«ԱՌԿԱՅ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԼՈՒՐՋ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՑՆԷ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՈՒԱԾ ԽՂՃԻ ԵՒ ԿՐՕՆԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ, ՆԱԵՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱՆՋԱՏՄԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԷ»

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու անդամները կոչ ուղղեցին Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ առաջնորդուիլ բացառապէս օրինականութեան սկզբունքներով: Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ վեց սրբազաններու դէմ քրէական վարոյթին կապակցութեամբ եպիսկոպոսաց դասու կարգ մը անդամներ հանդէս եկան յայտարարութեամբ, ուր նշուած է հետեւեալը: 

*

Մենք՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներքոյ ստորագրեալ եպիսկոպոսներս, խոր մտահոգութեամբ տեղեկացանք, որ 7 օգոստոս 2026 թուականին նախատեսուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց եպիսկոպոսներու դէմ յարուցուած քրէական վարոյթի դատական քննութիւն: 

Այս դատավարութիւնը, մեր համոզմամբ, ո՛չ միայն ցաւ եւ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդներու շրջանէն ներս, այլեւ լուրջ հարցադրումներ կրնայ յառաջացնել բոլոր անոնց մօտ, որոնք կը կարեւորեն կրօնական ազատութիւնը, իրաւունքի գերակայութիւնը եւ ժողովրդավարական պետութեան հիմնարար սկզբունքները: 

Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին դարեր շարունակ եղած է եւ կը շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու ազգային յենասիւներէն մին: Մեր եկեղեցին, ի գլուխ ունենալով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, իր առաքելութիւնը իրականացուցած է եւ կ՚իրականացնէ ժողովուրդի ու պետութեան բարօրութեան ծառայելու բարձր գիտակցութեամբ: Այդ իսկ պատճառով եկեղեցւոյ բարձրագոյն հոգեւոր իշխանութեան դէմ որեւէ իրաւական գործընթաց պէտք է ըլլայ առաւելագոյնս զգուշաւոր, բացառիկ հիմնաւորուած եւ լիովին համապատասխան՝ ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, այնպէս ալ միջազգային իրաւունքի չափանիշներով: 

Մինչդեռ ներկայ իրավիճակը լուրջ հարցադրումներ կը յառաջացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած խղճի եւ կրօնի ազատութեան, պետութեան եւ եկեղեցւոյ տարանջատման սկզբունքի, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին սկզբունքներու պահպանման առնչութեամբ: Այս իրավիճակը կը խաթարէ մեր եկեղեցւոյ բնականոն գործունէութիւնը: 

Միաժամանակ, մենք կը գիտակցինք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վերջին տարիներուն պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած են լարուածութիւն, փոխադարձ անվստահութիւն եւ յառաջացած են այլ բազմաթիւ խնդիրներ: Մենք համոզուած ենք, թէ նման բարդ եւ զգայուն հարցերը չեն կրնար արդար ու կայուն լուծում ունենալ իրաւական ճնշումներու, քրէական հետապնդումներու, սուր առճակատման կամ եկեղեցւոյ ներքին կեանքին միջամտութեան միջոցաւ: Նման գործընթացները կը վտանգեն հասարակութեան ներքին համերաշխութիւնը, կը խորացնեն պառակտումը եւ կրնան վնասել պետութեան ժողովրդավարական հեղինակութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի միջազգային վարկանիշին՝ որպէս պետութիւն, որ կը յարգէ մարդու իրաւունքներն ու կրօնական ազատութիւնները: 

Մենք վստահ ենք, թէ իշխանութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ առկայ բոլոր տարաձայնութիւնները պէտք է կարգաւորուին սահմանադրական սզկբունքներու պահպանման եւ օրէնքի գերակայութեան, փոխադարձ յարգանքի, ինչպէս նաեւ առողջ ու շինիչ երկխօսութեան ճանապարհով: 

Հետեւաբար, կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ առաջնորդուիլ բացառապէս օրինականութեան սկզբունքներով՝ ձեռնպահ մնալով այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան խորացնել հասարակական բաժանումները կամ վտանգել երկրի հոգեւոր ու հասարակական կայունութիւնը: 

Միաժամանակ, կը դիմենք մեր քոյր եկեղեցիներուն, միջեկեղեցական կազմակերպութիւններուն, մարդու իրաւանց պաշտպանութեան ոլորտի կառոյցներուն՝ ուշադրութեամբ հետեւիլ իրադարձութիւններուն եւ իրենց աղօթքով ու բարոյական աջակցութեամբ նպաստել առողջ երկխօսութեան ու փոխըմբռնման ձեւաւորման:

Կ՚աղօթենք, որ Ամենակալ Աստուած իմաստութիւն ու խոհեմութիւն պարգեւէ բոլոր պատասխանատուներուն, որպէսզի ստեղծուած ծանր իրավիճակը յաղթահարուի բարւօք ճանապարհով՝ ի շահ Հայաստանի Հանրապետութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդի ապահով ու անվտանգ ներկայի եւ ապագայի:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026