ՁԵԶ Ո՜Վ ՊԻՏԻ ԴԱՏԷ
Երէկ, Հայաստանէ ներս առկայ հակաեկեղեցական արշաւի պայմաններուն ներքեւ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններ կանգնեցան դատարանի առջեւ: Ամբողջ աշխարհի հայութեան խիղճը, կրօնական զգացումներն ու նուիրականութեան հասկացութիւնները ոտնահարուեցան, վիրաւորուեցան այս տխուր երեւոյթներով, որոնք ծնունդ առած են, դժբախտաբար, Հայաստանի իշխանութիւններու եկեղեցահալած քաղաքականութեամբ:
Հաւատացեալ շրջանակներու, համայն աշխարհի հայութեան եւ աչալուրջ քաղաքացիներու խոր մտահոգութեան համայնապատկերին վրայ տեղի ունեցաւ՝ Վեհափառ Հայրապետին եւ վեց սրբազաններուն դէմ ձեռնարկուած քրէական վարոյթի առաջին դատական լսումը: Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանէն ներս կը տեսնուի դատը: Դատարանի շէնքը կը գտնուի Վաղարշապատ քաղաքին մէջ, ուր է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը: Դատարանի շէնքի բակին եւ շրջակայքին հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր այս դատավարութեան առթիւ: Երբ Վեհափառ Հայրապետը յայտնուցաւ տարածքէն ներս, բոլորը սկսան վանկարկումներու: Նորին Սրբութեան դատարանի շէնք մուտք գործելէն առաջ միաբերան արտասանուեցաւ Տէրունական աղօթքը:
Դատարանին մէջ Վեհափառ Հայրապետի եւ վեց եպիսկոպոսներու վերաբերեալ քրէական գործի քննութիւնը վստահուած էր դատաւոր Յակոբ Մանուկեանին, որ ինքնաբացարկ յայտնեց: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ դատական կարճատեւ նիստէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետին փաստաբանը՝ Արա Զօհրապեան զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Ան լրագրողներու նկատառման յանձնեց հետեւեալը. «Գիտէք, որ դատական նիստերու սկզբնական փուլին կը քննարկուի դատաւորի բացարկի եւ ինքնաբացարկի հարցը: Դատաւոր Յակոբ Մանուկեան ինքնաբացարկ յայտնեց, հրաժարեցաւ այս գործը քննելէ»:
Դատաւոր Յակոբ Մանուկեան ինքնաբացարկի որոշումը պատճառաբանած է այն հանգամանքով, որ իր փաստաբանական արտօնագիրը ժամանակին ստացած է Արա Զօհրապեանէն իսկ, որ այդ ժամանակ եղած էր Հայաստանի Փաստաբաններու պալատի նախագահը: «Ան փաստաբան եղած է եւ իր փաստաբանական արտօնագիրը ես յանձնած եմ, իմ անձնական կարծիքով, սա բացարկի հիմք մը չէր, բայց, դատաւորը հաշուի առնելով, որ սա կրնայ կասկած յառաջացնել, ինքնաբացարկ յայտնեց», դիտել տուաւ Արա Զօհրապեան: Այժմ, իր խօսքով՝ քրէական գործը պիտի մակագրուի այլ դատաւորի մը, որ դատական ուրիշ նիստի մը թուականը պիտի նշանակէ եւ պիտի հրաւիրէ կողմերը եւ եթէ ինքնաբացարկի հիմքեր չըլլան, ապա գործի քննութիւնը պիտի սկսի:
Վեհափառ Հայրապետին եւ վեց սրբազաններուն դէմ առաջադրուած շինծու մեղադրանքը կը վերաբերի անոնց ծառայողական լիազօրութիւններու օգտագործման վերաբերեալ հանգամանքի մը: Հայաստանի դատական իշխանութիւնները պնդած են, որ անոնք այդ լիազօրութիւններով խոչընդոտած են՝ աւելի առաջ արձակուած դատավճռի մը իրացումը: Այսպէս, խնդիրը կը վերաբերի Մասեացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ եւ այժմ արդէն կարգալոյծ եպիսկոպոս Արման Սարոյեանին: Ան, երբ թեմակալ առաջնորդ էր եւ կը կոչուէր Տ. Գէորգ եպսկ. Սարոյեան, թեմակալ առաջնորդի պաշտօնէն ետ կանչուած էր Հայրապետական տնօրինութեամբ: Ներկայ տարուայ յունուարի 10ին կատարուած այդ տնօրինութենէն վերջ Արման Սարոյեան դատական իշխանութիւններուն դիմած էր՝ թեմակալ առաջնորդի պաշտօնին մէջ վերահաստատուելու պահանջով: Յունուարի 17ին դատարանը վճիռ արձակած էր, որպէսզի ան վերականգնուի թեմակալ առաջնորդի պաշտօնին մէջ: Իրադարձութիւններու շարունակութեան ԳՀԽի կողմէ եւ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ ան հռչակուած էր կարգալոյծ: Հայաստանի դատախազութիւնը այս երեւոյթը այնպէս մեկնաբանած է, թէ Վեհափառ Հայրապետը եւ ԳՀԽի եպիսկոպոսները խոչընդոտած են դատարանի կողմէ արձակուած վճռին իրացումը:
Սա ծիծաղելի ըլլալէ անդին՝ յերիւրանքի նման պնդում մըն է, քանի եկեղեցին ունի իր ներքին կանոնները եւ անոնց հիման վրայ Վեհափառ Հայրապետի բացառիկ լիազօրութիւնն ու իշխանութիւնն է՝ եպիսկոպոսներու ձեռնադրութիւնը կամ կարգալոյծ հռչակուիլը, նաեւ թեմակալ առաջնորդներու նշանակումը կամ վաւերացումը:
Այս հիման վրայ ձեռնարկուած քրէական վարոյթի առաջին դատական նիստը երէկ անորոշ վիճակի մը մէջ հասաւ իր աւարտին: Այս նոյն վարոյթի շրջանակներէն ներս կը մեղադրուին նաեւ՝ Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեան, Տ. Յովնան եպսկ. Յակոբեան, Տ. Մակար եպսկ. Յակոբեան, Տ. Մուշեղ եպսկ. Պապայեան, Տ. Հայկազուն արք. Նաճարեան եւ Տ. Վահան եպսկ. Յովհաննիսեան:
Դատաւորի կողմէ ինքնաբացարկի ներկայացուելէն վերջ դատարանէն բոլորը արձակուեցան՝ Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ: Հոծ բազմութիւնը Վաղարշապատ քաղաքի փողոցները կտրելով հասաւ մայրավանքի տարածքը: Ճանապարհին բոլորը երգեցին Կոմիտասի Հայրապետական մաղթերգն ու «Էջմիածինն ի Հօրէ» շարականը: Այս մեծ թափօրը հասաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը, ուր տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն: Միասնական աղօթքի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց իր պատգամը։
Իրադարձութիւններու շարունակութեան կը սպասուի հետաքրքրութեամբ:
