ՄԱՀ՝ ՎԱՆՈՒՀԻ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ երէկ ուշ գիշերուայ ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է Վանուհի Մարգարի Սեդրակեան՝ անողոք հիւանդութեան հետեւանքով: Հանգուցեալը երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին էր եւ մանագիտութեամբ բժշկուհի: Ան երկար տարիներ պաշտօնավարած էր Երեւանի քաղաքապետարանէն ներս՝ որպէս հանրային առողջապահութեան բաժանմունքի բարձրաստիճան պաշտօնատար: Իր կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած է ընտանիքի եւ սիրելիներու շրջանակներէն ներս, քանի լուսահոգին իր խառնուածքով, ազնիւ բնաւորութեամբ յաջողած էր գրաւել բոլորին սէրը, կը վայելէր մեծ յարգանք ու համակրանք: Մօտաւոր անցեալին, թէեւ յառաջացած տարիքի մէջ, ան կորսնցուցած էր իր կեանքի ընկերը՝ ամուսինը, որու մահը ցնցիչ եղած էր իր տեսակէտէ՝ յաւելեալ վերիվայրում պատճառելով իր արդէն փխրուն առողջութեան: Յաջորդող շրջանին մասնագէտներու կողմէ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած հոգածութիւնը եւ իր հարազատներու խնամքը դժբախտաբար բաւարար չեղան իր կեանքը փրկելու: Ան ուշ գիշերին փչեց իր վերջին շունչը՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը:
Հանգուցեալը մայրն է՝ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանին:
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայեցենք հանգուցեալի բարի հոգւոյն՝ աղօթելով, որ իր յաւիտենական նենջը ըլլայ խաղաղ: Մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք՝ Նաիրի Պետրոսեան-Զոյա Ստեփանեան ամոլին, դստեր՝ Գոհար Պետրոսեանին, թոռնիկներուն ՝ օրիորդ Մաքտալինա Միրիճանեանի եւ օրիորդ Վանուհի Պետրոսեանի եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն: