«ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՀԱՊԱՆՆ Է ԱԶԳԱՅԻՆ-ՀՈԳԵՒՈՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ»
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ երէկուան միասնական աղօթքի ընթացքին հանդէս եկաւ պատգամով մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:
*
Սիրելի հաւատաւոր զաւակներ մեր,
Հայրապետական մեր սէրը, օրհնութիւնն ու գնահատանքը կը բերենք ձեզի՝ դատարանի բակէն ներս Հայ Եկեղեցւոյ դէմ մերժելի գործընթացներու առնչութեամբ ձեր ընդվզումը արտայայտելէ յետոյ այժմ, համախմբուած Մայր Տաճարի մէջ, միասնական աղօթք բարձրացուցինք առ Աստուած մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի համար:
Հայոց Եկեղեցին իւրաքանչիւր հայու հոգեւոր օրրանն ու սրբութիւնն է: Մեր Սուրբ Եկեղեցին մեր ժողովուրդի հաւատքի անսասան ամրոցն է, առաջնորդը դէպի Աստուած ու փրկութիւն եւ աննահանջ պահապանը հայոց ինքնութեան ու ազգային-հոգեւոր ժառանգութեան:
Մեր օրերուն իշխանութիւններու եւ իշխանական կառոյցներու կողմէ քայլեր կը ձեռնարկուին եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը վնասելու, ինքնավարութիւնը սահմանափակելու եւ եկեղեցին իրենց կամքին հպատակեցնելու, ինչպէս եւ քաղաքական ժամանակաւոր նպատակայարմարութիւններու առջեւ ազգային ինքնութեան ընկալումը, նուիրական ու սրբազան խորհրդանիշներն ու յիշատակները ձեւափոխելու: Արդարեւ, եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը ազգի բարօրութեան, պետութեան հզօրացման կարեւոր գրաւականներէն մէկը եղած է բոլոր ժամանակներուն:
Ցաւով կ՚անդրադառնանք, որ մեր Սուրբ Եկեղեցին ու հոգեւորականները իշխանութիւններու կողմէ կ՚ենթարկուին հետապնդումներու: Ապօրինի եւ շինծու քրէական գործերով կալանք եւ ազատութեան սահմանափակումներ կիրառուած են շարք մը եկեղեցականներու, ազգային բարերարի եւ ազգանուէր ու եկեղեցասէր այլ անձերու դէմ: Քիչ առաջ վերադարձանք անհիմն եւ անիրաւ մեղադրանքներով նաեւ մեր եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ երկու արքեպիսկոպոսի եւ չորս եպիսկոպոսի դէմ յարուցուած դատավարութեան առաջին նիստէն, որ չկայացաւ դատաւորի կողմէ ինքնաբացարկ յայտնելու պատճառով:
Մենք լի ենք հաւատքով եւ վճռականութեամբ, սիրելիներ, պաշտպանելու մեր արդար իրաւունքները՝ երաշխաւորուած ինչպէս մեր պետութեան սահմանադրութեամբ, այնպէս եւ միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներով: Այս գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ, առ ազգն ու հայրենին սիրով մենք պիտի շարունակենք մեր տէրունապատուէր առաքելութիւնը՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններու եւ արգելքներու, քանզի, ինչպէս սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Աստուած ապաւէնն ու զօրութիւնն է մեր եւ մեր օգնականը մեզ հասած խիստ նեղութիւններու մէջ» (Սաղմ. 45.2): Անտարակոյս, մեր ապաւինութիւնը Աստուած է եւ մեր ծառայութիւնը բարեպաշտ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի եւ հարազատ երկրի համար է:
Սիրելի հաւատաւոր հայորդիներ, աղօթական համախմբումի այս պահուն հայրական սիրով մեր գնահատանքը կը բերենք ձեզի եւ եկեղեցասէր մեր բոլոր զաւակներուն ի Հայաստան եւ ի սփիւռս, ազգային ու հասարակական կազմակերպութիւններուն, փաստաբաններուն, գիտական, կրթական, մշակութային, քաղաքական գործիչներուն, որոնք առկայ բարդ պայմաններուն ներքեւ հաստատակամութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կը զօրակցին Մայր Եկեղեցւոյ եւ անոր ազգօգուտ առաքելութեան: Աննկուն պիտի ըլլանք եւ միասնաբար յամառ ու տեւական ջանքեր պիտի ներդնենք, որպէսզի դադրին անիրաւութիւնները մեր երկրէն ներս, խտրականութիւնն ու անհանդուրժողականութիւնը, տարածում չգտնեն չարակամութիւնն ու ատելութեան խօսոյթները: Մենք յամառ ու տեւական ջանքեր պիտի ներդնենք, որպէսզի հայրենական ու ազգային մեր անդաստանը նորոգուի եղբայրասիրութեամբ ու համերաշխութեամբ եւ մեր կեանքէն ներս գերակայեն ճշմարտութիւնը, օրինականութիւնն ու արդարութիւնը, յարգուին եկեղեցւոյ դարաւոր կարգերն ու աւանդոյթները, որպէսզի չվիրաւորուին հաւատացեալներու բարեպաշտական զգա-ցումները:
Հայրապետիս յորդորն է բոլորիդ՝ ըլլալ սթափ եւ խոհեմ, չտրուիլ սադրանքներու, նենգամիտ խարդաւանքներու, ամուր մնալ հաւատքով ու յոյսով, քանզի Աստուած բոլոր չարամիտ իրողութիւններէն ու փորձութիւններէն բարիքներ վեր կը հանէ Իր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին համար: Նեղութիւններու մէջ նաեւ կը զօրանայ մեր հաւատքը, կը դրսեւորուի հաստատուն նուիրումը Աստուծոյ, հայրենիքին եւ եկեղեցւոյ, անխախտ հաւատարմութիւնը՝ ազգային-հոգեւոր մեր սրբազան արժէքներուն:
Արտաքին եւ ներքին սպառնալիքներու յանդիման ամրապնդենք մեր ազգային միաբանութիւնը, արդիւնաւորենք մեր ընթացքը հայրենանուէր ու ազգաշահ գործերով եւ ըստ առաքեալի պատգամի՝ զօրանանք Տիրոջմով եւ իր զօրութեան կարողութեամբ (Եփ 6.10):
Կը հաւատանք, որ մեր Սուրբ Եկեղեցին Աստուծոյ ողորմութեամբ եւ մեր ժողովուրդի անսակարկ նուիրումով ու սիրով պիտի յաղթահարէ այս նեղութիւնները նոյնպէս եւ նոր յաջողութիւններ պիտի ամրագրէ իր առաքելութեան ճանապարհին՝ ի բարօրութիւն եւ ի պայծառութիւն համայն հայոց կեանքի:
Մեր հայեացքը ուղղուած է Աստուծոյ եւ մեր ջանքերը՝ հայրենիքի շինութեանն ու մեր ժողովուրդի սպասաւորութեան: Թող Աստուած օրհնէ հայոց պետութիւնը, անվրդով ու խաղաղ պահէ մեր ժողովուրդը ի հայրենիս եւ ի սփիւռս այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեան:
Շնորհք, սէր եւ խաղաղութիւն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի եղիցին ընդ ձեզ եւ ընդ ամենեսեան. ամէն: