ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՐԺԷՔԸ

Աստուածաշունչը Մատեանը ցոյց կու տայ մեզի, մարդուն՝ անասունէն բացարձակապէս գերիվեր եւ անգին ըլլալը։ Ծննդոց Գիրքէն մինչեւ Յայտնութիւն, Սուրբ Գիրքը ամբողջութեամբ կը զբաղի մարդ էակով։ Այս իմաստով մարդ արժէ՛ք մըն է։ Մարդ պէտ է իր արժէքին անդրադառնայ, ծանօթանայ, ճանչնայ իր արժէքը։ Բայց մարդ պէտք չէ ուրիշներուն գովասանքներուն եւ ներբողական խօսքերուն տարուելով իր արժէքը որոշէ, այլ ինքզինք ճանչնալով ինք իր արժէքը որոշէ, քանի որ իսկական արժէքը ինքնաճանաչումով, քանի որ իսկական մարդը իր ներաշխարհին մէ՛ջ է։ Այս ուղղութեամբ Սուրբ Գիրքին գլխաւոր շեշտուած նիւթը մարդ էակին ինքնաճանաչումը, փրկութիւնը, դժոխքէն ազատուիլը եւ երկնային յաւիտենական կեանքին եւ փառքին արժանանալն է Աստուծոյ ներկայութեան մէջ։

Դժբախտաբար, մարդ իր արժէքին իրազեկ չէ, ո՛չ ալ իրեն խոստացուած պատիւին գիտակից։

Ծննդոց Գիրքին Ե. գլուխը, եթէ ուշադրութեամբ ուսումնասիրուի, կը տեսնուի, որ կը տարբերի դամբանագիրէ մը՝ շիրիմի վրայ գրուած արձանագրութենէ մը՝ այն առումով, որ ան կ՚արձանագրէ մարդկային ցեղին ազգաբանութեան վրայով։ Արդարեւ, կարելի չէ հանդիպիլ տապանագիրի մը, որուն վրայ արձանագրուած գտնուի. «Աստ հանգչի. այսինչ այնինչեան, ծնեալ այսինչ թուականին, այսչափ տարի ապրեցաւ, անդրանիկ որդին ծնաւ, ունեցաւ աղջիկներ եւ տղաներ եւ ննջեց այսինչ թուականին»։ Այսպիսի մանրամասնութիւններ չեն գտնուիր հոն։

Ծննդոց Գիրքին Ե. գլուխը մեզի կը վկայէ, որ մենք, մարդիկ որչափ ալ առողջ, կայտառ եւ գիտուն ըլլանք, որչափ ալ հարուստ, գեղեցիկ, բացառիկ ձիրքերով օժտուած եւ երկարակեաց ապրինք, օր մը այս բոլորը մեզմէ պիտի առնուի եւ պիտի մեռնինք։ Մեր հողէ մարմինները իրենց բոլոր ապրումներով եւ փափաքներով, ապրելու տենչով վերջ պիտի գտնեն։ Այս գլխուն մէջ անիմանալի երեւոյթի մը կը հանդիպինք։

Սուրբ Գիրքին Ե. գլխուն մէջ կը տեսնենք «Անսկիզբ»ը եւ սկիզբ ունեցողը, յաւիտենականը եւ ժամանակաւորը, յաւիտեան Անփոփոխը եւ շուտով փոշիի վերածուողը։ Ամենագէտը եւ տգէտը, Անմահը եւ մահկանացուն, Անհունը եւ յունաւորը. Աստուած եւ մարդը։ Այս երկուքին միջեւ գտնուող հսկայական անկորնչելի միջոցին մէջ, Աստուած «մարդու» մը կը մօտենայ՝ անոր ձեռքէն կը բռնէ, Ենովք անունով մարդու մը հետ կը մտերմանայ եւ անոր հետ բարեկամաբար կը քալէ, կը խօսի, կը խորհրդակցի եւ միասնաբար կ՚ուրախանան…

Անսկիզբ եւ յաւիտենական Աստուած՝ որ «Անմերձենալի լոյսի մէջ կը բնակի», որ երկու, չորս եւ վեց թեւ ունեցող հրեշտակներէն կը փառաբանուի, չորս կենդանիներէն եւ քսանչորս երէցներէն կը պաշտուի, որուն երեսէն երկինք եւ երկիր կը փախչին, որուն ներկայութենէն անբան լեռը կը դողայ, երկու միլիոնէ աւելի իսրայէլացիներ, ահ եւ դողի մատնուած, կ՚աղաչէին Մովսէսի, որ Աստուած իրենց հետ չխօսի, որպէսզի չմեռնին։ Այս նոյն Աստուածը, տկար, անուս, երկրագործ եւ մահկանացու մարդու մը հետ երեք հարիւր տարի, ցորեկ եւ գիշեր կը քալէ առանց անոր ձեռքը ձգելու։

Երբեք չըսաւ. «Քանի մը օր, շաբաթ մը, կամ ամիս մը դադար տանք մեր յարաբերութեան, իրար կարօտնանք, ապա դարձեալ շարունակենք…»։ Ան գրած է իրական, անկեղծ եւ բոլորանուէր բարեկա՛մ մը։ Որքան միասին քալէինք, այդքան Աստուծոյ սէրը կը շատնար, մտերմութիւնը կը խորանար եւ բարեկամութիւնը կը հաստատուէր Ենոքին հետ։

Պահ մը մեր երեւակայութիւնը գրգռենք։ Արդեքօ Ենովք ձանձրացա՞ւ կամ յոգնեցա՞ւ Աստուծմէ…։ Երբեք մտքէն անցո՞ւց. «Այս մտերմութիւնը երկայ տեւեց, երանի՜ թէ Աստուած քանի մը օր ձեռք ձգէր, որ լայն շունչ առնէի, քիչ մը ազատութիւնս ունենայ ուզած ատենս պառկելու, ուզած վայրս երթալու, ուզած տեսարաններս դիտելու կամ ախորժած երաժշտական եղանակներուս ունկնդրելու եւ «քիչ մը դրամ շահելու», երեք հարիւր տարի ամէն բանէ զրկուեցայ, Իր ներկայութեան մէջ ուզածիս պէս ազատ համարձակ չեմ կրնար ապրիլ…»։

Ենովք բնաւ երբեք, մտքէն իսկ չանցուց։ Յայտնի էր, որ Ենովքին համար Աստուծոյ ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ աշխարհի բոլոր գանձերէն աւելի թանկագին էր։ 

Անոր ամբողջ ուրախութիւնը, հա-րըստութիւնը եւ հոգեկան վայելքը Աստուած էր։

Ահաւասիկ, ա՛յս է մարդուն իսկական արժէքը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 10, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2026