ԶԱԶՐԵԼԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ վեց սրբազանի դէմ ձեռնարկուած քրէական վարոյթի գործընթացը կը շարունակէ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ դառնալ: Անցեալ շաբաթավերջին, Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանէն ներս տեղի ունեցած առաջին դատական լսումին ժամանակ դատաւորը ինքնաբացարկ ներկայացուցած էր, ինչ որ գործընթացի շարունակութեան տեսակէտէ արտասովոր իրավիճակ մը ստեղծած է: Հիմա կը սպասուի, որպէսզի Վեհափառ Հայրապետի եւ վեց սրբազանի գործը վերամակագրուի ուրիշ դատաւորի մը անունով: Երեւանեան աղբիւրները կը հաղորդեն, որ ինքնաբացարկ ներկայացուցած դատաւոր Յակոբ Մանուկեանէն վերջ տակաւին տեղի չէ ունեցած մակագրում:
Այս պահու դրութեամբ Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանէն ներս կայ միայն երկու դատաւորներ, որոնց կրնայ մակագրուիլ գործը: Անոնցմէ մին է Սերժ Ռուշանեան, իսկ միւսը՝ Արման Պապախանեան: Խնդիրը այն է, որ այժմ քրէական գործերը քննող դատաւորներու հիմնական մասը արձակուրդի մէջ կը գտնուի եւ ընտրութիւնը այս երկու դատաւորներէն մէկուն միջեւ պիտի ըլլայ:
Ի դէպ, լրահոսին մէջ հետաքրքրիր կը համարուի, որ դատական իշխանութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ թէեւ ներառուած է դատաւորներու արձակուրդի ժամանակացոյցը, սակայն, չեն հրապարակուած Արմաւիրի մարզի դատաւորներու արձակուրդի տուեալները: Ընդդիմադիր աղբիւրները այս իրավիճակին մէջ հաւանական կը նկատեն, որ իշխանութիւնները փորձեն իւրային դատաւորները արձակուրդէ ետ կանչել՝ մակագրելու համար գործը:
Միւս կողմէ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրաիրքութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է՝ Հայաստանէ ներս Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դէմ նախաձեռնուած քրէական վարոյթին կապակցութեամբ: Ստորեւ կը ներկայացնենք Ս. Աթոռի դիւանին կողմէ հրապարակուած համապատասխան հաղորդագրութիւնը:
*
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը վրդովումով եւ խստագոյն դատապարտումով կը հետեւի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, անոր նուիրապետական բարձրագոյն իշխանութեան եւ բարձրաստիճան հոգեւոր սպասաւորներուն դէմ դատական հետապնդումներուն։
2026 թուականի օգոստոսի 7-ին նախատեսուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ ԳՀԽ-ի վեց անդամներու դատական նիստը աննախընթաց, խորապէս մտահոգիչ եւ անընդունելի իրադարձութիւն մըն է մեր ազգային-եկեղեցական պատմութեան մէջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հասարակական շարքային կազմակերպութիւն մը չէ։ Ան դարեր շարունակ եղած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի, ազգային ինքնութեան, մշակոյթի, պատմական յիշողութեան եւ պետականութեան պահպանման հիմնասիւներէն մին։ Եկեղեցւոյ ներքին կանոնական, վարչական եւ կարգապահական հարցերուն դէմ պետական մարմիններու միջամտութիւնը կը հակասէ եկեղեցւոյ ինքնավարութեան սկզբունքին եւ վտանգաւոր նախադէպ մը կը ստեղծէ պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններուն մէջ։
Առաւել եւս անընդունելի է, որ դատական գործընթացի թիրախ դարձած է Ամենայն Հայոց Հայրապետը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ընդհանրական հոգեւոր պետը եւ անոր հետ՝ ԳՀԽ-ի անդամ բարձրաստիճան եկեղեցականներ։ Այս իրողութիւնը չի կրնար ընկալուիլ՝ իբրեւ զուտ իրաւական ընթացակարգ, երբ ան տեղի կ՚ունենայ եկեղեցւոյ դէմ շարունակական ճնշումներու, հրապարակային վիրաւորանքներու, նուիրապետական կարգը խաթարելու եւ հոգեւոր իշխանութեան հեղինակութիւնը նսեմացնելու փորձերու մթնոլորտին մէջ։
Առանձնապէս մտահոգիչ է այն վտանգաւոր նախադէպը, որ կը ստեղծուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը դատարան ներկայանալու պարտադրանքին ենթարկելով։ Ամենայն Հայոց Հայրապետը միայն Հայաստանի մէջ գործող կրօնական հաստատութեան մը ղեկավարը չէ։ Ան Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ընդհանրական հոգեւոր պետն է, որուն հովուական առաքելութիւնն ու նուիրապետական հեղինակութիւնը կը տարածուին աշխարհասփիւռ հայութեան, Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներուն եւ թեմերուն վրայ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անձին ու հանգամանքին դէմ Հայաստանի պետական իշխանութիւններու ցուցաբերած վերաբերմունքը անխուսափելիօրէն պիտի անդրադառնայ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ միւս նուիրապետական աթոռներու եւ անոնց հոգեւոր պետերու դիրքին վրայ։
Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են գիտակցիլ, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին դէմ իրենց վերաբերմունքը ներքին քաղաքական հարց մը չէ միայն։ Սա միջազգային անդրադարձով համազգային եւ համաեկեղեցական խնդիր մըն է, որ կրնայ թուլացնել Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր նուիրապետական աթոռներուն բարոյական եւ իրաւական դիրքը՝ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ։
Հետեւաբար, նման քայլերը կը վտանգեն ո՛չ միայն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հեղինակութիւնը, այլեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսոյ նուիրապետական աթոռներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերուն ազատ գործունէութիւնը։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը վճռականօրէն կը դատապարտէ եկեղեցական ներքին հարցերը քրէական հետապնդման եւ դատական ճնշումներու միջոցաւ լուծելու որեւէ փորձ եւ կը պահանջէ դադրեցնել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ ԳՀԽ-ի անդամներուն դէմ քաղաքական ազդեցութեան եւ ընտրովի արդարադատութեան տպաւորութիւն ստեղծող դատական հետապնդումը։
Հայաստանի Հանրապետութեան պատկան մարմիններուն կոչ կ՚ուղղենք՝ յարգել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած կրօնական ազատութիւնը, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը, անոր ներքին կանոնական կարգն ու նուիրապետական արժանապատուութիւնը եւ զերծ մնալ այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան խորացնել ազգային պառակտումը եւ անդառնալի վնաս հասցնել Հայ Եկեղեցւոյ եւ պետութեան փոխյարաբերութիւններուն։
Դատական իշխանութիւնը պարտաւոր է գործել բացառապէս օրէնքի, արդարութեան, անաչառութեան եւ անկախութեան սկզբունքներով՝ առանց քաղաքական ճնշումի, ընտրովի վերաբերմունքի կամ եկեղեցւոյ ձայնը լռեցնելու որեւէ նպատակի։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը աներկբայ զօրակցութիւն կը յայտնէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին, ԳՀԽ-ի անդամներուն եւ դատական հետապնդման ենթարկուած բոլոր հոգեւորականներուն։
Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, Հայաստանի պետական եւ հասարակական շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքի ազգային-եկեղեցական կառոյցներուն՝ պաշտպան կանգնիլ Հայոց Եկեղեցւոյ ազատութեան, միասնականութեան, ինքնավարութեան եւ արժանապատուութեան։
Ամենայն Հայոց Հայրապետին նուիրապետական հեղինակութեան նսեմացումը հարուած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ամբողջական կառոյցին։ Իսկ Հայոց Եկեղեցւոյ դէմ ուղղուած որեւէ հարուած՝ հարուած է համայն հայ ժողովուրդի հոգեւոր միասնութեան, ազգային ինքնութեան եւ պետականութեան հիմքերուն։