ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան պատարագեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոսեկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը: Գոհաբանական Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ՝ ՎոսփորիԱսիական ափի այս գողտրիկ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 250-ամեակին առթիւ: Միեւնոյն ժամանակ, մօտաւորանցեալի հիմնական վերանորոգման ու բարեկարգման աշխատանքներէ վերջ կատարուած օծման ուպաշտամունքի վերաբացման արարողութենէն վերջ, սա եղաւ Պէյքոզի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած անդրանիկ Ս. Պատարագը: 

Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր ստեղծուեցաւ հոգեւորհրճուանքի մթնոլորտ: Պատարագիչ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթերակայ էին՝ Տ. Մելքոն քահանայ Փնարճեանեւ Տ. Նարեկ քահանայ Տէյիրմենճեան: Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրացդաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի: 

Քարոզէն առաջ, հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան գիրը յանձնուեցաւՊէյքոզի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանին, որ երկար տարիներէ ի վեր կըպաշտօնավարէ եւ ներկայ յոբելենական շրջանի հիմնական նորոգութեան մղիչ ուժերէն մին եղած է: 

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան: ՆորինԱմենապատուութիւնը նախագահեց նաեւ բացօթեայ աշխարհիկ հանդիսութեան, որու բոլոր մասնակիցները ջերմմթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան թաղային խորհուրդին կողմէ: Ինչպէս նախօրէի օծման ու պաշտամունքիվերաբացման արարողութիւնը, այնպէս ալ երէկուան անդրանիկ Ս. Պատարագը առիթ հանդիսացան, որպէսզիՊէյքոզի թաղային խորհուրդը երախտագիտութեան զգացումներու առարկայ դարձնէ շարք մը անձեր, որոնք իրենցզօրակցութիւնը բերած են եկեղեցւոյ ամրակայման եւ բարեկարգման աշխատանքներուն:  

 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026