ԹՈՒՐՔԻԱ-ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ-ՓԱՔԻՍՏԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ԴԱՇԻՆՔ
Երէկ, Անգարա-Ռիատ-Իսլամապատ առանցքին վրայ առնուեցաւ կարեւոր քայլ մը: Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ Փաքիստան պաշտօնապէս ռազմական դաշինք մը ստեղծեցին: Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, Սէուտական Արաբիոյ Մուհամմէտ պին Սելման թագաժառանգը եւ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆ Մեքքէի մէջ ստորագրեցին համապատասխան փաստաթուղթը, որ հետամուտ է անվտանգութեան եւ կայունութեան: Կը հաղորդուի, որ Մեքքէի Պաշտպանութեան համաձայնագիրը բաց է նաեւ այլ երկիրներու համար:
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներուն մէջ կ՚ընդգծուի, որ Թուրքիա՝ տարողութեամբ ՆԱԹՕ-ի երկրորդ մեծ բանակը ունի, Փաքիստան իսլամական աշխարհէ ներս աթոմային զէնքի տէր միակ երկիրն է, իսկ Սէուտական Արաբիա Ծոցի դրամագլուխի հսկաներէն է: Այս երեք երկիրներու համատեղ դաշինքը արդէն կարեւոր գործօնի մը կրնայ վերածուիլ՝ մասնաւորապէս, որ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ասիոյ մէջ հաւասարակշռութիւնները կը վերաձեւաւորուին:
Նախագահ Էրտողան երէկ միօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Մեքքէ. իր ընկերակիցներու շարքին էին արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր:
Ստորագրուած փաստաթուղթի նպատակներէն մին է՝ պաշտպանական արդիւնաբերութեան, զինուորական մարզումներու նման ոլորտներէ ներս համագործակցութիւնը ամրապնդել՝ զսպիչ գործօններ ձեւաւորելու հեռանկարով: Ստորագրած երեք երկիրները կը նախատեսեն իրարու անվտանգութիւնը խրախուսել եւ մէկուն դէմ կատարուած յարձակումը պիտի համարուի կատարուած նաեւ միւսներուն դէմ: «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեքքէի Անվտանգութեան համաձայնութիւնը զանազանութիւն կ՚ապահովէ Թուրքիոյ համագործակցութեան ձեւաչափերուն տեսակէտէ, սակայն, բախումներու մէջ ներքաշուելու վտանգ չի յառաջացներ: Սա ՆԱԹՕ-ի առջեւ Թուրքիոյ կողմէ ստանձնուած միջազգային պատասխանատուութիւններուն տեսակէտէ ալ որեւէ անպատեհութիւն չի ներկայացներ:
Նախագահ Էրտողան երէկուան ստորագրութեան արարողութեան զուգահեռ յայտարարեց, որ փաստաթուղթի հետապնդած նպատակը ո՛չ թէ պատերազմն է, այլեւ՝ անդորրութիւնը, բարգաւաճումը եւ կայունութիւնը: