի մասը կը կազմեն կարճ արձակի ժանրերը - պատմը-ւածք, ակնարկ, խոհ, մանրապատում, հայրենի բնութեան ու բնաշխարհի մարդոց հիասքանչ պատկերներ, որոնք կ՚ընդգրկեն մարդ-բնութիւն փոխյարաբերութեան հիմնախնդիրները: Ասոնք արծարծուած են գրողին գրեթէ բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Վառ արտայայտութեամբ պատկերներ են, օրինակ, «Մայրեր», «Փոքրիկ մայրեր», «Եղնիկի ձագը», «Մայր այծեամը», «Մայր արջը», եւ այլն: Յուզիչ, սրտառուչ ե՛ւ հոգեցունց պատկերներով է թաթաւուն «Մայր արջը» պատմուածքը: Այստեղ, մայր արջը կորսնցնելով իր քոթոթը՝ վրէժ կ՚ուզէ լուծել մարդոցմէ, որոնք զայն սպաննած էին. ան գրած է. «... Վերեւ յառած՝ նրա աչքերի մէջ վրէժի կրակ էր վառւում, եւ նրա ցաւոտ հայեացքից մենք փշաքաղուեցինք: Ճանաչե՞լ էր նա արդեօք մեզ՝ իր ձագը սպաննողներիս, թէ՞ զաւակը կորցնելուց յետոյ բոլոր մարդիկ էլ ատելի էին նրան: Մի բան պարզ էր, որ չի մոռացել իր ձագի մահը եւ որոշել է վրէժ հանել մարդ արարածից»:
1941-1945 տարիներուն՝ հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցած Վախթանգ Անանեան, վերադառնալէ ետք Երեւան, շարունակեց ստեղծագործական աշխատանքը: 1930-ին՝ 25 տարեկանին, արդէն լոյս ընծայած էր առաջին վիպակը՝ «Կրակէ օղակի մէջ»: Չորս տարի ետք «Որս» խորագրեալ որսորդական պատմուածքներու ժողովածուն, պրակ 1 - 8, 1947-1977: 1951-ին՝ «Սեւանի ափին» վիպակը, որ կը համարուի իր մեծարժէք երկերէն մին՝ «Յովազաձորի գերիները» (1956, արկածային վիպակներ) երկին հետ:
Իր կեանքի վերջին 10-15 տարիներուն ան հակուած մնաց ամբողջացնելու «Հայաստանի կենդանական աշխարհը» քառահատոր աշխատութիւնը: «Յովազաձորի գերիները»ի առընթեր «Լեռնային լճի գաղտնիքը» նկարահանուած ու ներկայացուած է մեծ պաստառի վրայ:
Վախթանգ Անանեանի գործերը՝ որոնք թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու, մինչեւ այսօր եւ տասնամեակներ շարունակ պիտի վայելեն մեծ ժողովրդականութիւն:
Սփիւռքահայ գրականութեան մէջ Հայկ Նագգաշեան (Պէյրութ, 1926 -Մոնրէալ, 2016) կը հանդիսանայ որսորդական պատմուածքներու եւ անտառային արկածախնդրական դրուագներու լաւագոյն ներկայացուցիչը: Իր «Որսորդի ուղիներով» (1979, պատմուածքներ), «Մարկերիթայի առիւծները» (1981), «Ափրիկեան անտառներուն մէջ» (1982, Երեւան) կը մնան լաւագոյն նմոյշները այդ ժանրի պատմուածքներու։
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ